Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շեշտեց, որ ապօրինի կերպով Սուրիա ներխուժած օտար ուժերը պէտք է դուրս գան Սուրիայէն։

Փութին, RT կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ բոլոր անոնք, որոնք ապօրինի կերպով որեւէ երկրի, յատկապէս Սուրիոյ տարածք կը գտնուին, անհրաժեշտ է որ դուրս գան այդ տարածքներէն։

Պէտք է ազատագրել Սուրիան օտար զինեալ ուժերէն եւ պահպանել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը։

Յայտնենք, որ ռուսական օդուժը, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան պահանջքին հիման վրայ, 2015-էն ի վեր կը զօրակցի սուրիական բանակին՝ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին մէջ։