Առա­ւօտ­եան կ’արթն­նաք, կը պատ­րաստ­ուիք աշ­խա­տան­քի մեկ­նե­լու, երե­խան տա­նե­լու ման­կա­պար­տէզ/դպ­րոց, մինչդեռ ան կը հրա­ժա­րի հագ­նիլ դպ­րո­ցա­կան տա­րա­զը եւ դուրս ել­լել տու­նէն: Կը փոր­ձէք երե­խան երաժշ­տա­նոց տանիլ՝ դաշ­նա­մու­րի կամ որե­ւէ այլ նուա­գա­րա­նի դա­սի, իսկ ան յա­մա­ռօ­րէն կը հրա­ժա­րի եր­թա­լէ, չի փա­փա­քիր տնա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը կա­տա­րել եւ այլն: Դուք ամէն գնով կը պայ­քա­րիք ու կը ստի­պէք, որ ան կա­տա­րէ ձեր փափաքնե­րը, որով­հե­տեւ քաջ գի­տէք, որ ան ըմբռ­նող ու տա­ղան­դա­ւոր երե­խայ է, հե­տե­ւա­բար պէտք է կա­տար­եալ ըլ­լայ ամէն բա­նի մէջ:
Բո­լորս ալ մերթ ընդ մերթ բա­խում կ’ու­նե­նանք երե­խա­յին անհ­նա­զան­դու­թեան այս կամ այն դր­սե­ւո­րու­մին հետ: Այս պայ­քա­րին մէջ յա­ճախ չենք կր­նար կողմ­նո­րոշ­ուիլ՝ ի՞նչ ընել՝ տե­ղի տա՞լ երե­խա­յին փա­փա­քին, թէ՞ պն­դել մեր ըսա­ծը: Կեան­քի արա­գըն­թաց կշ­ռոյ­թը, եր­բեմն նոյ­նիսկ ձեր ժա­մա­նա­կին նեղ ըլ­լա­լը չեն թո­ղուր, որ եր­կար ատեն զրու­ցէք ու երե­խա­յին հետ մի­աս­նա­բար լու­ծում­ներ գտ­նէք:
Ին­չո՞ւ երե­խա­յէն հնա­զան­դու­թիւն կ’ակն­կա­լէք։
Եր­բեմն մենք կը փոր­ձենք մեր կամ­քը թե­լադ­րել երե­խա­նե­րուն՝ առանց մտա­ծե­լու, թէ այդ մէ­կը մե՞զ կը նպաս­տէ, թէ երեխա­յին: Երեք դգալ աւե­լի ճաշ ու­տել (Աստ­ուած մի առաս­ցէ անօ­թու­թե­նէն չտ­կա­րա­նայ մեր փոք­րի­կը), արագ չվա­զել, որ չ’իյ­նայ (եթէ՞ ոտ­քը կոտ­րի), ժա­մե­րով ջու­թակ նուա­գե­լու փորձ ընել՝ սա­հուն ար­տա­բե­րե­լու հա­մար (երաժշ­տա­կան կր­թու­թիւն ու­նե­նա­լը շատ կա­րե­ւոր է) կամ քա­ջա­լե­րել զինք միայն այն պա­րա­գա­յին, երբ ան ըն­դուն­ուի բժշ­կա­կան համալ­սա­րան, ոչ թէ իր նա­խընտ­րած գե­ղար­ուես­տի բա­ժի­նը (քա­նի՞ բժիշկ կը ճանչ­նաք, որ լաւ աշ­խա­տանք ու­նի եւ քանի՞ ար­ուես­տա­գէտ որ քիչ դրամ կը վաստ­կի): Այս բո­լո­րը մտա­ծե­լով դուք ոչ թէ երե­խա­յին կա­րիք­նե­րուն գո­հա­ցում տալ կը փոր­ձէք, այլ ծնո­ղա­կան ձեր թա­քուն ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն: Յան­կարծ մեր բա­րե­կամ­նե­րը չմ­տա­ծեն, թէ մենք վատ ծնողք ենք, որով­հե­տեւ մեր երե­խան նի­հար է, միւս կող­մէ ալ հպար­տա­նանք, որ մեր որ­դին բժիշկ պի­տի ըլլայ կամ բո­լո­րին զա­ւակ­նե­րուն նման ձեր զա­ւակն ալ ան­պայ­ման երաժշ­տա­կան գոր­ծիք մը նուա­գէ:
Ան­կեղծ եղէք դուք ձե­զի հետ եւ կը տես­նէք, որ շատ մը հար­ցե­րու մէջ այ­լեւս կա­րիք չկայ հնա­զան­դու­թիւն պա­հան­ջել երե­խա­յէն:
Ու­րեմն.
Պահ­պա­նե­ցէ՛ք հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնը ձեր եւ երե­խա­յին փա­փաք­նե­րուն մի­ջեւ:
Զանց առէ՛ք երե­խան հնա­զանդ դարձ­նե­լու պար­տադ­րան­քը:
Կի­րար­կե­ցէ՛ք լծակ­ներ, որ­պէս­զի երե­խան ձե­զի ականջ տայ առա­ջին իսկ վայրկ­եա­նէն:
Ո՛չ խիստ եղէք, ոչ ալ թու­լա­մորթ:
Օրի­նակ՝ երբ տուն մտ­նէք եւ փա­փա­քիք, որ երե­խան հա­նէ կօ­շիկ­նե­րը: Միայն մէկ ան­գամ ըսէք իրեն այդ մէ­կը: Ձեր ըսածը աւե­լի մեծ ազ­դե­ցու­թիւն կ’ու­նե­նայ, եթէ խօ­սիք՝ նա­յե­լով երե­խա­յին աչ­քե­րուն մէջ, ոչ թէ հեռ­ուէն պո­ռա­լով: Առանց այս քայ­լին, շատ դժ­ուար է երե­խա­յին բան մը հասկց­նել, քա­նի որ ան տար­ուած է իր միտ­քե­րով: Ուս­տի ի սկզբանէ անոր ու­շադ­րու­թիւնը գրա­ւե­լու հա­մար, առն­ուազն անոր տե­սա­դաշ­տին մէջ պի­տի ըլ­լաք:
Եթէ կը նա­յիք անոր աչ­քե­րուն, բան մը կ’ըսէք, եւ ան ձեր ըսա­ծը չի գոր­ծադ­րեր, անհ­րա­ժեշտ է անց­նիլ երկ­րորդ քայ­լին՝ առանց կրկ­նե­լու այն, ինչ ըսած էք: Այ­սինքն՝ անց­նիլ գոր­ծո­ղու­թեան: Կօ­շիկ­նե­րու պա­րա­գա­յին, կր­նայ լաւ օրի­նակ ըլ­լալ այն, որ դուք մօ­տե­նաք եւ հա­նէք երե­խա­յին կօ­շիկ­նե­րը: Ձեր կա­տա­րած գոր­ծո­ղու­թեան մա­սին բարձ­րա­ձայն հե­տեւ­եա­լը յայտ­նե­լով՝ «հի­մա մի­ա­սին կը հա­նենք կօ­շիկ­նե­րը»: Եւ այս­պէս ամէն ան­գամ, բո­լոր նմա­նա­տիպ իրա­վի­ճակ­նե­րուն մէջ:
Երբ երե­խան կը հրա­ժա­րի առա­ջին ան­գա­մէն ձեր թե­լադ­րա­ծը կա­տա­րել, յա­ջորդ քայ­լը պի­տի ըլ­լայ որե­ւէ լծակ կի­րա­ռե­լը՝ որ­պէս­զի ան ան­մի­ջա­պէս կա­տա­րէ մեր փափաքած գոր­ծո­ղու­թիւնը:
Ի՞նչ կը հաս­կա­նանք լծակ ըսե­լով՝ որե­ւէ գոր­ծո­ղու­թիւն, որուն հե­տե­ւան­քով երե­խան կը կա­տա­րէ ձեր հրա­հան­գը: Քիչ մը հնա­րամ­տու­թիւն եւ դուք կը հաս­նիք ձեր ու­զա­ծին: Կամ օրի­նակ, կր­նաք յա­մա­ռօ­րէն կանգ­նիլ երե­խա­յին կող­քին եւ սպա­սել, մին­չեւ որ ան տե­ղէն շար­ժի:
Փա­փա­քե­լի չէ պա­տի­ժը կամ սպառ­նա­լի­քը որ­պէս լծակ կի­րա­ռե­լը: Պա­տի­ժը կ’են­թադ­րէ ծանր յան­ցանք, իսկ սպառնական ոճով խօ­սի­լը սխալ հե­տե­ւանք­նե­րու կ’առաջ­նոր­դէ երե­խան:
Միշտ պէտք է պահ­պա­նել հան­դար­տու­թիւնը եւ վս­տահ ըլ­լալ, որ երե­խան պի­տի գոր­ծադ­րէ ձեր ըսա­ծը եթէ ճկունութեամբ վար­ուիք իրեն հետ:
Եթէ գոր­ծե­րով ծան­րա­բեռն­ուած էք ու ժա­մա­նակ չու­նիք յատ­կաց­նե­լու անոր, սպա­սե­ցէ՛ք մին­չեւ յար­մար առի­թը յայտնուի, կամ ալ մին­չեւ որ երե­խան կա­մա­ւոր կեր­պով իրա­գոր­ծէ ձեր ըսա­ծը: Այս­պի­սով, դուք կը խու­սա­փիք երե­խա­յին բա­ցա­սա­կան հա­կազ­դե­ցու­թե­նէն:
Եզ­րա­կա­ցու­թիւն. եթէ օր­ուան ըն­թաց­քին ձեր կամ­քը ամէն հար­ցով չթե­լադ­րէք երե­խա­յին, անոր ազա­տու­թիւն տաք, կիրա­ռէք զինք հաս- կ­նա­լու խա­ղա­թուղ­թը, թե­լադ­րէք միայն մէկ ան­գամ եւ հե­տե­ւիք անոր մին­չեւ որ կա­տա­րէ ձեր ըսածը, ձեր երե­խան կր­նաք դարձ­նել ե՛ւ ունկնդ­րող, ե՛ւ ու­ժեղ կամ­քով օժտ­ուած երե­խայ: