ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ողջունելով, սակայն անբաւարար նկատելով Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործադրած բռնարարքներուն իբրեւ հետեւանք՝ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններուն պատժամիջոցները, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը նախաձեռնած է Անգարայի դէմ աւելի խիստ պատժամիջոցներ պահանջող արշաւի մը՝ կոչ ուղղելով ամերիկահայութեան, որ իր մասնակցութիւնը բերէ անոր։

Արշաւին մասնակցելու համար՝ այցելել anca.org/StopErdogan կայքէջը։
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կը շեշտէ, որ մինչ պատժամիջոցներ կ՛որդեգրուին Թուրքիոյ դէմ, ամերիկեան իշխանութիւները կը շարունակեն Հայոց Ցեղասպանութան Ճանաչման գծով հետեւիլ Անգարայի ուրացման քաղաքականութեան՝ մերժելով յստակօրէն ճանչնալ պատմական այդ իրողութիւնը։ Ան կ՛աւելցնէ, թէ հիմա լաւագոյն առիթն է վաւերացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող եւ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած թիւ 296 բանաձեւը, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտին ներկայացուած նոյնիմաստ թիւ 150 բանաձեւը։
Աւելցնենք, որ քոնկրեսականներ Ալպիօ Սիրես եւ Թետ Լու եւս Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ բռնարարքներուն մասին խօսելով՝ յիշեցին, թէ Անգարա երկրին փոքրամասնութեանց դէմ նման քաղաքականութիւն վարած է անցեալին եւս, ակնարկերլով Հայոց Ցեղասպանութեան, իսկ Լու աւելցուց, թէ այժմ լաւագոյն պահն է Ուաշիկթընի համար, յստակօրէն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։
Յայտնենք նաեւ, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը իր կազմակերպած խորհրդաժողովին օրակարգին վրայ աւելցուցած է նիստ մը՝ քննարկելու համար Թուրիքոյ վերջին բարբարոսութիւնները Սուրիոյ մէջ։ Նիստը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 19 Հոկտեմբերի քննարկումներուն ընթացքին, առաջնորդութեամբ՝ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի եւ իրաւաբան Էտվին Մինասեանի։
Յաւելալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.ancawrgrassroots. eventbrite.com կայքը։