Սուրիական բանակին եւ քրտական խմբաւորումներուն միջեւ եղած համաձայնութեան լոյսին տակ, այսօր առաւօտուն սուրիական բանակը յառաջացաւ երկրի հիւսիսային շրջաններուն ուղղութեամբ եւ ընդլայնեց իր ներկայութիւնը Հասիչէի, Գամիշլիի եւ Ռաքքայի մէջ:

ՍԱՆԱ-ի համաձայն, այսօր սուրիական դրօշը ծածանիլ սկսաւ Հասիչէի եւ Գամիշլիի պետական շարք մը կառոյցներուն վրայ: