Մեր դպրոցներուն մէջ, մինչեւ բարձրագոյն կարգերը, աշակերտները յաճախ դժուարութիւն ունին զատորոշելու այբուբենի «ձ»-ն եւ «ց»-ն։ Առաջինը «ձա» կը կոչուի, իսկ երկրորդը՝ «ցօ»‎։ Մեր տղաքը այս անուանումներն իսկ երբեմն կ’անգիտանան. իրենց համար կայ «օձի ձ»-ը եւ կայ «հացի ց»-ը …։ Այսքա՛ն։

Իսկ թէ գրաւոր խօսքի մէջ ե՞րբ «ձա»-ն պիտի գործածենք ու ե՞րբ՝ «ցօ»-ն, ատիկա գրեթէ ո՛չ մէկ աշակերտ պիտի կարենայ իւրացնել դպրոցական իր երկա՜ր տարիներու ընթացքին, որովհետեւ կա՛մ հիմնաւոր բացատրութիւն մը չէ տրուած իրեն, կամ ալ ի՛նք անտեսած է իրեն մատուցուած լուսաբանութիւնները, կուլ երթալով մայրենի լեզուին նկատմամբ համատարած անտարբերութեան հոսանքին…։

Իրականութեան մէջ՝ բնաւ ալ անյաղթահարելի չէ «ձ»-ի ու «ց»-ի ուղղագրական շփոթը։ Գոյութիւն ունին քերականական որոշ օրէնքներ, որոնցմով կրնանք առաւելագոյն չափով բառնալ այն դժուարութիւնները, որոնք շուարումի կը մատնեն մեզ «ձա»-ին կամ «ցօ»-ին դիմաց։

 Իմ հետաքրքրութեան գոհացում տալու համար՝ ստուգեցի որ Մալխասեան բառարանին մէջ «ձ»-ով սկսող բառերը գրաւեր են 27 էջ, մինչդեռ «ց»-ով սկսողները՝ 22 էջ։ Ճիզմէճեան վարդապետին բառարանին մէջ եւս (Հալէպ, 1957) «ձ»-ն գերակշիռ է. անիկա գրաւեր է 31 էջ, մինչ «ց»-ն ունի լոկ 11 էջ։ Իսկ Ռուբէն Ղազարեանի «Գրաբարի հոմանիշների բառարան»ին մէջ «ձ»-ն գրաւեր է 6 էջ` «ց»-ի 5 էջերուն դիմաց։ Կրնանք ուրեմն անվարան ըսել, որ մեր լեզուին մէջ «ձա»-ով սկսող բառերը թիւով աւելի շատ են, քան «ցօ»-ով սկսողները։

Բայց այս հաստատումը երբեք չի նշանակեր, թէ բառերու կազմութեան մէջ«ցօ»-ն աւելի նուազ կ’օգտագործուի քան «ձա»-ն։ Ընդհակառակն։ Ես կ’ենթադրեմ որ «ցօ»-ն անհամեմատօրէն աւելի տարածուն է բառերուն մէջը կամ վերջաւորութեան, մանաւանդ որ անիկա հայերէնի բազմահազար բայերու հոլովաձեւերուն մէջ ունի մնայուն ու տիրապետող դիրք։ Կը գրենք՝ խնդաց, երգեցի, խօսեցան, նստեցնել, մեռցնել, լացող, հեռացած, խմցուցէ՛ք եւ այլն, մի՛շտ «ցօ»-ով։ Դերանուններու (որոնց, անոնց, իրենց…) եւ գոյականներու վերջածանցներուն մէջ եւս (սուրիացի, իտալացի, գիւղացի, հիւանդանոց, ձեռնոց, փեսացու, սրտանց, զրոյց, սառոյց, նեղուց, դեղնուց…) միշտ «ցօ»-ն է բացարձակ տիրապետողը։ «Ցօ» կը դրուի նաեւ ձայնաւորներէ ետք (բաց, ցեց, երէց, կից, գոց), բացի «օձ» բառէն։

Ուրեմն, այս հաշուով, հայերէնի լայն աշխարհագրութեան մէջ «ձա»-ին ի՞նչ տեղ կը մնայ։

Կը մնա՜յ, անհո՛գ եղէք։

Հետեւեալ երեք օրինաչափական պարագաներուն՝ «ձ» գրեցէ՛ք.

ա) «Ն» գիրէն ետք.- գանձ, հունձք, ընձուղտ, անձրեւ, ստանձնել եւ այլն։

բ) «Ր» գիրէն ետք.- բարձր, դարձ, արձակ, փորձել, ուղերձ եւ այլն։

գ) «Ղ» գիրէն ետք.- իղձ, դեղձ, ատաղձ, մղձաւանջ, փղձկիլ եւ այլն։

Այս երեք օրինաչափութիւններն ալ ունին սակայն փոքրաթիւ բացառութիւններ, զորս պէտք է ճանչնա՛լ, սորվի՛լ եւ իւրացնե՛լ (օրինակ՝ յանցանք, հարցում, քաղցր)։

Այս «լպրծուն» անցարգելները եթէ շրջանցեցիք անվտանգ՝ յաղթանակը ձե՛րն է…։

*

Առիթով մը, դասարանը, աշակերտ մը գրատախտակին վրայ «ձուկ» բառը պիտի գրէր։ Յայտնապէս կը վարանէր՝ «ձ»-ո՞վ գրէ, թէ՞ «ց»-ով։ Ու իմ օժանդակութիւնը խնդրեց կմկմալով.

– Պարո՛ն, «օձի՞ ձ»-ով կը գրուի, թէ՞…

– Անշո՛ւշտ որ «օձի ձ»-ով. ձուկն ու օձը երկուքն ալ կենդանիներ են, չէ՞,-պատասխանեցի կատակով։

Ուրիշ առիթով մըն ալ, աշակերտ մը «աներձագ» բառը գրած էր «ց»ով։ «Աներցագ»։ Ու այս առթիւ ալ հարկ եղաւ բացատրել այս բարդ բառին երկու բաղկացուցիչները՝ «աներ»ն ու «ձագ»ը։ Աներձագը նոյն աներորդին է, այսինքն՝ այր մարդու մը կնոջ եղբայրը։

Հոս, սակայն, պահ մը պիտի ուզէի կանգ առնել «ձագ» բառին երկրորդ (եւ գրեթէ անծանօթ) իմաստին վրայ։

Ձագը, ինչպէս գիտենք, հաւկիթէն նոր դուրս եկած թռչունն է,- աղաւնիի ձագ, արծիւի ձագ եւ այլն։ Բայց նաեւ՝ որեւէ կենդանիի նորածինին տրուած անուն մըն է,- կատուի ձագ, շան ձագ (այս մէկը՝ փաղաքշական հայհոյանք է նաեւ), իշու ձագ…։

Գործածական է «ձագուկ» բառն ալ, որմով ընդհանրապէս կ’ակնարկենք երեխաներուն.- «Ձագուկներդ մեծցեր են։ Սկսա՞ն դպրոց երթալ»։

«Ձագ»ին երկրորդ իմաստն ալ «մեղուներու խումբ»ն է. թէեւ ասոր աւելի գործածական բառը «պարս»ն է։ Մեղուներու պարս։ Ըստ Մալխասեան բառարանին, «ձագ»ը մեղուներու այն խումբն է, որ մայր թագուհիին հետ դուրս կու գայ փեթակէն՝ նոր ընտանիք կազմելու համար։ Բառարանը օրինակներ ալ տուած է.- «Ձագը բռնեցինք ու նոր փեթակին մէջ տեղաւորեցինք»։ Կամ՝ «Ձագը փախաւ»։ Դեռ կայ աւելի հետաքրքրականն ալ։ Եթէ ձագը նոր փեթակին մէջ տեղաւորուելէ ետք մեղր շինեց, ապա այդ մեղրը շատ յարգի կ’ըլլայ եղեր ու կը կոչուի «ձագուց մեղր»…։ Մեղուաբուծութեամբ զբաղողները հաւանաբար գիտեն այս բառերը։

«Ձագ» բառը սակայն, մեղրէն ու ձագուկներէն անդին, զիս կը տանի պատմական Հայաստանի խորերը՝ Այրարատ նահանգի Կոտայք գաւառը (այժմու Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս), ուր կար,- եւ դեռ կայ,- ՁԱԳ կոչուած գիւղ մը։ Եւ հո՛ս է որ ծնած է Թ. դարու մեր ամէնէն համբաւաւոր կաթողիկոսը՝ Զաքարիա Ձագեցին։

Ձագեցի հայրապետը Լուսաւորչի գահին բազմած այն բացառիկ եկեղեցականն էր, որուն ընտրութիւնը կատարուեցաւ արտասովոր ու գրեթէ աննախընթաց պարագաներու մէջ։ Արաբական ծանր տիրապետութեան շրջանն էր։ Հայկական բանակի սպարապետ Սմբատ Բագրատունին (հետագային՝ «Խոստովանող» մականուանեալ) կաթողիկոսական թափուր աթոռին համար թեկնածու ներկայացուց Զաքարիա Ձագեցին, որ սակայն աշխարհական անձ մըն էր, չունէր եպիսկոպոսական աստիճան, չունէր նոյնիսկ պարզ վարդապետական կամ քահանայական կարգ։ Զարմանալիօրէն, այդ ժամանակաշրջանի մեր եկեղեցական բարձրաստիճան դէմքերը, բոլորը, զանց առնուեցան կաթողիկոսական թեկնածու ներկայանալու իրենց իրաւունքին մէջ ու անոնց փոխարէն՝ յառաջ մղուեցաւ Զաքարիա Ձագեցին (855 թ.)։ Կ’երեւի թէ արտակարգ արժանիքներ նկատուած էին անոր վրայ։ Ուստի, ան մէկ օրուան մէջ միանուագ ստացաւ եկեղեցական բոլո՜ր աստիճանները (սարկաւագութիւն, քահանայութիւն, վարդապետութիւն, եպիսկոպոսութիւն, կաթողիկոսութիւն) եւ անարգել բազմեցաւ հայրապետական գահին վրայ։ Այլ խօսքով, Ձագեցին առաւօտուն արթնցաւ իբրեւ աշխարհական մարդ, իսկ գիշերը անկողին մտաւ իբրեւ կաթողիկոս…

Բայց հետագայ դէպքերը ցոյց տուին, թէ ճի՛շդ ընտրութիւն մը կատարուած էր։ Որովհետեւ Զաքարիա կաթողիկոս լիովին արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը, եղաւ բազմարդիւն հովուապետ մը, գրական գործեր ալ արտադրեց (աստուածաբանական «ճառ»եր, որոնք առանձին հատորով հրատարակուեցան Վենետիկ, 1995-ին), իմաստուն ու շրջահայեաց գործելակերպերով թեւ-թիկունք եղաւ Հայաստանի քաղաքական իշխանաւորներուն, ու ինչ որ ամենակարեւորն է՝ դիւանագիտական դժուարին ու համբերատար աշխատանքներով ենթահող պատրաստեց Բագրատունեաց թագաւորութեան ստեղծումին։ Իր վախճանումէն (876 թ.) ինը տարի ետք՝ ծնունդ առաւ Բագրատունեաց հարստութիւնը, որուն անդրանիկ գահակալը՝ Աշոտ Ա. արքան, երկար տարիներ համերաշխ գործակից ու լծակից մը եղած էր իրեն։

Եթէ Երեւան այցելէք, ուղղուեցէ՛ք մերձակայ Առինջ ու Գետարգել գիւղերը (Աբովեանի շրջան), որոնց շատ մօտիկը, վերոնշեալ պատմական Ձագ գիւղին հարեւանութեամբ, պիտի գտնէք միջնադարեան վերանորոգեալ սիրուն վանք մը՝ Ձագավանքը, ծանօթ նաեւ՝ Ս. Նշան անունով։ Կը պատմուի, թէ գրչութեան վաղեմի կեդրոն մը եղած է անիկա ու մինչեւ ԺԷ. դար՝ եպիսկոպոսանիստ էր։

  Իսկ ի՞նչ է «ձագար»ը։

Ասիկա խոհանոցի իրեղէններէն մէկն է, կոնաձեւ, վերի բաժինը՝ լայնաբերան, վարի բաժինը՝ նեղ ու խողովակաձեւ, որով հեղուկներ կը լեցնենք շիշերու մէջ (ձէթ, օշարակ եւ այլն)։ Ձագարը անհրաժեշտ անօթ մըն է խոհանոցին մէջ։

Այս բոլոր բառերը գրեցէ՛ք…«օձի ձ»-ով։

Լեւոն Շառոյեան