Անատոլ լրատու գործակալութեան համաձայն, Հասիչէի եւ Ռաքքայի ուղղութեամբ կատարուած թրքական յարձակումներուն հետեւանքով, քրտական ինքնապաշտպանողական ջոկատներ հակահարուածներ ուղղած են թրքական կողմին, որուն Իբրեւ արդիւնք, Հալէպի հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ, երէկ եւ այսօր հեղի ունեցած բախումներուն արդիւնքով 4 թուրք զինուոր սպանուած է, 6՝ը վիրաւորուած։

Թրքական բանակը կը հրթիռակոծէ Հասիչէի եւ Ռաքքայի շրջակայ գիւղերը, ներառեալ այդ նահանգներու ենթակառոյցները, ջրամատակարարման եւ ելեկտրածին կայանները, ամբարտակները, քարիւղի դաշտերն ու բնակարանային թաղամասերը։ Այս բոլորին հետեւանքով քաղաքացիներ կը զոհուին եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ կ՚արձանագրուին։