Երաժշտագէտ, երգահան, հայկական ժողովրդական եւ հոգեւոր երգեր մշակող, խմբավար ու մանկավարժ, ժամանակակից հայկական դասական երաժշտութեան հիմնադիր, մեծն երաժիշտ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով լուսարձակի տակ կ’առնենք անոր կեանքն ու գործունէութիւնը։
Փոքրիկն Սողոմոն Սողոմոնեան ծնած է թրքախօս հայ ընտանիքի մը մէջ 26 Սեպտեմբեր 1969-ին, Փոքր Ասիոյ Կուտինա (Քէոթա- հիա) քաղաքին մէջ: Հայրը Գէորգ Սողոմոնեան արհեստով կօշկակար, յաճախ երգեր կը յօրինէր: Մայրը՝ Թագուհի Յովհաննիսեան, նոյնպէս քաղցրաձայն էր: Մէկ տարեկան չեղած փոքրիկ Սողոմոնը կը կորսնցընէ իր մայրը եւ կը խնամուի հայրական մեծ մօր կողմէ։
Ուսումը կը ստանայ Կուտինայի քառամեայ վարժարանէն ներս եւ յաջողութեամբ կ’աւարտէ զայն: 1880-ին հայրը զինք կ’ուղարկէ Պրուսա ուսանելու, սակայն առաջին տարին չամբողջացած կը ստիպուի վերադառնալ հայրենիք իր հօր մա-հուան պատճառով:11 տարեկան պատանին որբ կը մնայ, հոգեպէս խոցելի եւ գրեթէ անօթեւան վիճակի մէջ:
1881-ին Քէոթահիայի վանահայր Գէորգ Վրդ. Դերձակեան պիտի մեկնէր Էջմիածին եպիսկոպոս ձեռնադրուելու համար: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Դ.-ի կարգադրութեամբ վարդապետը իր հետ Էջմիածին պէտք էր տանէր լաւ ձայն ունեցող որբ երեխայ մը՝ հոգեւոր ճեմարանին մէջ ուսանելու համար: Քսան երեխաներէն բախտը կը վիճակուի փոքրիկ Սողոմոնին, որ թրքերէն կը խօսէր, բայց մայրենի լեզուով միայն երգել գիտէր: Սողոմոնի շրթներէն հնչած շարականը կը ցնցէ կաթողիկոսը, որ առանց վարանելու զինք կ’ընդունի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարան, ուր որբ պատանին կը գտնէ հոգեւոր խաղաղութիւն եւ կարճ ժամանակի մէջ յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները կատարելապէս կը տիրապետէ հայերէն լեզուին: 1890-ին ան կը ձեռնադրուի աւագ սարկաւագ, իսկ 1893-ին աւարտելով Ճեմարանը աբեղայ կը ձեռնադրուի եւ Խրիմեան Հայրիկի առաջարկով կը ստանայ 7-րդ դարու հռչակաւոր շարականագիր Կոմիտաս կաթողիկոսին անունը: Նոյն տարին Ճեմարանի մէջ կը նշանակուի երաժշտութեան ուսուցիչ փոխարինելով Կարա-Մուրզան: Մանկավարժութեան կողքին ան կը կազմակերպէ երգեցիկ խումբ, ժողովրդական գործիքներու նուագախումբ, կը մշակէ ժողովրդական երգեր եւ կը գրէ հայ եկեղեցւոյ երաժշտութեան մասին իր առաջին ուսումնասիրութիւնները։
Ան կը թափառի գիւղէ գիւղ եւ ամենայն համբերութեամբ կը հաւաքէ, գրի կ’առնէ հարիւրաւոր երգեր, պարեղանակներ եւ կը սկսի ձայնագրել բարդ ու դժուարին եղանակներ։
26 Փետրուար 1895-ին հայր Կոմիտասին կը տրուի վարդապետի աստիճան կը դառայ Ս. Էջմիածինի միաբան: Ուսումը շարունակելու նպատակով կը մեկնի Թիֆլիս, ուր կ’աշակերտէ երաժշտագէտ Մակար Եկմալեանին, ստանալով տեսական եւ գործնական գիտելիքներ:
Կոմիտաս կը փորձէ խորանալ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւ վեր բարձրացնել հայկական երաժշտութեան իսկական արժէքը: Ան կը մտատանջուի հայկական հին խազագրութեան գաղտնիքով, աշխատանք կը տանի անոր բանալին փնտռելու, գտնելու եւ հայ երաժշտութեան մշակոյթի նիւթերը վերականգնելու:
1896-ին Խրիմեան Հայրիկի միջնորդութեամբ եւ բարեգործ Ալեքսանտր Մանթաշեանի հովանաւորութեամբ կը մեկնի Պերլին, ուսանելու Ռիխարդ Շմիտդի երաժշտանոցին մէջ, ապա կ’ընդունուի Հումպոլտդի համալսարանը: 1899-ին յաջողութեամբ կ’աւարտէ համալսարանի երաժշտափիլիսոփայութեան պատմութեան բաժինը, աւարտական աշխատանքի որպէս նիւթ ընտրելով «Քրտական Երաժշտութիւնը»։ Այս պատճառով ան հայ ժողովուրդի երաժշտութեան կողքին, քաջատեղեակ էր արեւելքի այլ ժողովուրդներու երաժշտութեան եւս: Նոյն տարին կը դառնայ Միջազգային Երաժշտական Ընկերութեան անդամ: Այս մէկը առիթ կը հանդիսանայ ժողովրդական երաժշտութեան մասին դասախօսութիւներով հանդէս գալու եւ օտարներուն հայկական երաժշտութեան արժէքը ներկայացնելու։
Դասախօսութիւններով ելոյթ կ’ունենայ Եւրոպայի քաղաքներուն մէջ՝ Պերլինի, Փարիզի, Ցիւրիխի, Ժընեւի, Լոզանի, Վենետիկի եւ այլուր: Կոմիտասը իր ելոյթներով կը հիացնէ ժամանակի հռչակաւոր երաժիշտները, երաժշտագէտները եւ քննադատները: Վարդապետի փարիզեան համերգէն ետք ֆրանսացի հանրայայտ խմբավար Քլոտ Տեպիւսի ծունկի գալով կը համբուրէ վարդապետին աջը ու կ’ըսէ. «Հանճարեղ Հայր Կոմիտաս, կը խոնարհիմ ձեր երաժշտական հանճարին առջեւ»։
Եւրոպական երաժշտութեան եւ փիլիսոփայական մտքի հարուստ պաշարով կը վերադառնայ հայրենիք եւ ազգային մշակոյթի եւ երաժշտութեան կրթութեան ասպարէզներուն մէջ յեղափոխութիւն կը գործէ: Նախ ճեմարանի մէջ արմատական կերպով կը փոխէ երաժշտութեան ուսուցման ծրագիրը: Կը ստեղծէ ոչ մեծ նուագախումբ մը, բարձր մակարդակի կը հասցնէ քառաձայն երգչախումբի կատարողութիւնը՝ զանազան համերգներ տալով Թիֆլիսի, Պաքուի, Զուիցե-րիոյ քաղաքներուն եւ Վենետիկի մէջ, փաստելով որ հայ ժողովուրդը ունի իր ինքնուրոյն երաժշտութիւնը, որուն արմատները սկիզբ առած են պատմական հարուստ անցեալէն:
Կոմիտաս կը խորհի մեծածաւալ երաժշտական ստեղծագործութիւններու մասին եւ կը սկսի Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ»ը օփերայի վերածել, ապա՝ «Սասնայ Ծռեր»ը: Հոգեւոր երաժշտութեան բնագաւառէն ներս անոր գլուխ գործոցն է Սուրբ Պատարագը:
1910-ին կը մեկնի Պոլիս, ուր կը ստեղծէ 300 անդամներէ բաղկացած «Գուսան» երգչախումբը:
1915-ին շուրջ 600 ձերբակա- լուած հայ մտաւորականներու հետ կ’աքսորուի Անատոլիա: Թէեւ եւրոպական եւ ամերիկեան դեսպաններու միջնորդութեամբ կը վերադառնայ Պոլիս, սակայն ապրած արհաւիրքին հետեւանքով կը կորսնցնէ հոգեկան հաւասարա- կշռութիւնը: Զինք կը տեղափոխեն Շիշլիի հիւանդանոց, ապա Փարիզի Վիլ-Էւրար եւ Վիլ-Ժուիֆի հոգեբուժարան: 20 տարի տառապելէ ետք հոգին կ’աւանդէ 22 Հոկտեմբեր 1935-ին: Վարդապետին աճիւնները կը փոխադրուին Երեւան 1936-ին եւ կը տեղադրուին մշակութային գործիչներու պանթէոնին մէջ, որ հետագային Կոմի- տասի անունով կը կոչուի:
ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ ԿԵՆՍՈՒՐԱԽ ԱՌՕՐԵԱՆ
 Ուսուցիչներու շրջանակը շաբաթը երկու անգամ կը հաւաքուէր ընկերներէն մէկուն տան մէջ, ուր Կոմիտաս ամէնէն կենսուրախը կ’ըլլար: Հաւաքներուն նարտի կը խաղային: Երբ Կոմիտաս յաղթէր, կը պոռար. «Դէ՛, գնա՛, պապայիդ բարեւ արա», իսկ երբ պարտուէր՝ վեր կը թռչէր, կ’երթար երեխաներուն հետ վազվզելու:
Օր մը, խնճոյքի ժամանակ, Կոմիտաս կը լսէ իշուն զռոցը, անմիջապէս թուղթի մը վրայ կը սկսի ձայնագրել, ապա կը յանդիմանէ էշը ըսելով. «Ա՛յ ապուշ, սխալ ես զռում, զռալ էլ չգիտես, այդպէս չեն զռայ»։
ՄԵԾԵՐԸ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՄԱՍԻՆ
«Երբ մտածում եմ Կոմիտասի մասին, ամբողջ կրծքով շնչում եմ Հայաստանի օդը: Նրա գեղեցկութիւնն առինքնում է ինձ տիրաբար եւ անսանձ: Երբ լսում եմ Կոմիտասի երաժշտութիւնը, շոգից ծարաւած ճամբորդ եմ դառնում, որ պապակած շուրթերով խմում ու խմում է կարկաչահոս աղբիւրից: Կոմիտասի երաժշտութիւնն էլ հէնց այդ աղբիւրի պէս է. կենարար, մաքուր ու բանաստեղծական: Կոմիտասը եղել է, կայ ու կը մնայ իմ ամենամեծ ուսուցիչը»։
Խմբավար, երաժիշտ Արամ Խաչատուրեան
«Կոմիտաս մարդկային բացառիկ առաքինութիւններու ծով էր: Չափազանց աշխատասէր, ան- նկուն կամքի տէր, անկեղծ, բարեհոգի, ընկերասէր, քաղցր ու համեստ՝ ամէնուն նկատմամբ: Մաքրակրօն էր ան եւ մեծ հայրենասէր մը: Բացի իր երաժշտական հանճարէն, քովնտի շնորհքներ ալ ունէր. բանաստեղծ էր եւ ճարտար քոմիկ դերասան մը, որ ֆարսի մէջ ալ մեզ յայտնի էր: Վերին աստիճան սրամիտ, կենսուրախ եւ պատրաստաբան էր Կոմիտաս եւ սիրուած ճեմարանի մեծէն ու փոքրէն: Կոմիտաս բացառիկ դուրեկան ձայն մը ունէր եւ արժանացած էր Խրիմեան Հայրիկի մասնաւոր համակրանքին, Խրիմեան Հայրիկի կարգադրութեամբ, տօնական օրերը, Կոմիտասը կը ղեկավարէր դպրաց դասը եւ պատասխանատու էր խորանէն երգուած սաղմոսերգութիւններու եւ աւետարաններու ընթերցման:
Ճեմարանի ուսուցիչներուն մէջ յայտնի ժողովրդական պարեր պարողն էր: Տղամարդկանց խիզախ, խրոխտ շորորէն, ծանր ճոճումներով եւ մարտական սուրով պարերէն մինչեւ շինական կանանց պարերը, իրենց ձայնի հարազատ ելեւէջներով եւ մարմինի ու ձեռքերու նուրբ արտայայտութիւններով առյաւէտ անմոռանալի կը մնան»:
 Լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեան
«Ձեր հմտալից եւ խորիմաստ դասախօսութիւնները օգնեցին մեզ խոր հայեացք նետելու այն երաժշտութեան, որը ցարդ մեզի համար գրեթէ փակ էր, եւ որը կարող է շատ բան սովորեցնել մեզ՝ արեւմուտքցիներուս: Դուք անգնահատելի ծառայութիւն մատուցած կ’ըլլաք արդի գիտութեան, եթէ հրապարակէք Ձեր աշխատութիւնները, եւ ես այնքան ուրախ կ’ըլլամ, եթէ կարենամ օժանդակել Ձեր այս գործին»: 
Գերմանացի երաժշտագէտ Օսկար Ֆլայշէր
Աշխատասիրեց
Մարինա Պօղիկեան
__________________________________________
Օգտագործուած աղբիւրներ
– Կո­մի­տաս (կեան­քը, գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնը), Երե­ւան, 1961։
– Կո­մի­տա­սա­կան, Երե­ւան, 1981։
– https://komitasmuseum.am
– https://www.qahana.am