«Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 15 Հոկտեմբերին կառավարութեան մէջ հանդիպում ունեցած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Ողջունելով Արցախի նախագահը` վարչապետ Փաշինեան յայտնած է.
«Յարգելի պարոն նախագահ, յարգելի պարոն Սահակեան,
ուրախ եմ Ձեզ տեսնելու համար եւ կարեւոր կը համարեմ մեր պարբերական հանդիպումները եւ շփումները: Անշուշտ, հանրութիւնը սոյն հանդիպումներէն ու ոչ բոլորի մասին տեղեակ է, որովհետեւ մենք գործնականօրէն անընդհատ կապի մէջ ենք եւ անընդհատ տարբեր հարցերով քննարկումներ կ’ունենանք: Այսօրուան քննարկումն ալ կը կարծեմ, կարեւոր է, վերջին շրջանին տեղի ունեցած շարք մը հանդիպումներու, քննարկումներու արդիւնքները եւ տպաւորութիւնները Ձեզ հետ բաժնեկցելու առումով: Այնպէս որ, շատ ուրախ եմ Ձեզ տեսնելու համար»:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան իր խօսքին մէջ դիտել տուած է.
«Շնորհակալութիւն, պարոն վարչապետ:
Ես նոյնպէս ուրախ եմ հանդիպումին համար: Ինչպէս կարգն է այս հանդիպումներու ընթացքին քննարկել, տեղի ունեցած շարք մը իրադարձութիւններ, նշանաւոր իրադարձութիւններ, եւ այդ ամէնուն մասին ես Ձեզ տեղեկութիւններ կը հաղորդեմ: Եւ այս կարգի հանդիպումներու ընթացքին մենք ի մի պիտի բերենք նախորդ ժամանակաշրջանի աշխատանքները եւ նախանշենք յաջորդ մեր առաջադրանքները: Շատ ուրախ եմ հանդիպումին համար»:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Բակօ Սահակեան քննարկած են Հայաստան-Արցախ կապերու զարգացման եւ ամրապնդման վերաբերող հարցեր: