«Երկիր».-15 Հոկտեմբերին ՀՀ Ազգային Ժողովի Հայաստան-Քանատա բարեկամական խումբը հանդիպած է Հայաստանի մէջ գտնուող` Քանատայի շարք մը նահանգային օրէնսդիր մարմիններու անդամներուն հետ:
Պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամ Արիս Բաբիկեան, Քեպեքի նահանգային խորհրդարանի անդամ Կի Ուելետ, Թորոնթոյի քաղաքային խորհուրդի անդամ Ճիմ Քարիճիանիս, Մոնրէալի քաղաքային խորհուրդի անդամ Մերի Թերոս, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի անդամ Արշակ Մեսրոպեան, Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Յարութ Մաթոսեան եւ Քեպեքի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ Աբրահամ Նիզիպլեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հայ-քանատական գործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է գիւղատնտեսութեան, շրջակայ միջավայրի պահպանութեան, ջուրի աղբիւրներու կառավարման, տեղեկատուական ճարտարագիտական զարգացման քանատական փորձին, երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ քանատահայ համայնքի դերին եւ տակաւին ամբողջութեամբ չգործարկուած ներուժին: Կողմերը խօսած են նաեւ քանատական խորհրդարանական կառավարման համակարգին` Հայաստանի մէջ կիրառելի լաւագոյն տարրերը ուսումնասիրելու անհրաժեշտութեան մասին:
Հայկական կողմը շնորհակալութիւն յայտնած է քանատացի գործընկերներուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը Քանատայի մէջ պաշտօնապէս ճանչցուելուն եւ ցեղասպանութիւններու ճանաչման ու կանխարգիլման մէջ հետեւողական ըլլալնուն համար, ինչպէս նաեւ կարեւոր համարուած է Սուրիոյ դէմ սանձազերծուած թրքական յարձակման համարժէք միջազգային գնահատականն ու գործողութիւնները: