«Անթիլիաս».-Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ժընեւի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեանի եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին միջեւ։
Հանդիպումէն ետք Վեհափառ Հայրապետը ճաշի հիւրը եղաւ նախագահ Սարգիսեանին։