Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի «Արցախ» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը այս անգամ առողջապահական զրոյցի մը շուրջ համախմբած էր տեղւոյն հայութիւնը:

Կիրակի, 29 Սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 5։30-ին, Գամիշլիի «Խորէնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ բժշկական դասախօսութիւն-զրոյց մը՝ «Գլխացաւն ու Ողնաշարի Ցաւերը» նիւթին շուրջ, կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի «Արցախ» Մասնաճիւղի Վարչութեան:

Դասախօսն էր Գերմանիայէն ժամանած գամիշլիահայ  բժիշկ Հրակ Սարգիսեան, որ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի պետական համալսարանի բժշկական ճիւղը աւարտելէ ետք մասնագիտութիւնը շարունակած էր Դամասկոսի համալսարանի ջիղերու վիրաբուժութեան բաժինէն ներս, ապա  բարձր գնահատականով իր մասնագիտական վկայականը ստանալէ ետք, 2014-ին մեկնած էր Գերմանիա եւ հոն յաճախած Monster համալսարանը եւ աշխատած St.Barbara հիւանդանոցը: 2018-ին կը հաստատուի իր մասնագիտութիւնը որպէս ջիղերու վիրաբուժ:  Ներկայիս ան մաս կը կազմէ Գերմանիոյ Ջիղերու Վիրաբուժներու Ընկերակցութեան՝ DGNC, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ Ողնաշարի Վիրաբուժներու Ընկերակցութեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Լուսին Յովհաննէսեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց օրուան դասախօսը: Արաբերէն խօսքով բժշկհ. Մարի Մելքոն-Պետրոսեան ներկայացուց  դասախօսութեան գլխաւոր նիւթը:

Դասախօսութիւնը կեդրոնացաւ գլխացաւի շուրջ, որպէս հիւանդութիւն կամ որպէս գլխաւոր ախտանշան լուրջ հիւանդութիւններու: Ապա բժիշկը բացատրեց ողնաշարի ցաւերուն պատճառները, բուժման զանազան միջոցները, ինչպէս նաեւ արդիականացած կեանքի մէջ համակարգիչին ու այսօրուան նստակեաց կեանքին ազդեցութիւնը գլխացաւին եւ ողնաշարի ցաւերուն յառաջացման մէջ:

Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ դասախօսութիւնը ունկնդրելէ ետք, բժիշկին ուղղեցին իրենց հարցումները եւ համապատասխան լուսաբանութիւններ ստացան:

Այնուհետեւ ՍՕԽ-ի Արցախ Մասնաճիւղի վարչութիւնը յուշանուէրով պատուեց իր հիւրը:

 

Բժշկհ. Մարի Մելքոն