Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովին, Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս տեղի ունեցաւ թեմիս քահանայից դասէն Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեանի «Վարք Քահանայից» 2005-2012 գիրքին Ա. եւ Բ. հատորներուն շնորհանդէսը:
Շնորհանդէսին իրենց ներկայութիւնը բերած էին Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ.Մասիս Եպս. Զօպուեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ գնդ.Արկատի Տօնոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ.Վարչութեան ներկայացուցիչներ, Կրօնական Ժողովի անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հալէպահայ գրասէր ընտրանի մը:
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տ.Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան, որ ըսաւ.
«Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին ուղիղ հաւատքի գաղափարը կը մարմնաւորէ, անոր տարածիչն է, միաժամանակ ազգապահպանման անխորտակելի վէմ է: Ուստի հայ եկեղեցականը լոկ ծիսակատար մը չէ: Անոր կեանքը չի սահմանափակուիր ծուխով կամ արարողական կեանքով: Ահա թէ ինչո՛ւ հայ եկեղեցականը յանձն կևառնէ քարոզչական, վարչական եւ յարաբերական պաշտօններ, ինչպէս նաեւ հրատարակչական գործունէութիւններ կատարել»: Ապա Տէր հայրը գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ թեմիս ամուսնացեալ քահանաները գրիչ շարժեցին, գրականութիւն մշակեցին եւ յիշեցին դէպքեր, դէմքեր, բարեպաշտական աւանդութիւններ եւ դաստիարակիչ դրուագներ՝ կորուստէ փրկելով զանոնք: Այս աշխատանքին շնորհիւ մեր գրադարանները առաւել եւս հարստացան:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ թեմիս քահանաներէն Արժ.Տ.Մաշտոց Քհնյ. Արապաթլեան, որ ներկաները ողջունելէ ետք դիտել տուաւ թէ՝ «Մեր գաղութին մէջ ունեցած ենք բազում արժէքներ, որոնց վրայ լոյս չէ սփռուած: Երբեմն անգիտակցաբար դրսեւորուած անտարբերութիւնը, երբեմն ալ դիտաւորեալ անտեսումը շուքի մէջ պահած են շատ մը արժէքներ»: Տէր Մաշտոց աւելցուց. «Որեւէ գործի յաջողութիւնը երկու հիմնակէտ կÿենթադրէ՝ համբերութիւն եւ կամքի տոկունութիւն: Տէր Յուսիկի սոյն գիրքերուն հրատարակութեան առիթը գրող մը դառնալու ելակէտը չէր: Ան, ի պատիւ մեր գաղութին եւ թեմիս քահանայից դասուն, նոր աւիւնով եկաւ քահանաներուն հանդէպ եղած կարծիքը շրջելու: Տէր Յուսիկը իր գիրքին մէջ վեր առաւ քահանային ժողովուրդին կեանքին հետ լիախառնումը, զայն առաջնորդելու հեռատեսութիւնը»:
Գեղարուեստական յայտագիրը յատուկ երանգ մը տուաւ երեկոյթին: Աննա Սաղպազարեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Վ. Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» խորախորհուրդ քերթուածը:
«Վարք Քահանայից» գիրքի հատորներուն հրատարակութեան առիթով իր տպաւորութիւններն ու խոհերը հրամցուց Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Գրիգոր Տունկեան, ու յայտնեց. «Սովորական գրական երկի մը գինեձօնը չէ որ կը կատարենք: Այսօր նախախնամական տրամաբանութիւն մը գոյութիւն ունի: Այսօրուան գինեձօնը երաշխիքն է վերականգնումի համայնական գործընթացին: Արժանապատիւ Տէր Հօր կատարած աշխատանքը այս երկու հատորներով եւ իր տքնաջան աշխատանքով մեր թեմի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներուն յիշողութիւնը կը թարմացնէ եւ կամքը կÿամրապնդէ, որպէսզի յառաջիկայ տասնամեակներուն համար նոր հորիզոններ նուաճելու առիթ ընծայուի: 1800-ական թուականներէն սկսեալ, այս թեմին հետ ծաղկած աւելի քան ութը տասնեակ քահանայ հայրերուն կեանքին եւ գործունէութեան ամփոփումն ու փաստագրումը կատարող այս հատորը մեր բոլորին սրտին խօսող եւ քիչ մը մեզմէ իւրաքանչիւրէն բան մը ունեցող թեմին ապրող ու շնչող պատմութիւնն է»:
Յետ արտասանուած խօսքերուն, Սագօ Աւագեան ջութակով նուագեց Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն հոյլ մը:
Այս առիթով, մտաւորական Լեւոն Շառոյեան արտասանեց իր ողջոյնի խօսքը: Շառոյեան 2005-ին, գիրքին հրատարակութենէն անմիջապէս ետք, «Ազդակ» բացառիկին մէջ գիրքին նուիրուած գրախօսականի վերջաբանին մէջ կատարած իր հաստատումը վերյիշեց. «Իր ամբողջութեան մէջ, թէ՛ իբրեւ գաղափար եւ թէ՛ իրագործում «Վարք Քահանայից»ը ողջունելի եւ մեծապէս գնահատելի հրատարակութիւն մըն է: Անիկա պատուաբեր է նաեւ Հալէպի համար, որ այսպիսով սփիւռքահայ ճակատին վրայ առաջին նախաձեռնողը կÿըլլայ քահանաներու վարքագրութեան՝ մոռացումէ փրկելով մեր եկեղեցւոյ խոնարհ սպասաւորներուն յիշատակները»: Շառոյեան անդրադարձաւ արժանապատիւ քահանայ հօր քսանհինգ տարիներու կրթական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ քառասունվեց տարիներու քահանայական վաստակին՝ դիտել տալով, որ քահանայ հօր գրական վաստակն է, որ պատմութեան մէջ իր անունը անմոռանալի պիտի դարձնէ: «Եկեղեցական մը, որքան ալ հիանալի, բազմութիւնները խանդավառող, գեղահիւս քարոզներ խօսի, որքան ալ իր կոչումին համապատասխան նուիրեալ ծառայութիւն մը բերէ իր հօտին, այնուամենայնիւ այդ բոլորը դատապարտուած են թաւալող ժամանակին հետ մոռացութեան մատնուելու: Միայն գիրն է եւ յատկապէս տպագիր գիրն է, որ կը մնայ եւ պատմութեան փոշիներուն կրնայ դիմադրել», շեշտեց ան: Եզրափակելով Շառոյեան անդրադարձաւ Տէր հօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանք մուտք գործելու յիսուն ամեակին, անոր մաղթելով արեւշատութիւն եւ անամպ տարիներ:
Որպէս երախտիքի արտայայտութիւն ելոյթ ունեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ Դպրաց Դասը, մեկնաբանելով Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ «Որք Զարդարեցին», «Աշակերտք Քրիստոսի» եւ «Ճաշու ԳՁ» աստուածախօս եւ աղօթաբոյր շարականները, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրապետ Սարգիս Իսկէնեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Սօսի Սահակեան-Փիլաւճեանի:
«Վարք Քահանայից»ի հատորներուն մէջ արձանագրուած կենսագրականներէն պատառիկներ ընթերցեցին Լիլիթ Տօլմողլեան-Փայասեան՝ լուսահոգի Տ. Յարութիւն Քհնյ. Եսայեանի մասին եւ Անի Թօփալեան-Սարուխան՝ լուսահոգի Տ. Բաբգէն Քհնյ. Յակոբեանի մասին:

Այնուհետեւ գիրքին հեղինակը՝ վաստակաշատ Տէր Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեան իր երախտագիտական ջերմ խօսքը ուղղեց յատկապէս Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ.Մասիս Եպս. Զօպուեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց բաժինը բերին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան: Ան անդրադարձաւ նաեւ հատորի հրատարակման համար տարուած բազմածաւալ աշխատանքներուն եւ իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Սրբազան Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեան, որ վեր առաւ հրատարակութիւններուն արժէքն ու քահանայ հօր գրականութեան հանդէպ ունեցած սէրը: Սրբազան Հայրը ըսաւ.«Տէր Յուսիկին տունը վերածուած էր գիրքերու մատենադարանի: Ան գրելէ առաջ կարդաց, սիրեց դպրեվանքը՝ իր հոգեւոր ծննդավայրը, եւ այս արժանիքները իր գաղութին ծառայեցուց: Այսօր, սոյն հատորներուն ընդմէջէն մեր գաղութի սպասաւորներուն հոգին շնչեց ու տողանցեց: Տէր հօր կատարած այս շնորհակալ գործը՝ պատմութեան արձանագրութիւնը, թեմիս քահանայից դասուն աշխատանքը խաւարէն փրկեց՝ զայն յանձնելով պատմութեան եւ գրասէր ընտրանիին»:

Ապա Սրբազան Հայրը լանջախաչով մը պարգեւատրեց Տ.Յուսիկ Ա.Քհն. Սեդրակեանը՝ իր անխոնջ նուիրումին ու բոլորանուէր ծառայութեան համար:

Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան