«Ապառաժ».-ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան 16 Հոկտեմբերին ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը:
«Այսօր ընդունեցի Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկեցինք արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր», արձանագրած է Արմէն Գրիգորեան իր դիմատետրի էջին վրայ: