«Արմէնփրէս».-Աշխարհահռչակ հայազգի գործիչներ` «Reddit» կայքի եւ «Initialized Capital» շահադիտական ընկերութեան համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան, «System of a Down» խումբի մենակատար Սերժ Թանկեան, «Խոստումը» ֆիլմի արտահան Էրիկ Իսրայէլեան, «Synopsys» ընկերութեան հայկական մասնաճիւղի նախագահ Երուանդ Զօրեան մշակած են գաղափար` ստեղծելու նոր առցանց հարթակ` «High connect» անուանումով, որ ողջ աշխարհի հայերը իրարու կը կապէ: Գաղափարի հեղինակները այս մասին յայտնեցին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Տեղեկատուական ճարտարագիտական համաշխարհային համաժողովի մամլոյ ասուլիսին: