Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ պատարագին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան օրուան խորհուրդին անդրադարձաւ, դիտել տալով Գիրերու Գիւտին ինքնուրոյն տեղն ու դերը Հայ ժողովուրդին պատմութեան մէջ: Անկիւնադարձային փուլ մը, որով հոգեմտաւոր պայծառութիւն ունեցաւ Հայ ժողովուրդը: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ դարեր շարունակ, հակառակ բազմաբնոյթ տագնապներուն եւ նեղութեանց հայը պահեց իր ինքնութիւնը շնորհիւ սրբաշէն գիրերուն: Ուստի, հարկ է ընթանալ Ս. Մեսրոպի եւ իր գործակիցներուն ուղիով, օտարացնող եւ այլասերող հոսանքներուն դէմ դնելով: Նուիրական պայքար մը, որ հաւատքով եւ ազգային գիտակցութեամբ կը մղուի:

Ապա սրբազան հայրը խօսեցաւ անցնող օրերուն Ճեզիրէի մէջ տիրող անապահով վիճակին մասին, որուն գլխաւոր դրդապատճառը Թուրքն է, որ կը յանդգնի Սուրիական Հայրենիքին հիւսիւսարեւելեան շրջանի բնակչութեան վնաս հասցնել եւ հողային տարածքներ գրաւել: Դատապարտելի դէպքերուն որպէս հետեւանք շատ մը հայ ընտանիքներ ապահով գիւղեր փոխադրուեցան: Սրբազան հայրը յորդորեց համբերութեամբ տոկալ եւ յոյսին կառչած մնալ, որպէսզի տեղահան եղողներ Աստուծոյ կամքով վերադառնան իրեն տունն ու տեղը: Ան միաժամանակ յայտնեց թէ Բերիոյ Հայոց Թեմը իր Առաջնորդով եւ Ազգային իշխանութեամբ կը զօրակցի եւ զօրավիգ կը կանգնի Ճեզիրէի հայ համայնքին: Թեմակալ Առաջնորդը մշտական ձեւով կապի մէջ է առաջնորդական փոխանորդին հետ, վերջին անցուդարձերէն տեղեակ ըլլալու եւ հարկ եղած մարդասիրական աջակցութիւնը ցուցաբերելու համար:
Արարողութեան ներկայ էին Ազգ. իշխանութեան եւ վարչութեան ներկայացուցիչներ: Հաւատացեալներու բազմութիւնը երկիւղած եւ ջերմ ապրումով մասնակից դարձաւ հոգեպարար արարողութեան:
“Տէր Ողորմեա” հոգեւոր երգին ընդմէջէն Սուրիոյ եւ յատկապէս Ճեզիրէի տարածաշրջանին համար խաղաղութիւն խնդրուեցաւ երկնաւոր Հօրմէն:
Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Սուրիոյ նահատակներուն հոգւոյն:
Թող Աստուած Իր հովանիին ներքեւ պահէ Սուրիան:

Տէր Խորէն Քահանայ Պէրթիզլեան