Հոկ­տեմ­բեր ամս­ուան ամէ­նէն աւե­լի յի­շա­տա­կուող տօ­նը Թարգ­ման­չաց տօնն է։
Թարգ­ման­չաց տօ­նը իր մէջ կը խտաց­նէ ոչ միայն հայ գի­րե­րու գիւ­տը, թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, այ­լեւ հայկական դպ­րոց­նե­րու հիմ­նադ­րու­թիւնը, հայ մշա­կոյ­թի եւ ազ­գա­յին ինք­նու­րոյն գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան ծնուն­դը։
Ոս­կե­դա­րու մե­ծա­գոյն իրա­դար­ձու­թիւնը հա­մա­րուող հայ գի­րե­րու գիւ­տին տօ­նին առի­թով Շա­բաթ 12 Հոկ­տեմ­բեր 2019-ին Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի ըն­տա­նի­քը իր երախ­տա­գի­տու­թիւնը յայտ­նեց մայ­րե­նի լեզ­ուի առա­ջին ու­սու­ցիչ ու հայ գի­րե­րու գիւ­տա­րար Ս. Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի, Ս. Սա­հակ Պար­թեւ կա­թո­ղի­կո­սի ու թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րուն։
Հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Բեր­իոյ Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եա­նի, մաս­նակ­ցութ­եամբ քահանայից դա­սուն, ներ­կա­յու­թեամբ Բեր­իոյ Թե­մի Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, Ճե­մա­րա­նի խնամակա­լու­թեան, Տնօ­րէ­նու­թեան, Ու­սում­նա­կան Խոր­հուր­դին, Կր­թա­կան Մշակ­նե­րուն եւ Ճե­մա­րա­նի աշակերտութեան, Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Եկե­ղեց­ւոյ մէջ, Սր­բոց Թարգ­ման­չաց տօ­նին առի­թով Ս. եւ Ան­մահ Պատարագ մա­տուց­ուե­ցաւ։
Օր­ուան խոր­հուր­դը փո­խան­ցեց թե­միս Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայ­րը։
Ան յայտ­նեց որ «Թարգ­ման­չաց տօ­նը ազ­գա­յին, մշա­կոյ­թի ու լեզ­ուի տօն ըլ­լա­լէ ան­դին՝ աստ­ուա­ծա­յին իմաս­տու­թիւնը ընկալե­լու եւ հան­ճա­րե­ղին լոյ­սին հաս­նե­լու հրա­ւէր մըն է։ Յե­տա­դարձ ակ­նար­կով եթէ պահ մը աչք նե­տենք մեզ շր­ջա­պա­տող ազ­գե­րուն պի­տի տես­նենք, որ քա­ղա­քա­կիրթ ու յա­ռա­ջա­դէմ են այն ազ­գե­րը, որոնք ու­նե­ցած են գիր, գրա­կա­նու­թիւն եւ մշակոյթ»։
«Թարգ­ման­չաց վար­դա­պետ­նե­րուն շնոր­հիւ մեր ժո­ղո­վուր­դը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ձեռք բե­րաւ հո­գե­ւոր հա­րուստ ժառանգութիւն, որ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ յա­ռաջ­դի­մու­թեան ազ­դակ հան­դի­սա­ցաւ հա­յու­թեան հա­մար։
«Մեր ժո­ղո­վուր­դը դա­րե­րու ըն­թաց­քին, տե­սած է ող­բեր­գու­թիւն­ներ, ու­նե­ցած է մեծ կո­րուստ­ներ, նա­հա­տակ­ներ, զո­հեր, սակայն տէր կանգ­նած է իր «հա­ւատ­քի խո­րա­նին» եւ «իմաս­տու­թեան տա­ճա­րին։
«Հայ եկե­ղեց­ւոյ ու հայ դպ­րո­ցի շնոր­հիւ մին­չեւ օրս կ’ապ­րինք հայ, կը գրենք ու կը կար­դանք հա­յե­րէն։ Ձեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը պար­տա­ւոր է պա­հել այս աւան­դը ու փո­խան­ցել յա­ջոր­դող սե­րուն­դին»։
Յետ Ս. եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գին Ճե­մա­րա­նի շր­ջա­փա­կէն ներս հո­գե­հանգստ­եան պաշ­տօն կա­տար­ուե­ցաւ Թարգմանչաց վար­դա­պետ­նե­րուն, Ճե­մա­րա­նի հիմ­նա­դիր­նե­րուն, հան­գուց­եալ։ կր­թա­կան մշակ­նե­րուն եւ բարերարներուն յի­շա­տա­կին։
Արա­րո­ղու­թիւնը փակ­ուե­ցաւ «Կի­լիկ­իա» մաղ­թեր­գով, Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Եկե­ղեց­ւոյ դպ­րաց դա­սի եւ ներ­կա­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։
Այ­նու­հե­տեւ արա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը ուղղ­ուե­ցան Ազգ. Գե­րեզ­մա­նա­տուն՝ այ­ցե­լե­լու մե­ծա­հո­գի հա­յա­սէր Քա­րէն Եփ­փէի եւ մե­ծա­նուն գրա­գէտ Յա­կոբ Օշա­կա­նի շի­րիմ­նե­րը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ մո­մա­վա­ռու­թիւն եւ ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում։
Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն Յա­կոբ Քի­լէճ­եան անդ­րա­դար­ձաւ Քա­րէն Եփ­փէի ինք­նա­մո­ռաց աշ­խա­տան­քին ու նուի­րու­մին, որուն ար­գա­սի­քը վա­յե­լե­ցին տասն­եակ սե­րունդ­ներ շր­ջա­նա­ւարտ ըլ­լա­լով անոր հիմ­նած «Լոյ­սի տա­ճա­րէն», Ազգ. Քարէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նէն։ Եզ­րա­փա­կե­լով իր խօս­քը, տնօ­րէ­նը օր­ուան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց աշա­կեր­տու­թեան ըսելով՝ «Այ­սօր եր­կու մե­ծե­րու շի­րիմ­նե­րու դի­մաց կանգ­նած, դուք որ­պէս ճե­մա­րա­նա­կան­ներ պար­տա­ւոր էք անա­ղարտ պա­հել մեր ոս­կեղ­նիկ լե­զուն։ Հպար­տա­ցէ՛ք մեր երե­սուն եւ վեց զի­նուոր­նե­րէ բաղ­կա­ցած ան­խոր­տա­կե­լի բա­նա­կով։ Պահ­պա­նե­ցէ՛ք զայն, ինչ­պէս պի­տի պահ­պա­նէ­իք ձեր կեանքն ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնը»։
Հո­գե­կան ան­հուն գո­հու­նա­կութ­եամբ ներ­կա­նե­րը աղօթք բարձ­րա­ցու­ցին առ Աստ­ուած այս պահ­ուան բերկ­րան­քին արժա­նա­ցած ըլ­լալ­ուն հա­մար։
Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան