13 Հոկտեմբեր 2019-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեան խորհրդարանի նիստին ելոյթ ունենալով անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ի գործ դրած զինուորական գործողութիւններուն:
Դոկտ. Արիսեան յայտնեց, որ Սուրիոյ պատերազմի վերջին 8 տարիներուն ժողովուրդը դէմ դրաւ ահաբեկչական զանազան խմբաւորումներու եւ յաղթական դուրս եկաւ: Այսօր Սուրիան դէմ յանդիման կը գտնուի թրքական նոր ներխուժումի մը, որ կը կոչուի «Խաղաղութեան աղբիւր», սակայն ատիկա ոչ մէկ կապ ունի խաղաղութեան հետ: Այդ գործողութիւնը ահաբեկչութեան, բռնութեան եւ ջարդի դրսեւորում է: Սա օսմանականութեան վերակենդանացումն է Սուրիոյ մէջ, ուր թրքական բարբարոսութիւնը իր հետքը թողուց շրջանի արաբ, ասորի, հայ եւ այլ ժողովուրդներուն վրայ:
Արիսեան կարեւոր համարեց ոճրագործները հաշուետուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս անոնք, որոնք տակաւին կ’երազեն օսմանեան նկրտումները իրականացնելու մասին` հաստատելով, որ Սուրիան մասնատելու բոլոր ճիգերը ի դերեւ ելան:
Իր խօսքի աւարտին Արիսեան դիտել տուաւ, որ բոլոր ոճրագործները եւ բռնագրաւողները պիտի ստանան իրենց համապատասխան պատիժը` Սուրիոյ բանակին եւ երկրի նախագահ Պաշշար Ասատի ջանքերուն շնորհիւ: