«Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի կից կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտային մասնագիտական յանձնախումբի նախագահ, Խ. Աբովեանի անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարանի դասախօս Խաչատուր Ստեփանեան Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով «Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծին յայտնեց, որ արդէն առաջին քննարկումները տեղի  ունեցած են, եւ ինչպէս հանրութեան մէջ, նոյնպէս ալ մեր յանձնախուբին մէջ ի յայտ  եկած են տարբեր մտահոգութիւններ:

Ան դիտել տուաւ, որ  յանձնախումբը որոշած է կազմակերպել օրէնքի հանրային քննարկումներ:
«Առաջին քննարկումը տեղի  պիտի ունենայ յառաջիկայ Հինգշաբթի օրը` երեկոյեան ժամը 18:30-ին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնէն ներս»,  ըսաւ Խաչատուր Ստեփանեան, ապա  բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտի մասնագէտներուն ու շահագրգռուող անձերուն` կոչ ուղղեց մասնակցելու նշեալ քննարկումին: