«Թերթ».- ԵՄ դիւանագիտական ծառայութենէն կը հաղորդեն, որ Կիպրոսի ափերուն կատարուած մարզումի աշխատանքներուն պատճառով Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու հարցը վեր պիտի առնուի 14 Հոկտեմբերին արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին:
Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարի եւ եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Ֆետերիքա Մոկերինիի զրոյցէն ետք հրապարակուած է յայտարարութիւն մը:
«Թուրքիա պէտք է ընդունի Կիպրոսի կառավարութեան հրաւէրը եւ նկատի առնէ բացառիկ տնտեսական գօտիներու սահմանազատումը երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու հիման վրայ ` բարեխղճօրէն եւ միջազգային իրաւունքի լիարժէք համապատասխանութեան եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու սկզբունքին համաձայն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Կողմերը քննարկած են պատասխան քայլերու կիրառումը` Թուրքիոյ կողմէն մարզումի աշխատանքները շարունակուելու պարագային:
«Որոշուած է նաեւ, որ հարցը դրուի արտաքին գործոց խորհուրդի յաջորդ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ 14 Հոկտեմբերին Լիւքսեմպուրկի մէջ»:
Նախապէս ԵՄ-ն սպառնացած էր համապատասխան քայլեր սկսիլ Թուրքիոյ դէմ` Կիպրոսի ափերուն չընդհատուող մարզումի աշխատանքներուն հետ կապուած: