Ալճերիա զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ պետութեան եւ շեշտեց երկրին գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման կարեւորութիւնը։

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Պարհամ Սալեհ յայտնեց, որ թրքական յաձակումները քաղաքական վտանգաւոր լարուածութիւն պիտի յառաջացնեն։

Իր կարգին, Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ որ Սուրիոյ դէմ իրագործուած յարձակումները տեղւոյն բնակչութիւնը ջարդի եւ տեղահանութեան պիտի ենթարկեն։

Միւս կողմէ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաս, Իտալիոյ վարչապետ Ճոզէփի Քոնթի, Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Սթիւ Պլոք եւ Դանիոյ վարչապետ Միթ Ֆրէտրիքսըն խստիւ դատապարտեցին սուրիական հողերուն ուղղութեամբ տեղի ունեցող թրքական յարձակումները։