Սիրելի՛ս,
 Մեր Առաջին հանդիպումը եղաւ շատ ջերմ ու մտերմիկ: Շատ փոքր էիր, ծայրայեղ խնամքի պէտք ունէիր։ Խնամեցի քեզ, գուրգուրացի եւ դուն օրըստօրէ մեծցար ու զօրացար։
Հիմա կ’ապրինք նոյն երդիքին տակ։ Արդէն հասակ առած ես եւ զօրացած։ Անսահման սիրով եւ ուրախութեամբ կը ներշնչես զիս։ Անպայմանական սէրդ եւ վերաբերմունքդ քեզ վեր կը պահէ իմ ունեցած բոլոր ընկերութիւններէս եւ յարաբերութիւններէս։ Աչքերուդ մէջ նայելուս, կը տեսնեմ եւ կ՛ապրիմ բոլոր զգացումներդ։ Չէ՞ որ ես եմ քու աշխարհդ, չէ՞ որ քու գոյութիւնդ կախեալ է ինձմէ։ Ես ունիմ շատ ու տեսակաւոր ընկերներ, բայց քու միակ ու միակ բարեկամդ ես եմ։
Իմ քնքուշ եւ գթասէր բարեկամ։
Հակառակ անխօս ըլլալուդ, շատ բաներ սորվեցուցիր ինծի։ Սորվեցուցիր հաւատարմութիւնն ու երախտապարտութիւնը, անսահման սէրն ու անշահախնդիր յարաբերութիւնը։
 Շա՜տ շնորհակալ եմ, որ միշտ ու միշտ կը լսես զիս, կը սպիացնես հոգիիս վէրքերը քու եռանդուն եւ գուրգուրոտ շարժումներով:
Մենք հասկցած ենք զիրար։
Շնորհակալութիւն որ ներկայ ես իմ կեանքին մէջ։ Շնորհակալութիւն անսահման սիրոյդ, ազնուութեանդ եւ հաւատարմութեանդ համար։
Շնորհակալ եմ, իմ անուշիկ ընկեր, չէ՞ որ քու միջոցաւ կրնամ իգական սէրին ուշադրութիւնը գրաւել եւ բոլորին հետաքրքրութիւնը արթնցնել՝ քու մասին խօսելով եւ չարաճճիութիւններդ պատմելով։
Իմ միակ եւ անկեղծ բարեկամ։
Իմ սիրուն շնիկ:
Սագօ Պալապանեան