Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2019-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան աբեղայական ձեռնադրութիւնը եւ օծումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութան Դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Բարշ. Ճորճ Սրկ. Պրիխանեանին՝ զինք վերանուանելով Տ. Մանուկ աբեղայ։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւանդութեան համաձայն, միաբանութեան կապուած բոլոր ձեռնադրութիւնները եւ վարդապետական յատուկ աստիճանի տուչութիւնները կը կատարուին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Այս պարագային, նկատի առնելով կարգ մը իւրայատուկ պայմաններ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին բարձր արտօնութեամբ, աբեղայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը կատարուեցաւ Հալէպի պատմական Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Յայտնենք, որ նորընծայ Մանուկ աբեղան Դպրեվանքի ընծայարանի բաժինը աւարատած էր Յունիս ամսուն եւ իր դասընկերները արդէն իսկ աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած էին՝ վերակոչուելով Տ. Սարգիս, Տ. Գէորգ եւ Տ. Յակոբ աբեղաներ։

Ձեռնադրութեան խարտաւիլակն էր Դպրեվանքի հսկիչներէն Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան։ Մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, Շաբաթ երեկոյեան կատարուեցաւ Կոչման Արարողութիւնը, իսկ այս առաւօտ՝ ձեռնադրութիւնն ու օծումը, իբրեւ կնքահայր ունենալով Տէր եւ Տիկին Սարգիս Կիրակոսեան։ Ձեռնադրութեան ներկայ էին թեմի Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը։

Նորընծայ հայր սուրբը իր քառասնօրեայ պահեցողութեան ու հոգեմտաւոր պատրաստութեան շրջանը պիտի անցընէ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ եւ ապա, ընդառաջելով թեմի փափաքին, Վեհափառ Հայրապետին արտօնութեամբ պիտի ծառայէ թեմէն ներս, իբրեւ առաջնորդի օգնական, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ կրօնի դասատու եւ Դպրեվանքի ներկայացուցիչ։