Regnum գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Եւրոմիութեան յանձնաժողովի ղեկավար Ժան-Քլոտ Իւնքեր 9 Հոկտեմբերին յայտարարած է, որ ԵՄ-ը գումար պիտի չյատկացնէ Թուրքիոյ՝ Սուրիոյ հիւսիսը փախստականներուն «ապահովութեան գօտի» ստեղծելու ծրագիրին համար։
Միեւնոյն ատեն, Իւնքեր Թուրքիոյ կոչ ուղղած է դադրեցնելու Սուրիոյ տարածքին ռազմական գործողութիւնները:

«Թուրքիան Սուրիոյ սահմանին հետ անվտանգութեան հարց ունի: Այնուամենայնիւ, ես Թուրքիոյ եւ միւս դերակատարներուն կոչ կ’ուղղեմ զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ զինուորական գործողութիւնները
դադրեցնելու: Այս գործողութիւնները լաւ արդիւնքի չեն յանգիր», յայտնած է Իւնքեր:

Յիշեցնենք, որ ԵՄ-ը տնտեսական օգնութիւն կը ցուցաբերէ Թուրքիոյ՝ Սուրիայէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն փախստականներու ծրագիրին համար: