Սուրիական բանակի միաւորները կը շարունակեն վերահաստատուիլ Հալէպ նահանգի հիւսիսարեւելեան արուարձաններէն Մունպուճի զանազան թաղամասերուն մէջ՝ ժողովրդային ցնծութեան ներքոյ:
ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ Մունպուճի բնակիչները իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին սուրիական բանակին քաղաք մուտք գործելուն առիթով եւ սուրիական դրօշները պարզած քաղաքի մուտքին դիմաւորեցին սուրիական բանակի միաւորները: Անոնք հաստատեցին, որ սուրիական բանակը կարողութիւն ունի դուրս մղելու թրքական թշնամի ուժերն ու անոնց ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները եւ սուրիական հայրենիքին հողը հականեխելու սրբապիղծ ահաբեկիչներուն հետքերէն: