«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ կողմէն Սուրիոյ հիւսիսը` Եփրատի արեւելեան գօտիին մէջ իրականացուելիք զինուորական գործողութիւններու լոյսին տակ Եւրոմիութիւնը (այսուհետեւ՝ ԵՄ) Անգարային կոչ ուղղած է հեռու մնալ զինուորական գործողութիւններու հարցեր լուծելէն:
Մամուլի ասուլիսի ընթացքին թեմային անդրադարձած է ԵՄ խօսնակ Մայա Քոսիյանչիչ ըսելով. «Եւրոմիութիւնը, հասկնալով հանդերձ Թուրքիոյ օրինական անվտանգային մտահոգութիւնները, կը յայտարարէ, որ սուրիական ճգնաժամը պէտք է լուծուի ոչ թէ ռազմական, այլ քաղաքական ճանապարհով»:
Ըստ ԵՄ-ի պաշտօնեային, Սուրիոյ հիւսիսարեւելքը բռնկուելիք ռազմական գործողութիւնները վնաս պիտի հասցնեն ոչ միայն տեղւոյն խաղաղ բնակչութեան, այլեւ ԵՄ-ի աջակցութեամբ հոն իրականացուող քաղաքացիական նախաձեռնութիւններուն:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ այն յայտարարութիւններուն, թէ ռազմական գործողութիւններէն ետք սուրիացի փախստականները պէտք է բնակեցուին այդ տարածքներուն վրայ ըսած է. «Մենք կը կարծենք, որ Սուրիոյ մէջ առանց քաղաքական լուծում ապահովելու անհնար է փախստականները ետ ուղարկելու համար պայմաններ ստեղծել»:
Քոսիյանչիչ տեղեկացուցած է, որ Սուրիոյ հարցը պիտի քննարկուի նաեւ յաջորդ շաբաթ տեղի ունենալիք արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստի ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ նախապէս տեղի ունեցած Էրտողան-Թրամփ հեռաձայնային զրոյցէն ետք ի յայտ եկած է, որ ամերիկեան զինուած ստորաբաժանումները կը լքեն Սուրիոյ Եփրատ գետի արեւելեան հատուածը, ուր Թուրքիան յառաջիկային պիտի պատրաստուի զինուորական գործողութիւններ սկսիլ քիւրտերուն դէմ: