Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը յայտարարութիւն  հրապարակած է Սուրիոյ մէջ ընթացող իրադարձութիւններուն մասին․

«Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ մեր աշխարհասփիւռ անդամները տագնապով կը հետեւին Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումներուն եւ մասնաւորապէս այդ երկրի հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող զինուորական ներխուժման: Մեր տեղական կառոյցներէն ու համայնքներէն ստացուող տեղեկութիւնները կը մատնանշեն ահագնացող մարդասիրական ճգնաժամի եւ փախստականներու նոր ալիքի մասին: Իրավիճակը կը պահանջէ անյապաղ արձագանգ միջազգային հանրութեան եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու կողմէ:

Մենք ի գիտութիւն կ՛ընդունինք ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան, ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Ծայրագոյն Պատրիարքին եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին յայտարարութիւնները, որտեղ կոչ կ՛ուղղուի միջազգային հանրութեան անյապաղ գործել տարածաշրջանին մէջ խաթարուած միջազգային խաղաղութիւնը վերականգնելու համար:

իբրեւ ներկայ Թուրքիոյ վարչախումբին նախորդներուն կողմէն 1915 թուականին իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու սերունդներ` մենք քաջ գիտենք, թէ որքան մարդոց կեանք կրնայ խլել այսպիսի արարք: ՀԲԸՄ-ը կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն անմիջապէս վերջ դնելու ներխուժման եւ Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ գործողութեան, որ զարհուրելիօրէն նման է Օսմանեան Կայսրութեան կողմէն գրեթէ մէկ դար առաջ իրականացուած որոշ գործողութիւններու: Մենք կոչ կ՛ուղղենք միջազգային հանրութեան պատասխանատուութեան ենթարկելու Թուրքիան իր գործողութիւններուն համար` համարելով, որ նման քայլ 1915-ին կարող էր զգալիօրէն փոխել հայ ժողովրդին պատմութեան ընթացքը»: