Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ խորհրդարանական դիւանագիտութեան կարեւորագոյն օղակներէն մէկը միջազգային խորհրդարանական կառոյցներուն մէջ ներկայացուածութիւնն է, որովհետեւ այդպիսով անդամակցող երկիրներու խորհրդարանականները կարելիութիւն կ՛ունենան բարձրաձայնելու թէ՛ իրենց երկիրներու ներքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերուն մասին, եւ թէ՛ ուղիներ գտնելու` յաղթահարելու միջազգային հանրութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:
«Ցաւօք, բոլոր կարելի եւ անկարելի միջոցներով Արցախը մեկուսացնելու Ազրպէյճանի քմահաճ ցանկութիւններուն հանդէպ միջազգային հանրութեան ոչ համարժէք ջանքերուն պատճառով միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ մեր առջեւ դռները մեծաւ մասամբ կը մնան փակուած», ըսաւ Ղուլեան:
Ըստ անոր, արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ խորհրդարանի դերի աշխուժացման համար անհրաժեշտ հիմքեր կը ստեղծուին, նաեւ` օրէնսդիր իշխանութեան մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն մասնակցութիւնն ու համագործակցութիւնը այլ երկիրներու քաղաքական կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու հետ:
«Համաժողովի յաջող ընթացքով պայմանաւորուած, թերեւս կարելի է մտածել նաեւ այս ձեւաչափով հաւաքներ եթէ ոչ ամէն տարի, ապա գոնէ յաճախակի կազմակերպելու մասին: Վստահ եմ, որ ատիկա դրական ազդակներ կը հաղորդէ Արցախի ճանաչման մեր ընդհանուր գործին եւ նոր կարելիութիւններ կը բանայ նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան հետագայ աշխուժացման համար: Մեր պայքարը կը շարունակուի, եւ յաջողութիւններ կը մաղթեմ բոլորիս այս դժուարին, բայց պատուաբեր աշխատանքին մէջ», աւելցուց ան:
Ազգային ժողովի նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ այս համաժողովը օգտակար հարթակ պիտի ըլլայ նոյն գաղափարներու եւ արժէքներու պաշտպանութեան համար Արցախի մէջ միաւորուած երկրի բարեկամներուն համար` ո՛չ միայն աւելի մօտէն առնչուելու Արցախին եւ թարմացնելու իրենց պատկերացումները, այլ նաեւ կապ հաստատելու իրարու հետ, միտքեր ու կարծիքներ փոխանակելու` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ եւ ուրուագծելու ապագայի աշխատանքները: Ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է հետեւողական կերպով նման նախաձեռնութիւններու դիմել: