«Երկիր».-ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 8 Հոկտեմբերին ընդունած է Հայաստանի Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) պատուիրակութեան ղեկավար Քլեր Մեյթրոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանական կողմէն անազատութեան մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիներ Կարէն Ղազարեանի եւ Արայիկ Ղազարեանի ճակատագրերը, այս առնչութեամբ կարեւոր համարուած է Երեւանի եւ Պաքուի ԿԽՄԿ գրասենեակներուն համակարգուած գործունէութիւնը` անոնց հետ կանոնաւոր տեսակցութիւններու եւ ընտանիքներու հետ կապ հաստատելու նպատակով: ՀՀ գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուած անձերու հարցերով զբաղող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նախագահ Դաւիթ Տօնոյեան յատկապէս արժեւորած է ՀՀ քաղաքացիներու անազատութեան մէջ գտնուելու հարցին վերջնական հանգուցալուծման եւ անոնց շուտափոյթ հայրենադարձութեան նպատակով Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի հետ փոխգործակցութեան եւ միատեղ ջանքերու նշանակութիւնը:
Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով անյայտ կորսուած անձերու ճակատագրերը պարզող հարցեր, ՀՀ գերիներու, պատանդներու, անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովի եւ ԿԽՄԿ-ի կողմէն իրականացուող աշխատանքներու համակարգման առնչուող այլ հարցեր: