Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2019-ին, սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց Հալէպի արեւելեան արուարձաններէն Մունպուճ մուտք գործելը։

Հրամանատարութիւնը կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ օտար ուժերու դէմ պայքարող բոլոր կողմերուն գործակցելու՝ ազատագրելու Սուրիոյ ողջ տարածքը։
«Ալ Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ քրտական ՔԱՍԱՏի ուժերը սուրիական բանակին դիմաց բաց պահած են Մունպուճի բոլոր անցքերը։