Համաժողովին մասնակիցները ողջունեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, որ ողջունեց նման նախաձեռնութիւն մը` զայն իւրայատուկ նկատելով թէ՛ բովանդակութեան, թէ՛ մասնակիցներու առումով: «Ժողովրդավարական սկզբունքներու եւ մարդասիրական արժէքներու նուիրուածութեամբ տարիներ շարունակ քրտնաջան աշխատանքներ կը տանիք` ուղղուած Արցախի սատարման, միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ մեր երկրի մասին փաստացի տեղեկատուութեան ներկայացման, երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման, Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման: Մենք երախտապարտ ենք ձեզ այս բոլորին համար եւ բարձր կը գնահատենք ձեր առաքելութիւնը եւ ուրախ ենք, որ ունինք ձեզի նման ընկերներ եւ բարեկամներ», ըսաւ ան:
Նախագահը դիտել տուաւ, որ անկախ, ինքնիշխան, հզօր պետութիւն կերտելը Արցախի պետականաշինութեան տեսլականն է եւ հիմքը, որուն հիմնական սիւներէն են Հայաստանի ու Սփիւռքի եռամիասնութիւնը եւ ժողովրդավարական արժէքներու ու սկզբունքներու առկայութիւնը:
Ապա ան խօսեցաւ Արցախի ապահովութեան եւ տագնապի լուծման մէջ Արցախը ներառելու կարեւորութեան մասին: «Մեզի համար կարեւորագոյն հրամայական է Արցախի անվտանգութեան լիարժէք ապահովումը բոլոր հարթութիւններուն վրայ: Անվտանգութեան հարցերը առաջնային են նաեւ բանակցային գործընթացին մէջ: Մենք կողմնակից ենք Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման բանակցային սեղանի շուրջ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ: Այստեղ լուրջ յաջողութիւններու գրանցումը անկարելի է առանց բանակցային գործընթացի լիարժէք ձեւաչափի վերականգնումի` Արցախի լիիրաւ մասնակցութեամբ:
«Ակնյայտ է, որ Արցախի ճակատագիրը չի կրնար որոշուիլ առանց անոր մասնակցութեան, եւ մեզի համար չի կրնար ըլլալ վերադարձ անցեալ: Արցախի արտաքին քաղաքականութեան հիմքերը կը շարունակեն մնալ հաւասարակշռուածութեան եւ բազմաուղղուածութեան սկզբունքները: Մեզի համար հրամայական է հաւասարապէս բարիդրացիական յարաբերութիւններու պահպանումը, ինչպէս Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, այնպէս ալ շրջանային պետութիւններու հետ: Ընելիքներն ու հարցերը բազմազան են, բայց միանգամայն իրատեսական: Համոզուած եմ, որ մենք կը յաջողինք արդիւնաւէտօրէն լուծել զանոնք, եւ այս ճանապարհին յատուկ նշանակութիւն ունի նման ձեռնարկներու իրականացումը», եզրափակեց Բակօ Սահակեան: