«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր, քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավար Կուսակցութեան (HDP-ԺԴԿ) անդամ Կարօ Փայլան Twiiter-ի վրայ անդրադարձած է Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ քիւրտերու դէմ իրականացուելիք զինուորական գործողութիւններուն: Փայլանի գրառումը` ստորեւ.
«Երկիրը խաղալիք դարձուցած էք Թրամփի ու Փութինի ձեռքը:
Բայց եթէ հաշտուինք ու յառաջ ընթանանք ժողովրդավարութեամբ, այս իրավիճակէն կը ձերբազատինք:
Եթէ պատերազմինք, բոլորս տանուլ պիտի տանք: Եթէ հաշտուինք, բոլորս պիտի շահինք»:
Յիշեցնենք, որ 6 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցէն վերջ ի յայտ եկած էր, որ ամերիկեան զինեալ ստորաբաժանումները կը լքեն Սուրիոյ Եփրատ գետի արեւելեան հատուածը, ուր Թուրքիան յառաջիկային պիտի պատրաստուի զինուորական գործողութիւններ սկսելու քիւրտերու դէմ: 8 Հոկտեմբերին, արդէն յայտարարուեցաւ թրքական առաջին ստորաբաժանումներու կողմէն թուրք-սուրիական սահմանը հատելու մասին: