«Արմէնփրէս».-  Nederlandse Omroep Stichting (nos.nl) պարբերականը կը հաղորդէ, որ Հոլանտայի խորհրդարանի ստորին պալատը բանաձեւ  ընդունած է, ուր կառավարութեան յանձնարարած է դադրեցնել Թուրքիա սպառազինութիւններու, զէնքի եւ պահեստամասերու մատակարարումները:

Աղբիւրին համաձայն, Հոլլանտան տարեկան  քանի մը տասնեակ միլիոն եւրոյի այդ տիպի ապրանքատեսակներ  կ’արտահանէր Թուրքիա: