Եթէ ինձմէ պահանջուի, որ թուեմ ամէնէն գործածական այն տասնհինգ հայերէն բառերը, որոնք «չա»-ով կը սկսին, պիտի պատասխանեմ.

-Չակերտ, չիր ու չամիչ, չար, չարչարել, չափ, չէզոք, չղջիկ, չնչին (աննշան), չոր, չորս, չուան, չքաւոր, չքնաղ, Չինաստան։

Նոյնը եթէ խնդրուի «ջէ»-ով սկսող բառերուն համար, պիտի պատասխանեմ.

-Ջահ, ջաղացք, ջամբել, ջայլամ, ջանք, ջարդ, ջերմ, ջիղ, ջնարակ, ջինջ, ջատագովել, ջոկատ, ջորի, ջութակ, ջուր։

Այս երեսուն բառերուն ուղղագրութիւնը եթէ իւրացուցիք, ապա ինքնաբերաբար ճիշդ ու անսխալ պիտի գրէք այն միւս բոլո՜ր հարիւրաւոր բառերը, որոնք  կազմուած են վերիններէն՝ ածանցումով կամ բարդումով։ Օրինակ, եթէ ՉԱՓ բառը ճիշդ ուղղագրել գիտէք, բնականաբար անսխալ պիտի գրէք չափագէտ, չափազանց, չափահաս, չափանիշ, չափաւոր, չափչփել բառերը, որոնք ամէնքն ալ ունին միեւնոյն արմատը։ Կամ եթէ ՋՈՒՐ բառին ուղղագրութեան վստահ էք, ապա ճիշդ պիտի գրէք ջրաբոյս, ջրբաշխ, ջրալի, ջրոտ, ջրախառն, ջրածին, ջրաղաց, ջրաղուէս, ջրաման, ջրամբար, ջրաներկ, ջրանիւ, ջրանցք, ջրդեղել, ջրվէժ, ջրհեղեղ, ջրօրհնէք, ջրմուղ, անձրեւաջուր բառերը։

«Չա»-ով սկսող հայերէն բառերը մեծ թիւ մը չեն կազմեր. սահմանափակ են։ Միւս կողմէ սակայն, այս գիրը, իբրեւ նախադաս մասնիկ («ոչ»-ի իմաստով), գործածութեան անսահման դաշտ մը ունի իր առջեւ՝ բառերը ժխտականի վերածելու իր պարտականութեամբ.- Աստուած-չաստուած, մասնակցող-չմասնակցող, տես-չտես, գացի-չգացի, կ’երազէր-չէր երազեր։ Անիկա իր իւրայատուկ տեղն ունի նաեւ իբրեւ յետադաս մասնիկ.- գրիչ, ոսկերիչ, սափրիչ, մատնիչ, վարիչ, հսկիչ, կամ՝ վայելուչ, ընկալուչ, սրտառուչ, տեսուչ, կամ՝ փախչիլ, թռչիլ, դպչիլ։

Մինչդեռ, «ջէ»-ին գործածութիւնը, բառասկիզբին, շատ աւելի յաճախադէպ է։ «Ջէ»-ն ինքզինք ցոյց կու տայ նաեւ ազգականական կապ արտայայտող գոյականներու սեռական-տրական հոլովի վերջաւորութեան.- քոյր-քրոջ, կին-կնոջ, տագր-տագրոջ, տալ-տալոջ, ընկեր-ընկերոջ եւ այլն։

Ինչո՞ւ՝ չեմ գիտեր, ամէն անգամ որ «ջէ» գիրին մասին խօսք բացուի, ես անմիջապէս կը յիշեմ մեր անմահանուն երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի նշանաւոր գործը՝ «Ազգային Ջոջեր»ը։

«ՋՈՋ»։ Երեք տառէ բաղկացեալ փոքրամարմին բառի մը մէջ՝ երկու «ջ»-եր։

Պարոնեան շատ սիրուած ու կարդացուած հեղինակ է։ Եւ ան, իր գրութիւններուն մէջ, երբեմն գործածեր է այնպիսի բառեր, անուններ կամ դարձուածքներ, որոնք հետագային կարծէք այլեւս նոյնացեր են իր անունին հետ։ Օրինակ, «Աբիսողոմ» անունը եթէ արտասանուի ձեր դիմաց, դուք ի՞նչ կամ զո՞վ կը մտաբերէք։ – Կասկած չկայ, որ անմիջապէս կը յիշէք Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ը։ «Պաղտասար» անունն ալ բան մը կը յիշեցնէ՞ ձեզի։ – Ամենայն հաւանականութեամբոչ ոք պիտի յիշէ ԺԸ. դարու պոլսահայ տաղասաց Պաղտասար Դպիրը, բայց ամէն ոք պիտի մտաբերէ Պարոնեանի «Պաղտասար Աղբար» թատերգութիւնը։

Նոյնն է պարագան «ջոջ» բառին ալ։ Ասիկա զուտ «պարոնեանական» բառ մըն է եւ զուգահեռ կը քալէ Պարոնեանի անունին հետ, ահա արդէն շուրջ 130 տարիէ իվեր։

«Ջոջ» կը նշանակէ մեծ, մեծաւոր, աւագ։ Այլ խօսքով՝ հանրային կեանքի մէջ երեւելի դէմք։ «Գիւղին ջոջերը հաւաքուեցան գիւղապետին դղեակը ու ժողով գումարեցին»։ Կամ՝ «Ասոնք մեր թաղին աղաներն են՝ ջոջերը»։

Պարոնեան իր «Ազգային Ջոջեր»ուն մէջ երգիծական սուր բնութագրումներով ներկայացուցած է դիմաստուերները իր ժամանակաշրջանի պոլսահայ շուրջ երեսուն աւագ դէմքերու, աշխարհական ու եկեղեցական դասէն։ Հոն կը տողանցեն Ներսէս պատրիարք Վարժապետեանն ու Խորէն եպս. Գալֆայեանը (Նարպէյ), կաթողիկէ հայոց պատրիարք Անտոն Հասունեանը, խմբագիրներ Կարապետ Իւթիւճեանն ու Կարապետ Փանոսեանը, Սիմոն Ֆէլէկեանն ու Յովհ. Տէրոյենցը, բժիշկ-վիպագիր Յովսէփ Շիշմանեանն ու Խաչատուր Միսաքեանը,  եւ տակաւին՝ Վահան Պարտիզակցին, տպագրիչ Յովհ. Միւհէնտիսեանը, ճարտարապետ Սարգիս պէյ Պալեանը, բարերար Մկրտիչ Էսայեանը, վարպետ դերասաններ Յակոբ Վարդովեանն ու Թովմաս Ֆասուլեաճեանը եւ ուրիշներ։

Կը տարուիմ մտածել, որ այս «ջոջ» բառը, Պարոնեանի ազդեցութեամբ, այլեւս մեր լեզուին մէջ զգեցած է հեգնական երանգ մը, ծաղրական ու ժխտական գոյն մը։

-Ազգային ջոջերը  սրահին առաջին շարքի աթոռներուն վրայ բազմեր էին դարձեալ,– կ’ըսենք յաճախ, ոչ-անմեղ ակնարկութիւններով։

-Ազգային ջոջերը իրենց գրպանները լեցուցին,– կը սիրէ բամբասել ժողովուրդը։

Եւ այսպէս շարունակ, զրոյցներ ու խօսակցութիւններ կը ծաւալին մեր ազգային ջոջերուն մասին՝ մերթ փսփսուքով, մերթ բարձրաղաղակ։

Հարցում մը սակայն ինքզինք կը պարտադրէ այստեղ.- եթէ նոր Յակոբ Պարոնեան մը յայտնուէր մեր մէջ ու նոյն գրական կծու ոճով, նոյն ձաղկող բնութագրումներով համարձակէր ներկայացել մեզի ժամանակակից «ազգային ջոջեր»ու շարք մը, պիտի հանդուրժէի՞նք զինք, պիտի ծափահարէի՞նք, թէ՞եօթը գիւղ անդին պիտի վտարէինք։

 Բառամէջի կամ բառավերջի «չա»-ն ու «ջէ»-ն ճիշդ ուղղագրելու համար պէտք է նկատի առնել հետեւեալ քերականական օրէնքները.

ա) «Ն» գիրէն ետք «ջ» կու գայ։ Օրինակ՝ մունջ, խխունջ, նարինջ, ջինջ, տրտունջ, տանջել, փունջ, լանջ, ննջարան, խնջոյք, խրխնջալ, յօրանջել եւ այլն։ Բացառութիւն են շունչ, դունչ (անասուններու քիթ-բերանը), ինչ, մինչ, մանչ, կանչ, տենչ, հնչիւն, մռնչել (առիւծին ձայնը)։

բ) «Ր» գիրէն ետք ալ «ջ» կու գայ։ Օրինակ՝ արջ, որջ, երջանիկ, վերջ, շրջան, շուրջ, լուրջ, կամուրջ, մրջիւն, յորջորջել (անուանել) եւ այլն։ Բացառութիւն է փարչ բառը (ջուրի սափոր)։ Բայց զգո՜յշ.- այս օրէնքին հետ աղերս չունին վարչութիւն, ոսկերչութիւն եւ նմանօրինակ բառեր, ուր արմատին՝ «վարիչ»ին կամ «ոսկերիչ»ին, «ի» ձայնաւորը ածանցումի ատեն ինկած է՝ պատճառ դառնալով որ իրարու կպչին «ր»ն ու «չ»ն։

գ) «Ղ» գիրէն ետք ալ «ջ» կու գայ։ Օրինակ՝ աղջիկ, չղջիկ, գեղջուկ, եղջիւր, զղջալ, առողջ, գաղջ եւ այլն։ Բացառութիւն է զեղչել բայը։

 Իմ վերնագրին մէջ գործածեր էի երեք բայեր, որոնք իրենց մէջ ունին «չը» հնչիւնը եւ իմաստի տեսակէտով ալ շփոթ կը յառաջացնեն յաճախ։ Սերտե՛նք։

ԶԵՂՉԵԼ։ Ամէն անգամ որ շուկայ կ’իջնէք՝ ապրանք մը կամ սպառողական նիւթեր գնելու, միշտզեղչ կ’ակնկալէք։ Ու բարեբախտաբար վաճառատուներ կան, որոնք մինչեւ 30-40 առ հարիւր զեղչ կը յայտարարեն պարբերաբար։ Ուրեմն, «զեղչել» կը նշանակէ զեղչ ընել, նուազեցնել, կրճատել, գնուած ապրանքի մը սակագինէն որոշ մաս մը պակսեցնել։ Երկրորդական իմաստով՝ անիկա կը նշանակէ նաեւ յապաւել, ջնջել, վերցնել։ Օրինակ՝ «Խմբագիրը իմ յօդուածին մէջէն երկու հատուած զեղչած է», կը գանգատէր լրագրող մը։ Հականիշը՝ բարդել, յաւելուլ։

ԶԻՋԻԼ։ Այս բառին արմատը որոնելու համար՝ դիմեցի Աճառեանի «Արմատական Բառարան»ին։ Բայց բառը չկար։ Անմիջապէս ենթադրեցի, որ անիկա «էջ-իջնել» բառէն շինուած է, ուստի՝ ուղղուեցայ հո՛ն։ Ճիշդ էր։ Բառը կազմուած էր «իջնել» արմատէն, առջեւը՝ «զ» նախդիրով։ Ի՞նչ կը նշանակէ «զիջիլ»։

«Զիջիլ» կամ «զիջանիլ» կը նշանակէ տեղի տալ, կակղանալ, մեղմանալ, կամաւոր կերպով բանէ մը հրաժարիլ՝ յօգուտ ուրիշին։ Նախկին խիստ տրամադրութիւններէն նահանջել։ Զիջիլը որոշ խոնարհամտութիւն մը ցոյց կու տայ։ «Իր տեղը զիջեցաւ ընկերոջ» կ’ըսենք, գնահատելով տուեալ անձին արարքը։ Կամ՝ «Փոխադարձ զիջումներով հաշտուեցան ու բարեկամացան»։

Եւ վերջապէս՝ ԶՂՋԱԼ։ Արմատը՝ զիղջ։ Կը նշանակէ ըրածին կամ չընելուն համար ցաւիլ, ափսոսալ։ «Ափսո՜ս, ինծի  առաջարկուած այդ պատուաբեր պաշտօնը պէտք է ընդունէի. հիմա կը զղջամ», կ’աւաղէր բարեկամներէս մին։ Ուրիշ մը՝ «Ամենամտերիմ ընկերս վիրաւորեցի անարգական խօսքերով. կը զղջամ վարմունքիս համար», կ’ըսէր ինծի։ Իսկ երրորդ մըն ալ, իր փորձառութենէն մեկնած՝ «Այդ մարդուն զղջումին շատ մի՛ հաւատար. այսօր կը զղջայ, սակայն վաղը նոյն բանը կ’ընէ», դիտել կու տար ինծի։

«Զղջում»ը ունի իր կրօնա-եկեղեցական իմաստն ալ։ Նախքան հաղորդութիւնը, երբ քրիստոնեայ մարդը կ’ապաշխարէ ու իր մեղքերը կը խոստովանի «բոլորով սրտիւ», ան զղջացած կ’ըլլայ ինքնաբերաբար։ Հականիշը՝ մեղանչել։

Եզրափակելէ առաջ այս լեզուական «պտոյտ»ը, իմ ընթերցողներուն ուշադրութիւնը կ’ուզէի հրաւիրել եւս երկ-երկու բառերու վրայ։

«Ջինջ» եւ «ոչինչ»։ Չշփոթել այս երկուքին ուղղագրութիւնը։

«Ջինջ» կը նշանակէ յստակ, մաքուր, վճիտ։ Անկէ կու գայ «ջնջել» բայը՝ սրբել, մաքրել, վերացնել, անհետ դարձնել իմաստով։ «Համերգը վերջին պահուն ջնջուեցաւ» կամ «Մահապատիժը  ջնջուեցաւ» կը կարդանք լրագիրներուն մէջ։ Նոյն արմատէն են անջնջելի, բնաջինջ ընել եւ այլ բառեր։

Իսկ «ոչինչ»ը կազմուած է «ոչ» եւ «ինչ» բառերու միացումով եւ կը նշանակէ ոչ մէկ բան, անգոյութիւն, որեւէ բանի ժխտում։ Գործածական է «առ ոչինչ համարել» գրաբարաշունչ ըսելաձեւն ալ, որ կը նշանակէ ոչինչի տեղ դնել, չեղած սեպել։

Չշփոթել նաեւ «մինչեւ»ն ու «միջեւ»ը։ Առաջինը  կ’արտայայտէ ժամանակի սահման մը եւ ունի «մինչ» բառը իբրեւ արմատ («Պայքար մինչեւ յաղթանակ»), իսկ երկրորդը կազմուած է «մէջ» արմատով.- «Հայ թերթը կամուրջ մըն է գրողին ու իր ընթերցողներուն միջեւ»։  

Համաձա՞յն էք։

Լեւոն Շառոյեան