Հայ դպ­րու­թեան եւ ար­ուես­տի սր­բա­զան տօնն է Թարգ­ման­չա­ցը, որով իւ­րա­քան­չիւր դպ­րո­ցա­կան տա­րե­մու­տի կ’ոգեկոչենք հայ փա­ռա­պանծ մշա­կոյ­թի ան­մա­հա­նուն ու ան­զու­գա­կան առաք­եալ­նե­րու յի­շա­տա­կը, երախ­տա­գի­տա­կան հա­մես­տա­գոյն մեր տուր­քը մա­տու­ցե­լով անոնց։
Հայ փառ­քի կեր­տիչ­ներն ու պահ­պա­նիչ­նե­րը հան­դի­սա­ցան թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րը։ Անոնք եղան առաջ­նորդ­ներն ու ռահ­վի­րա­նե­րը այն հան­ճա­րահ­րաշ նուիր­եալ­նե­րուն, որոնք դա­րեր շա­րու­նակ իբ­րեւ ար­ժա­նա­ւոր ժա­ռան­գորդ­նե­րը հայկ­եան ցե­ղին՝ իրենց պայ­ծա­ռա­տե­սու­թեամբ, ըն­դար­ձակ մտա­հո­րի­զո­նով, հո­գեվ­սեմ սլաց­քով, կազ­մա­կերպ­եալ անխոնջ աշ­խա­տան­քով եւ ան­պա­րա­գիծ զո­հա­բե­րու­թեամբ կեն­սա­ւո­րե­ցին եւ ուռ­ճա­ցու­ցին հա­զա­րա­գանձ հայ մշակոյթը։
Թարգ­մա­նիչ­նե­րու հիմ­նած «Գի­րի Թա­գա­ւո­րու­թիւնը» զար­մա­նահ­րաշ ու հան­ճա­րեղ գիւտ մը դար­ձաւ սա­սա­նող եւ վերջա­լոյս ապ­րող ժա­մա­նա­կի Հա­յոց «Սու­րի Թա­գա­ւո­րութ­եան» մէջ։
Այն մի­ջո­ցին երբ քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նու­թիւնը ան­կա­րող եւ հնա­րա­զուրկ դար­ձած էր ազ­գը մի­ա­ձոյլ պա­հե­լու, թարգմանիչ­ներ որո­շա­պէս եւ աներկ­բա­յօ­րէն կը յան­գէ­ին այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ հա­յու­թիւնը պէտք ու­նէր իր գոյութիւնն ու յա­րա­տե­ւու­թիւնը ամ­րօ­րէն երաշ­խա­ւո­րող նոր կռ­ուա­նի մը՝ Գիրե­րու Գիւ­տին։ Անոնք հաս­տա­տա­պէս համոզ­ուած էին՝ որ ազն­ուա­զարմ մեր ժո­ղո­վուր­դը կր­նայ բար­գա­ւա­ճիլ եւ յա­ւեր­ժա­նալ միայն իր հա­յե­ցի լե­զուով ու հարա­զատ մշա­կոյ­թով։
Ե. դա­րը շնոր­հիւ գիրե­րու հրա­շա­տիպ գիւ­տին եւ թարգ­մա­նիչ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան անգ­նա­հա­տե­լի վաս­տա­կին կոչուե­ցաւ Ոս­կե­դար։
Հայ ոս­կի մշա­կոյ­թի կեր­տիչ մե­ծա­հան­ճար եր­րոր­դու­թիւնը կը կազ­մեն Ս. Սա­հակ Պար­թեւ, Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց եւ հայոց Վռամ­շա­պուհ ար­քան, որոնց շուրջ կը բո­լոր­ուի նա­եւ երախ­տար­ժան աշա­կերտ­նե­րու տա­ղան­դա­ւոր փա­ղանգ մը։
Ս. Սա­հակ Պար­թեւ իր մտ­քի ու հոգիի ամ­բողջ կո­րո­վով եղաւ մեծ ճար­տա­րա­պե­տը Հա­յոց Ոս­կե­դա­րուն, իսկ Ս. Մես­րոպ վար­դա­պետ դար­ձաւ անն­ման ճար­տա­րա­գէ­տը այդ լու­սա­ւոր դա­րու մեծ իրա­գոր­ծու­մին՝ Գիրե­րու Գիւ­տին։ Մինչ՝ Վռամշա­պուհ ար­քան, կի­սա­փուլ գա­հի մը վրայ բազ­մած, հայ­րե­նի տան վե­րա­կա­ռուց­ման նա­խան­ձախն­դիր իշխանաւոր մը հան­դի­սա­ցաւ։
Ս. Սա­հակ Հայ­րա­պետ, ոչ միայն անդ­րա­դար­ձաւ գիրե­րու գիւ­տին անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, այ­լեւ ինք ան­ձամբ գոր­ծի ձեռնար­կեց, մի­ա­ժա­մա­նակ՝ իր շուրջ վս­տա­հե­լի, գիտ­նա­կան ու բա­րե­սէր գոր­ծա­կից­ներ հա­ւա­քե­լով ծրագ­րեց եւ ուղղութիւն տուաւ այն շար­ժու­մին, որ պսակ­ուե­ցաւ հրա­շա­պա­տում գիւ­տի իրա­կա­նա­ցու­մով։
Մես­րոպ ինք էր որ ան­դու­լօ­րէն շր­ջե­ցաւ, փնտ­ռեց, ու­սում­նա­սի­րեց, շր­ջա­կայ մշա­կոյ­թի տէր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու գի­րե­րը բաղ­դա­տեց, մին­չեւ որ իր հան­ճա­րեղ մտ­քին պարզ­ուե­ցան հա­յոց տես­լած­նունդ տա­ռե­րը։
Վռամ­շա­պուհ, որ շատ պայ­ծա­ռա­միտ եւ ազն­ուա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր, երբ հարկ զգաց չվա­րա­նե­ցաւ մին­չեւ Միջա­գետք ճամ­բոր­դել, այն­տեղ՝ իր ար­քու­նի աշ­խա­տանք­նե­րէն ան­կախ նա­եւ հե­տաքրքր­ուե­լու մշա­կու­թա­յին գոր­ծե­րով։ Ու երբ իմա­ցաւ «Դանի­էլ­եան» կոչ­ուած հա­յոց հին նշա­նագ­րե­րու գո­յու­թեան մա­սին, հայ­րե­նիք վե­րա­դար­ձին առա­ջին առի­թով հար­ցը ներ­կա­յա­ցուց Սա­հա­կին եւ Մես­րո­պին, ապա՝ անոնց ամէն դիւ­րու­թիւն ու նիւ­թա­բա­րո­յա­կան օժանդակու­թիւն ըն­ծա­յեց եւ պա­հան­ջեց հե­տապն­դե­լ հա­յոց գիրե­րու որո­նու­մը։
Թարգ­ման­չաց Շար­ժու­մը յա­ճախ կը ներ­կա­յաց­ուի իբ­րեւ հա­մա­տա­րած ու համայ­նա­կան հո­սանք մը։ Սա­կայն իրականու­թեան մէջ սա­կա­ւա­թիւ նուիր­եալ­նե­րու կող­մէ առաջ տար­ուած շար­ժում մըն էր անի­կա։ Թէ­եւ քիչ էին թարգման­չաց հե­րոս­նե­րը, բայց մտ­քի լայն հո­րի­զոն ու­նե­ցող ու սր­տի բոց կրող անձն­դիր­նե­րու խումբ մը կը կազ­մէ­ին անոնք։ Անոնց հո­գե­կան կո­րովն ու ու­ժա­կա­նու­թիւնը բա­ւա­կան եղան յա­ռա­ջի­կայ սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու իրենց շար­ժու­մին յոր­դա­ռատ հո­սան­քին ար­գա­սի­քը, որ թա­ւա­լե­լով հա­սած է մին­չեւ մեր օրե­րը՝ շր­ջան­ցե­լով դա­րե­րու ան­հա­մար պա­րիսպ­նե­րը։
Հա­րիւ­րամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին մեր ժո­ղո­վուր­դը յա­ճախ ապ­րած եւ կեր­տած է զար­թօնք­ներ ու վե­րած­նունդ­ներ շնորհիւ Թարգ­ման­չաց ոգի­ով առաջ­նորդ­ուած դէմ­քե­րու, որոնք թարգ­ման­չաց Ոս­կե­դա­րուն ապ­րած չըլ­լա­լով հան­դերձ, եղած են հա­րա­զատ աշա­կերտ­ներ Սա­հա­կի եւ Մես­րո­պի։
Մեր ժո­ղո­վուր­դի խո­րար­մատ պատ­մու­թեան մէջ հայ գի­րի եւ գրա­կա­նու­թեան ստեղ­ծու­մը ան­կիւ­նա­քա­րա­յին եւ ճակատագ­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն զգե­ցած է։ Դ. դա­րու վեր­ջե­րուն երբ աւա­տա­պե­տա­կան Հա­յաս­տա­նը տն­տե­սա­պէս եւ քա­ղա­քա­կա­նա­պէս պա­ռակտ­ուած վի­ճա­կով կը հիւ­ծէր պարս­կա­կան եւ բիւ­զան­դա­կան գե­րիշ­խա­նու­թեանց մի­ջեւ, նորաս­տեղծ հայ գիրն ու գրա­կա­նու­թիւնը հան­դի­սա­ցաւ հզօր եւ մո­գա­կան այն ու­ժը, որ հա­մախմ­բեց ու շա­ղա­խեց քաղա­քա­կան այ­լա­զան ազ­դե­ցու­թեանց տակ ին­կած եւ ցր­ուած հա­յու­թեան մշա­կու­թա­յին եւ հա­սա­րա­կա­կան մասնատուած կեան­քը։
Նուա­ճե­լով Հա­յաս­տա­նը, արե­ւել­քէն Պարս­կաս­տան եւ արեւ­մուտ­քէն Բիւ­զանդի­ոն կը նկր­տէ­ին իրենց հա­կակշ­ռին ենթար­կել եւ ձու­լել հայ ժո­ղո­վուր­դը։ Ուս­տի՝ մեր երկ­րին հա­մար ար­հաւ­րա­լից եւ ճգ­նա­ժա­մա­յին այդ ծան­րա­գոյն օրերուն, ան­յե­տաձ­գե­լի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կը նկատ­ուէր ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան զարթ­նե­ցումն ու հայ­րե­նա­սի­րա­կան կո­րո­վի ներշն­չու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րու հո­գի­նե­րէն ներս։
Ճա­կա­տագ­րա­կան եւ բախ­տո­րոշ այս ժա­մա­նա­կա­հանգր­ուա­նին, հայ­րե­նա­սէր եւ անձ­նու­րաց մտա­ւո­րա­կան­նե­րու ընտրա­նի հոյլ մը, հայ մեծ լու­սա­ւո­րիչ­ներ Սա­հակ Պար­թե­ւի եւ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի առաջ­նոր­դու­թեամբ, ստեղ­ծե­ցին Մես­րոպ­եան Այ­բու­բե­նը եւ սկիզբ դրին հա­յա­տառ մեր գրա­կա­նու­թեան, օգ­տա­գոր­ծե­լով դա­րե­րու ըն­թաց­քին աստիճանա­բար բիւ­րե­ղա­ցած հա­յոց գրա­կան լե­զուն։
Հայ­կա­կան այ­բու­բե­նը կը դաս­ուի աշ­խար­հի հնա­գոյն եւ ամե­նա­ինք­նա­տիպ տա­ռե­րու շար­քին։ Անոր ստեղ­ծու­մը, ըստ պատ­միչ Կո­րիւ­նի, կը զու­գա­դի­պի պար­սից Յազ­կերտ Ա. ար­քա­յից-ար­քա­յի գա­հա­կա­լութ­եան ու­թե­րորդ տար­ուան, այսինքն՝ 406 թուա­կա­նին (Ք.ե.) եւ կը հան­դի­սա­նայ՝ ժա­մա­նա­կի ու պատ­մու­թեան թե­լադ­րու­թեանց ար­գա­սի­քը, միանգա­մայն հո­գե­ւոր զրա­հը՝ ապա­գայ բա­զում ար­հա­ւիրք­ներ դի­մագ­րա­ւե­լու։
Յի­րա­ւի՝ հայ պե­տա­կա­նութ­եան ան­կու­մէն ետք մայ­րե­նի լե­զուն կը հա­մար­ուէր հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծը անա­ղարտ պա­հող եւ գո­յու­թիւնը յա­ւեր­ժաց­նող ամե­նա­յու­սա­լի զէն­քը։ Իսկ լեզ­ուի շա­րու­նա­կականու­թիւնն ու կենսունա­կու­թիւնը կ’երաշ­խա­ւոր­ուէր ազ­գա­յին տա­ռե­րով։ Ոչ մէկ այլ մի­ջոց պի­տի կա­րո­ղա­նար հայ ժո­ղո­վուր­դը միաւորել այն­քան՝ որ­քան հայ ազ­գա­յին այ­բու­բե­նը։ Մես­րոպ­եան գի­րե­րը մեծ տա­ռա­պանք­ներ եւ դառ­նու­թիւն­ներ ճաշակած հայ ժո­ղո­վուր­դին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ պի­տի ըն­ձե­ռէ­ին անոր հո­գե­ւոր գան­ձե­րը փո­խան­ցե­լու դա­րէ-դար, սերուն­դէ-սե­րունդ՝ անց­եա­լը զօ­դե­լով ներ­կա­յին եւ ներ­կան՝ ապա­գա­յին։
Հա­յոց այ­բու­բե­նը ողջ հա­յու­թիւնը մի­ա­զան­գող եւ կեն­սա­ւո­րող հո­գե­ւոր աւիշ եղած է միշտ։
Հա­յե­րէն գր­ուած առա­ջին նա­խա­դա­սու­թիւնը՝ «Ճա­նա­չել զի­մաս­տու­թիւն եւ զխ­րատ, իմա­նալ զբանս հան­ճա­րոյ», կը հաւաս­տէ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը իմաս­տու­թեամբ ան­ցած է գրա­ւոր խօս­քի։
Հայ­կա­կան այ­բու­բե­նի 36 տա­ռե­րը լրիւ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն հայ մար­դու ար­տա­բե­րած բո­լոր հն­չիւն­նե­րուն։
Ֆրան­սա­ցի ակա­նա­ւոր լեզ­ուա­բան Անթ­ուան Մէ­յէն հե­տեւ­եա­լը ար­տա­յայտ­ուած է հայ­կա­կան այ­բու­բե­նի մա­սին. «Յայտ­նի է որ հա­յոց այ­բու­բե­նը գլուխ գոր­ծոց մըն է։ Հայ հն­չա­բա­նա­կան հն­չիւն­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը յա­տուկ նշա­նով մը նօ­թագր­ուած է, եւ այդ հա­մա­կար­գը այն­քան լաւ հաս­տատ­ուած է, որ հայ ազ­գին հայ­թայ­թած է հն­չա­բա­նու­թեան վերջնա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն մը, ինչ որ պահ­պան­ուած կը մնայ մին­չեւ այ­սօր առանց ոչ մէկ փո­փո­խու­թեան։ Ատոր հետե­ւան­քով Հա­յաս­տան ու­նե­ցաւ ճկուն գրա­կան լե­զու մը, որ հա­յուն բա­ռա­պա­շա­րա­յին բո­լոր ար­ժէք­նե­րը կ’արտաբերէ։ Այս­պէս՝ կազմ­ուե­ցաւ գրա­կան լե­զու մը որ ճոխ է եւ կր­նայ ար­տա­յայտ­ուիլ ամէն ին­չի մա­սին։
Այդ լեզ­ուին ճո­խու­թիւնն ու ճկու­նու­թիւնը հզօ­րանք մը եղած է հայ ազ­գին հա­մար»։
Հա­յե­րէ­նի «ճո­խու­թիւնն ու ճկու­նու­թիւնը» ի յայտ եկած են գրա­ւոր խօս­քի անց­նե­լէ ան­մի­ջա­պէս ետք՝ Աստ­ուա­ծա­շուն­չի թարգ­մա­նու­թեան ժա­մա­նակ իսկ։ Լեզ­ուի գե­ղեց­կութ­եան առըն­թեր՝ Աստ­ուա­ծա­շուն­չի հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւնը կը ներ­փա­կէ այլ ար­ժա­նիք մը եւս, որ կը բնու­թագր­ուի խիստ հա­յե­ցիութ­եամբ եւ բնագ­րի միտքն ու ոգին զար­մա­նա­լի ճշգրտու­թեամբ ար­տա­ցո­լաց­նե­լով։
Ի զուր չէ ու­րեմն՝ որ ֆրան­սա­ցի մե­ծահռ­չակ գիտ­նա­կան Լա Կրո­զը Աստ­ուա­ծա­շուն­չի հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւնը համարած է Թա­գու­հի բո­լոր թարգ­մա­նու­թանց մէջ։ Իսկ ռու­մա­նա­ցի նշա­նա­ւոր բա­նա­սէր Նի­քո­լա Եոր­կան նոյն առնչութ­եամբ հե­տեւ­եա­լը գրած է. «Աստ­ուա­ծա­շուն­չի հա­յոց թարգ­մա­նու­թիւնը մէկն է այն ամե­նա­մեծ հո­գե­կան յաղթանակնե­րէն, զորս եր­բե­ւի­ցէ ժո­ղո­վուրդ մը կր­նայ տա­րած ըլ­լալ պատ­մու­թեան մէջ»։
Բա­ցի Աստ­ուա­ծա­շուն­չէն, մաշ­տոց­եան տա­ռե­րով հա­յե­րէ­նի թարգ­ման­ուե­ցան հին աշխար­հի հե­ղի­նակ­նե­րէն ար­ժէ­քա­ւոր շատ մը գոր­ծեր։ Ներ­կա­յիս, անա­ղար­տօ­րէն պահ­պան­ուած կը մնան հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կոյ­թի եւ գրա­կա­նու­թեան պատ­կա­նող շատ մը եր­կե­ր, որոնց բնագ­իրնե­րը ընդ­միշտ ան­հե­տա­ցած են։
Մաշ­տոց­եան տա­ռե­րով նա­եւ ստեղծ­ուե­ցան հայ­կա­կան ինք­նու­րոյն գրա­կա­նու­թիւն եւ գի­տու­թիւն։ Ոս­կեղ­նիկ հա­յե­րէ­նով կերտ­ուած են մեծ թիւով մարդ­կա­յին միտ­քի փա­ռա­շուք կո­թող­ներ, որոնց շար­քէն կը յի­շա­տա­կենք պատ­մա­հայր Մով­սէս Խո­րե­նացիի «Հա­յոց Պատ­մու­թիւն» հան­ճա­րեղ եր­կը, իմաս­տա­սէր­ներ՝ Եզ­նիկ Կող­բացիի եւ Դա­ւիթ Ան­յաղ­թի թանկարժէք աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րը, Գրի­գոր Մա­գիստ­րոս Պահ­լա­ւունիի նշա­նա­ւոր «Թուղ­թե­ր»ը, Գրի­գոր Նարեկացիի «Մատ­եան Ող­բեր­գու­թեան» պո­է­մը, առա­ւել՝ Ներ­սէս Շնոր­հալիի, Կոս­տան­դին Երզն­կացիի, Նա­հա­պետ Քու­չա­կի ան­զու­գա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը, եւայլն։
Իր ժա­մա­նա­կի բարձ­րա­գոյն ուս­մանց տի­րա­ցած եւ դաստ­ի­ա­րա­կի ամե­նա­ըն­տիր շնորհ­նե­րով օժտ­ուած, իր բո­լոր աշակերտ­նե­րը առա­քի­նու­թիւն­նե­րով ներշն­չած, աւե­լին՝ Աս­տու­ծոյ եւ ազ­գին անու­նով մե­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու տե­սիլ­քով ու կամ­քով զրահ­ուած բո­լոր դա­րե­րու հայ գի­տա­կան մտ­քի հան­ճա­րաշ­նորհ տի­պարն է Ս. Մես­րոպ։
Հայ Հոգիի եւ ար­ուես­տի բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու գիտ­նա­կան­նե­րը, ու­սու­ցիչ­նե­րը եւ մշակ­նե­րը կ’անձ­նա­ւոր­ուին ու կը փառա­ւոր­ուին անոր մէջ։
Մեր մէջ ան­կա­րե­լի է գտ­նել պատ­մա­կան այլ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, որ եր­բե­ւի­ցէ այն­քան մեծ սէր ու անմ­նա­ցորդ յար­գանք վա­յե­լած ըլ­լայ հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն մօտ որ­քան Մես­րոպ Մաշ­տոց։ Անոր ձօն­ուած են հա­րիւ­րա­ւոր ար­ձակ ու չա­փա­ծոյ ներ­բող­ներ, անոր շուրջ յօ­րին­ուած են բազ­մա­թիւ զրոյց­ներ, իսկ անոր գե­րեզ­մա­նը դար­ձած է ուխ­տա­վայր հայ մշա­կոյ­թի եւ ար­ուես­տի երկր­պա­գու­նե­րուն հա­մար։
Սա­հա­կի եւ Մես­րո­պի գլ­խա­ւո­րած Թարգ­ման­չաց մեծ շար­ժու­մը Հայց. Եկե­ղե­ցին վե­րա­հաս­տա­տեց տոհ­մա­յին ազատ, ամուր եւ պայ­ծա­ռա­կերպ­եալ պատ­ուան­դա­նի մը վրայ, ար­ուես­տի ու գի­տու­թեան լայն հո­րի­զոն­ներ բա­նա­լով ստեղծագործ հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­տա­ղանդ զա­ւակ­նե­րուն առ­ջեւ։
Վեր­ջա­պէս՝ Մաշ­տո­ցի եւ անոր աշա­կերտ­նե­րու նա­խա­ձեռ­նութ­եամբ ստեղծ­ուած հա­յոց լեզ­ուի բիւ­րա­գանձ տա­ռե­րը, գոյա­տեւ­ման եւ ինք­նա­կերտ­ման հզօր զէնք­եր դար­ձան ոչ միայն Մես­րո­պի ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն, այլ նա­եւ Թոր­գոմ­եան ցե­ղի յա­ռա­ջի­կայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։
Խաչիկ Շահինեան