«Գանձասար»ի Գամիշլիի թղթակիցը համառօտ կերպով ներկայացուց Ճեզիրէի հայութեան ներկայ վիճակը, յայտնելով հետեւեալը. « Մէկ շաբաթ առաջ տեղի ունեցած թրքական զինուորական ուժերուն ներխուժումը Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններ լարուած վիճակի մէջ պահեց Ռաս ուլ Այնի, Տերիքի, Գամիշլիի եւ Հասիչէի հայութիւնը, մանաւանդ այն պատճառով, որ ներխուժողը բարբարոս թուրքն էր, որուն ջարդարար վարքագիծին քաջատեղեակ է հայութիւնը եւ քանիցս զգուշացուցած է իր շրջապատն ու միջազգային հանրութիւնը անոր ծաւալապաշտական եւ ջարդարար ախորժակներէն։
Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2019-էն մինչեւ Կիրակի ուշ գիշեր անյոյս ու տխուր դէպքեր իրարու յաջորդեցին՝ յուսահատութիւն յառաջացնելով Ճեզիրէի հայութեան մօտ։ Ոմանք առժամեայ փոխադրուեցան աւելի ապահով շրջաններ՝ Հալէպ, Դամասկոս եւ այլն։ Շատեր պատրաստուեցան նոյն քայլը առնելու դէպքերու վատթարացման կամ ռմբակոծումի շարունակման պարագաներուն։ Սակայն Կիրակի ուշ գիշերին, երբ սուրիական բանակի միջամտութիւնն ու շրջան մուտք գործելը յայտարարուեցաւ, Ճեզիրէի ամբողջ տարածքին ծայր առին ժողովրդային հանրահաւաքներ, որպէս սուրիական բանակին ողջոյնի եւ զօրակցութեան արտայայտութիւն։
Այսպիսով պետութիւնը իր վերահսկողութեան տակ առաւ հիւսիսարեւելեան կարգ մը շրջաններ ու միանալով քիւրտերուն երկրին եւ ժողովուրդին պաշտպանութիւնը երաշխաւորեց։

Գամիշլիի ազգային վարժարանները Հինգշաբթի օրուընէ փակ էին։ Մինչև այսօր մարդիկ, զգուշութեան բերումով, կը տատամսին իրենց զաւակները վարժարան ուղարկելու, հակառակ անոր որ Երկուշաբթի օրուընէ ազգային դպրոցներու տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը ներկայ են այնտեղ։
Մարդիկ ապահովութիւնը շօշափելու պարագային միայն կրնան անվախ ճամբել իրենց զաւակները դպրոց։

Կը նախատեսուի յառաջիկայ Երկուշաբթի օրինաւոր կերպով վերսկսիլ դպրոցական վերամուտը։

Ինչ կը վերաբերի ընդհանուր կացութեան, Գամիշլիի շուկաները գրեթէ չեն բանիր, սակայն հացն ու ուտեստեղէնը կ՚ապահովուին։ Գործատեղիները բաց կը մնան մինչեւ կէսօր։ Բոլորը կը սպասեն վերջնական խաղաղութեան եւ տագնապի քաղաքական լուծման, որպէսզի անբաղձալի դէպքեր չպատահին եւ օտար ուժեր չտարածուին սուրիական հողերու վրայ։

Գամիշլիի Ազգային Առաջնորդարանի դռները բաց են ժողովուրդին դիմաց ամէն օր։ Ազգայիններ պատրաստ են ամէն պարագաներու տակ օգնելու կամ օժանդակելու Առաջնորդարան դիմողներուն։ Շրջանի հայ տղոց պահակախումբը իր լրիւ կազմով կը հսկէ ազգային կալուածներուն եւ ժողովուրդին ապահովութեան։

Ներկայիս քաղաքը խաղաղ ու հանդարտ է, սակայն ժողովուրդը զգուշութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն»։