«Երկիր».-Երեւանի պետական համալսարանէն ներս Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի միատեղ նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած է Մուշեղ Իշխանի նուիրուած միջազգային գիտաժողովը:

Գիտաժողովի բացման մասնակցած են ԵՊՀ վարիչ Գ. Գէորգեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Ն. Խաչատուրեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ռ. Առաքելեան, շարք մը հանրածանօթ գիտնականներ, գրականագէտներ, Լիբանանէն հիւրեր, ինչպէս նաեւ Մուշեղ Իշխանի աշակերտներ, Երեւանի համալսարանի ուսանողներ եւ այլք: