Ուաշինկթընէն քիւրտերուն դէմ արշաւելու ազդանշան ստանալէն երկու օր ետք, Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբերին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան իր օդուժն ու բանակը արձակեց սուրիական հողերէն ներս` գործադրութեան դնելով «Խաղաղութեան աղբիւր» անուանեալ արշաւանք մը, որ ո՛չ մէկ կապ ունի խաղաղութիւն հասկացողութեան հետ, այլեւ դրժումն է Սուրիոյ ու անոր գաղթականներուն հանդէպ հոգածութիւն ցուցաբերելու յոխորտանքին: Թրքական արշաւանքին առաջին երկու օրերը բաւարար եղան ճաշակ մը տալու համար, որ եաթաղանը օդանաւերով, հրասայլերով, իսկ ենիչերիները մարզուած բանակով փոխարինող Էրտողան աշխարհին ու դրացիներուն կը ներկայանայ այն տրամաբանութեամբ ու դիմագիծով, որուն ծանօթ ենք սուլթաններու, իթթիհատականներու ու հանրապետական իր նախնիներուն օրերէն:

Միջազգային զանգուածային լրատու աղբիւրներ լայն արձագանգ եղան թրքական յարձակողականին եւ հազուադէպ միաձայնութեամբ մը ահազանգ հնչեցուցին այն հետեւանքներուն մասին, որոնք նախընթաց օրերուն, շաբաթներուն եւ ամիսներուն աւելի մեղմօրէն ու հատ ու կենտ բարձրացած էին հոս-հոն: Ինչպէս կը նախատեսուէր, յարձակումներուն անմիջական հետեւանքները եղան (ու յարաճուն կերպով ալ կրնան շարունակուիլ յառաջիկայ օրերուն) քաղաքայիններու բնակավայրերու, աղօթավայրերու աւերում, անմեղ զոհեր, վիրաւորներ ու տասնեակ հազարաւորներու բռնագաղթ:

* * *

Մեկնաբանութիւններու նոր թափն ու ծաւալը հրապարակ նետեցին արդար ու ծիծաղելի տեսակէտներ: Մեր նպատակը այդ բոլորին վերաքաղը ընել չէ, այլ կ՛ուզենք մեկուսացնել մէկ քանի կէտ` զատորոշելու համար իրական մտահոգութիւնները կեղծիքէն:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ երկիրներ ու մամուլը գրեթէ միաձայնութեամբ դատապարտեցին թրքական յելուզակութիւնը` մտահոգութիւն յայտնելով մէկ կողմէ մարդկային նոր աղէտի մը արծարծման ու միւս կողմէ` ճանչցուած պետութեան մը սահմաններէն ներս ոտնձգութեան նկատառումով: Նորվեկիա յայտարարեց, որ կը դադրեցնէ ՆԱԹՕ-ի իր զինակիցին` Թուրքիոյ զէնքի մատակարարումը, Ֆրանսա մտահոգութիւն արտայայտեց, որ գրեթէ պարտութեան մատնուած «Իսլամական պետութեան» ոճրածին խմբաւորումները շուտով պիտի վերականգնին (Ֆրանսայի պէս շատեր հաւանաբար քաջածանօթ են այդ ոճրագործներուն կազմակերպման ու սուրիական եւ այլ հողերէ ներս արձակման մէջ Թուրքիոյ երկարատեւ դերակատարութեան, սակայն կը վարանին իր անունով կոչել բուն դաւադիրը), իսկ Լոնտոն բաւականացաւ մարդկային ողբերգութենէ մը զգուշանալու հրաւէր ուղղելով Թուրքիոյ` շեշտելով, որ կիզակէտը պէտք է ըլլայ «ՏԱՀԵՇ-ին դէմ պայքարը»: Հոս կ՛արժէ նշել, որ բրիտանական Պի. Պի. Սի.-ն «մարդասիրական հոգածութեամբ» մը կարճ ժապաւէն մը ցուցադրեց քիւրտերուն կողմէ ձերբակալուած ու բանտարկուած շուրջ 10 հազար ծայրայեղական զինեալներուն մասին` անոնց բանտարկութեան պայմանները որակելով… «խղճալի ու ահաւոր»: Վաղը, եթէ Էրտողան զանոնք ձեռք ձգէ եւ ուզէ եւրոպական երկիրներ արտածել, փափկասիրտները թող զանոնք հիւրընկալեն… Պաքինկհամ պալատին մէջ:

Էրտողան վրդոված է, որ եւրոպացիք իր անունով, այսինքն արշաւանք կը կոչեն թրքական յարձակողականը: Ան առանց բառերը ծամծմելու` սպառնաց Եւրոպական Միութեան, որ եթէ շարունակեն իր շղթայազերծած յարձակողականը արշաւանք որակել, եւրոպական երկիրներ պիտի ղրկէ իր հողերուն վրայ ապաստան գտած 3,6 միլիոն գաղթականները, մինչդեռ իր նպատակն է զանոնք վերադարձնել Սուրիա: Ան կ՛ըսէ, որ այս գործողութեան ձեռնարկած է, որպէսզի ջախջախէ «քիւրտ ահաբեկիչներուն եւ իսլամական պետութեան» ուժերը: Եւ ահա հոս կը ստեղծուի ծիծաղելիութեան վրան բաց դրուագ մը. քիւրտերը տարիներէ ի վեր, ու նոյնինքն ամերիկեան ուժերու ցուցմունքներով ու աջակցութեամբ, պատերազմած են ծայրայեղականներուն դէմ, ջարդած ու գերեվարած են անոնցմէ հազարաւորներ, իսկ գերիները վաղը կրնան անցնիլ Թուրքիոյ ձեռքը, որ զանոնք վերստին զինելով` կրնայ դարձեալ արձակել դէպի Իրաք, Սուրիա եւ այլ երկիրներ: Այս բոլորը նախատեսելու համար մարդս պէտք չունի ըլլալու «սուրճի գաւաթ կարդացող»…

ԱՐԱԲԱԿԱՆ աշխարհը միաձայնութեամբ (հազուադէպ երեւոյթ` վերջին տարիներուն) դատապարտեց Էրտողանի արշաւանքը: Դատապարտանքի ձայն բարձրացաւ նաեւ պաղեստինեան զօրակայանէն, մինչդեռ Էրտողան միշտ ալ ջանացած է ներկայանալ իսրայէլեան խժդժութիւնները քննադատողի եւ պաղեստինցիներու պաշտպանի դիմակով… Իրանի կեցուածքն ալ նման էր արաբականին. մինչեւ իսկ Իսրայէլէն ու Ազրպէյճանէն քննադատական ու զգուշացման արտայայտութիւններ ուղղուեցան Թուրքիոյ (պէտք չունինք մտնելու պատճառներու ծալքերուն մէջ` ցոյց տալու համար… երեսանցութիւնը): Էրտողան իր տոպրակին մէջ մեղադրանքներ ու սպառնալիքներ ունէր զինք քննադատող արաբներուն հասցէին` մասնաւորելով Սէուտական Արաբիան` Եմէնի մէջ ջարդեր կատարելուն համար, եւ Եգիպտոսը` բռնատիրական վարմունքին համար: (Տեսէք, թէ ո՜վ է քննադատողը…):

ՀԱՅԿԱԿԱՆ աշխարհէն եւս դատապարտումի ու մտահոգութեան արդար ձայներ բարձրացան: Հայաստանի կառավարութիւնը, ՀՅԴ Բիւրոն, Հայ դատի յանձնախումբը եւ մամլոյ աղբիւրներ գրեթէ նոյնանման բառերով արտայայտեցին իրենց մտահոգութիւնը, որուն մէջ կարեւոր բաժին ունի Սուրիոյ եւ մասնաւորաբար պատերազմական գօտիի վերածուած շրջանին հայութեան վիճակը: Հայրենի լրատու աղբիւրներ ալ առաւելաբար դէպքերուն մօտեցան հայերու վիճակուած վտանգներուն դիտանկիւնէն, սակայն կարելի չէ մոռնալ, որ նախընթաց փուլերուն` Հալէպի, Դամասկոսի, Քեսապի եւ այլ շրջաններու մէջ, թրքական ուղղակի եւ անուղղակի (վարձկան զինեալներուն միջոցով) յարձակումները խտիր չեն դրած հայուն, քրիստոնէական եւ իսլամական այլ համայնքներու զաւակներուն միջեւ, անոնք ըլլան մեծամասնութիւն թէ փոքրամասնութիւն: Բացայայտ է, որ Թուրքիա ծաւալապաշտ ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով ճամբայ ելած է, ծրագիրներ կ՛իրագործէ մաս առ մաս, երբեմն նահանջի կը մատնուի, յաճախ լուռ քաջալերանք կը գտնէ դաշնակիցներէ… Վաղը, երբ անմեղներու ջարդը երկարի ու զոհերուն թիւը բարձրանայ, պէտք չէ զարմանալ, որ Էրտողան դաշնակիցները մեղադրէ` ըսելով, որ իրեն տրամադրուած հրթիռներն ու ռումբերը… զինեալը պարզ քաղաքացիէն զոտորոշող տեսողութեամբ չեն օժտուած: Իսկ թէ ո՞վ պիտի պահէ զոհերուն ու աւերումներուն հաշիւը` այլ հարց:

* * *

Միացեալ Նահանգներու նախագահը ծիծաղելիութեան նոր գագաթ մը նուաճեց` մեղադրելով քիւրտերը, որովհետեւ անոնք… Նորմանտիի ցամաքահանումին (Բ. Աշխարհամարտին) չեն մասնակցած: Մամուլն ու կատակաբաններ «որսացին» Թրամփի այս նորագոյն «բանգիտութիւնը»` յիշեցնելով, որ իրականութեան մէջ քիւրտեր գտնուած են Նորմանտի ցամաք ելլողներուն շարքին, ընդգծեցին, որ քիւրտերը այսօր, ինչպէս` վերջին հինգ տարիներուն, կը պայքարին «իսլամ ծայրայեղականներու» դէմ, որոնք թշնամի հռչակուած են ամերիկեան վարչամեքենաներու կողմէ, կը նկատուին 11 Սեպտեմբերի պատմական ահաբեկումները կատարողներուն համադաս: Ուրիշներ արխիւներ պրպտելով` յիշեցուցին, որ Թրամփի «աչք գոցելուն» եւ Էրտողանին «կանաչ լոյս» տալուն մէջ պէտք է փնտռել նախ` Պոլսոյ մէջ առեւտրական «աշտարակներ» կառուցած ըլլալու իրականութիւնը, յետոյ նաեւ, ընտրական մրցակիցներու դէմ օտարներու միջամտութիւնը պահանջած ըլլալուն պատճառով, վերջին շաբաթներուն բարձրացած` պաշտօնազրկումի «փոթորիկ»-էն լուսարձակներ հեռացնելու տենդը: Թրամփի անփառունակ շրջադարձութիւնը ամերիկեան բեմին վրայ քննադատողներ (հաւասարապէս` հանրապետական եւ դեմոկրատ) հարց կու տան, թէ Ուաշինկթընի աչքով, Էրտողան որքա՞ն հող պէտք է գրաւէ, որքա՞ն մարդ ջարդէ ու աւերում տարածէ, որպէսզի նկատուի «կարմիր գիծը անցած» եւ արժանանայ «Թուրքիոյ տնտեսութիւնը պիտի խորտակեմ» սպառնալիքին իրականացման…

Բացայայտ ու քողարկուած խեղկատակութիւն մըն ալ բեմադրուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բեմին վրայ: Մինչ եւրոպացիք Թուրքիան դատապարտող եւ գործողութիւնները ետդարձի մատնելու միտումով բանաձեւ մը ներկայացուցած էին, իրենց դէմ գտան Ուաշինկթընի ու Մոսկուայի դեսպաններուն անհամաձայնութիւնը: Ուաշինկթընի ներկայացուցիչը ձայնակցեցաւ Թրամփի այն տեսակէտին, որ դէմ է թրքական յարձակողականին, «եթէ անիկա չյարգէ որոշ սահմաններ ու խաղին կանոնը», սակայն ետ կանգնեցաւ դատապարտելէ: Ռուսիոյ ներկայացուցիչին պատճառաբանութիւնը այն էր, որ պէտք չէ սահմանափակուիլ միայն թրքական ներխուժումը դատապարտելով, այլ պէտք է դէմ արտայայտուիլ Սուրիոյ հողերէն ներս բոլոր օտար ներկայութիւններուն ու ներթափանցումներուն: Հետեւանքը եղաւ այն, որ բանաձեւը անելի մատնուեցաւ` դուռը բաց ձգելով նոր սակարկութիւններու եւ արշաւանքի հետեւանքներուն ահագնացումին առջեւ:

* * *

Թրքական յարձակողականին յոռի հետեւանքներուն տարողութիւնը կը նսեմացնէ, չըսելու համար` ծիծաղելի կը դարձնէ կարգ մը այլ մեկնաբանութիւններ, որոնք կը փորձեն բացատրել քիւրտերուն տարապայման վիճակը, որքան ալ որ մարդ փորձէ ճշմարտութեան գիծեր տեսնել անոնց մէջ:

Օրինակի համար, քիւրտերու նկատմամբ վերապահութիւն ցուցաբերողներուն մօտ կը տեսնուին հետեւեալ գիծերը:

Սուրիոյ իշխանութիւնները կրնան որոշ անտարբերութեամբ դիտել քրտական ուժերուն պարտադրուող ճակատագիրը, նկատի ունենալով, որ խնդրոյ առարկայ գօտիին մէջ անոնք դէմ ելած են Դամասկոսի եւ կը հետապնդեն ինքնավար կամ մինչեւ իսկ անկախ դրութիւն. այս «վարկածը» կ՛անտեսէ միւս իրականութիւնը, թէ Թուրքիա միջազգային կերպով ճանչցուած սահման մը ոտնակոխ կ՛ընէ (քանի՛երորդ անգամ ըլլալով, ինչպէս ըրած է ու կ՛ընէ Իրաքի պարագային, իսկ Կիպրոսը… ո՜վ կը յիշէ այսօր):

Իրաքի եւ Իրանի մէջ ալ, կ՛ըսեն մեկնաբանները, քրտական նահանջ մը հաշտ աչքով պիտի դիտուի, որովհետեւ ծանօթ են քրտական ձգտումները` հիւսիսային Իրաքի եւ հիւսիս-արեւմտեան Իրանի մէջ:

Ռուսիա եւս, կ՛ըսուի, պատճառ ունի որոշ կրաւորականութիւն ցուցաբերելու Սուրիոյ քիւրտերուն նկատմամբ, որովհետեւ անոնք վերջին տարիներուն նախընտրեցին ո՛չ միայն գործել ի հեճուկս Մոսկուայի դաշնակից Դամասկոսի, այլ նախընտրեցին գործակցիլ ամերիկեան քանի մը հարիւր զինուորներու հետ, վայելել ամերիկեան հովանաւորութիւն (նիւթական շահակցութիւններու թղթածրարին մասին խօսք չ՛ըլլար ընդհանրապէս): Անշուշտ որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին Իրաքի քրտաբնակ շրջաններ այցելութիւնը, որ կատարուեցաւ առանց մեծ լուսարձակներու, այլ բաներ կը յուշէ եւ կրնայ վաղը նոր զարգացումներու ազդանշան դառնալ: Յարակից գիծի մը վրայ կը մատնանշուի, որ երկարատեւ բանակցութիւններէ եւ քաշքշուքներէ ետք, Էրտողան ի վերջոյ յաջողած է… պարտութեան մատնել Ուաշինկթընը` բացայայտ դարձնելով, որ վճռած է մինչեւ իսկ առանց անոր արտօնութեան անցնիլ յարձակման, հետեւաբար Թրամփի կը մնար տեղի տալ եւ իր զինուորները քաշել, հազար ու մէկ սին պատճառաբանութեամբ, պատերազմի դաշտի վերածուող գօտիէն, որպէսզի ներքին գետնի վրայ, ոտքերուն տակ արդէն այլապէս խարխլող հողը նոր վառելանիւթ չտրամադրէ հակառակորդներուն. փաստօրէն ամերիկացի ոեւէ զինուորի կորուստը կրնայ մեծ աղմուկ բարձրացնել (իսկ թէ Աֆղանիստանի մէջ ինկող զինուորները ինչո՞ւ նման հոգածութեան չեն արժանանար` այլ հարց. կամ` արդեօք պէ՞տք է անտեսել այն իրականութիւնը, որ թրքական յարձակումները չեն կրնար մեկնարկուած ըլլալ` առանց Ուաշինկթընի արտօնութեան ու անոր հետ համակարգումի): Նոյն գիծին վրայ չ՛անտեսուիր այն հաւանականութիւնը, որ Էրտողան Թրամփը կոկորդէն բռնած է այն պահուն, երբ ան արդէն պատէ պատ կը զարնուի Ուքրանիոյ, Չինաստանի եւ այլ երկիրներու վարիչներուն հետ «դաւադրական արարքներու» թղթածրարներուն բացումով:

* * *

Մեզի` հայերուս, ու թրքական ծաւալապաշտութեան հետեւանքները կրող ճակատագրակիցներու դիտանկիւնէն, վերոյիշեալ արդար ու անարդար մօտեցումները իրենց արժէքն ու կարեւորութիւնը ունին, սակայն կայ նաեւ աւելին, եթէ այս զարգացումները դիտենք ժամանակի եւ աշխարհագրական աւելի ընդարձակ ծիրերու մէջ:

Ծայրայեղութիւն ըրած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ Էրտողանի այս «սխրագործութիւնը» պէտք է դիտել… համաթուրանականութեան հին, բայց չհինցող ծրագիրներու ծիրին մէջ: Աւելի՛ն. մեր` հայութեան տեսանկիւնէն, կացութիւնը կրկնակիօրէն մտահոգիչ է այն առումով, որ եթէ Թուրքիոյ տրուած «կանաչ լոյս»-ին նկատմամբ միջազգային կրաւորականութիւնը եւ ձեռնածալութիւնը շարունակուի, սա կը նշանակէ, որ Թուրքիա ինքզինք անպարտ պիտի զգայ նոր ասպատակումներէ, իսկ անոր «եղբայրը»` Ազրպէյճան, միայն գոհունակութեամբ պիտի դիտէ Թուրքիոյ ձեռքերուն ազատ թողուիլ` իր կարգին անուղղակի քաջալերանք ստանալով արշաւելու Արցախի ու Հայաստանի դէմ: Շրջանի ընդհանուր պատկերին մէջ չենք կրնար չյիշել 2016-ի ապրիլը, որուն մանրատիպերուն ականատես ենք գրեթէ ամէն օր, սահմաններուն վրայ, զինեալ միջադէպերու ճամբով, կամ` «ղարաբաղցի ժողովուրդ չկայ, կայ Ազրպէյճան» յոխորտանքներով: Այս իրականութեան դիմաց, ինչի՞ կը նպաստեն Հայաստանի բեմին վրայ ծաւալող վէճերը…

Կանխամիջոցներն ու նախայարձակումը լաւագոյն պաշտպանողականներն են, սկսելու համար` քաղաքական-դիւանագիտական դաշտերուն մէջ: Բնական է, որ ոեւէ հայ ձայնակից է Հայաստանի իշխանութեան, ՀՅԴ-ի, Հայ դատի յանձնախումբի եւ այլոց դատապարտանքին ու կոչերուն, սակայն կարելի չէ կանգ առնել հոն, այլ պէտք է անցնիլ գործնական աշխատանքի` Թուրքիոյ վերածաւալումը կանխարգիլելու դիտաւորութեամբ:

Անմիջական դրացիներուն, նաեւ Եւրոպայի դէմ թրքական (առ նուազն) ոչ բարեացակամ վերաբերմունքին թիրախներուն միջեւ գործակցութեան դաշտեր պէտք է (ու կարելի՛ է) ստեղծել, կը մնայ, որ անոնք չնկատուին միրաժ, այլ մէկը դիմէ առաջին քայլին: Հայաստան, Կիպրոս, Յունաստան, Սուրիա, Եգիպտոս, Իրաք, նոյնինքն քիւրտերը, այլ «փոքրամասնութիւններ», կրօնական հաստատութիւններ եւ շարք մը երկիրներ կրնան ըլլալ նման շարժումի մը ազդանշանը տուողները, կորիզը, նախ` զանգուածներու աչքին բացայայտելու համար թրքական դիտաւորութեանց իսկութիւնն ու տարողութիւնը, յենելով մօտիկ ու հեռաւոր անցեալի իրական տուեալներուն վրայ, նպատակադրելով Անգարայի նոր աշխարհակալութեան սանձումը, իրազեկուող զանգուածներու կողմէ իրենց պետութեանց վրայ ճնշումի բարձրացումով: Թուրքիոյ ներքին բեմին վրայ իսկ կարելի է որոնել եւ գտնել համախոհ-լծակիցներ:

Աշխարհի այժմու «տրամաբանութիւնն» ու իրական կացութիւնները նման նախաձեռնութեան դիմաց կրնան հազար ու մէկ Հիմալայեաններ բարձրացնել, սակայն վարպետ լեռնագնացներ նուաճած են աշխարհի ամէնէն անմատչելի գագաթները: