12 Հոկտեմբերին, Արցախի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոն  այցելած են Համաժողովի մասնակից Արցախի բարեկամներ Հարաւային Ամերիկայէն, Չիլիէն` Ռիքարտօ Նունեզ եւ Արժանթինէն` Ռուբէն Ճուսթինիան: Այցելուներուն կ’ընկերակցէին Ընկերվարական փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան եւ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ:

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն ներս հիւրերը ընդունած են ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան, Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ: Յակոբ Տէր-խաչատուրեան ողջունած է հիւրերը եւ տեղեկացած է Ֆորումի մասնակիցներուն տպաւորութիւններուն մասին:

Չիլիի ընկերվարական կուսակցութեան առաջնորդներէն Ռիքարտօ Նունեզ կարեւոր համարած է Համաժողովի աշխատանքներուն յարատեւումը եւ նման համաժողովներու պարբերաբար կատարուիլը:Ան շեշտած է Արցախի ժողովուրդի պայքարին միջազգային արժէքը, որովհետեւ Արցախի ժողովուրդը կը պայքարի համամարդկային արժէքներուն համար:

Արանթինի նկերվարական կուսակցութեան ղեկավարներէն Ռուբէն Ճուսթինեան շեշտած է, որ Արցախի պայքարը լայն տարածում կրնայ ունենալ Հարաւային Ամերիկայի մէջ, որովհետեւ  այդ երկրամասի ժողովուրդները անցած են ազատագրական պայքարի ուղին եւ իրենց համար հոգեհարազատ է այդ պայքարի ուղին անցած ժողովուրդին ապրումներն ու ցանկութիւնները:

ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան յայտնած է, որ վերջերս Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանէն եւ իր Հարաւային Ամերիկա այցելութենէն ետք կ’ակնկալուի, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ Արցախը պէտք է իր պաշտօնական ներկայացուցիչը ունենայ: Հարաւային Ամերիկայի ԿԿ ներկայացուցիչները Համաժողովը կարեւոր համարած են այն առումով, որ իւրաքանչիւր մասնակից զգացած է, որ ինքը մենակ չէ եւ կը սատարէ Արցախի դատին:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան համոզմունք  յայտնած է, որ Համաժողովը համաշխարհային մակարդակով ցանցի ստեղծման հարթակ կրնայ հանդիսանալ, որ պարբերաբար տեղեկութիւններ կը ստանայ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին եւ կը կարենայ իր առաջարկութիւններով եւ դիտարկումներով նպաստել Արցախի յառաջընթացին: Ան հաւաստիացուցած է, որ Համաժողովի աշխատանքները շարունակական պիտի ըլլան :