Նո­րօր­եայ աշ­խար­հա­կար­գին եւ ար­դի մար­դուն հա­մար մեծ նշա­նա­կու­թիւն եւ ծան­րակ­շիռ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը զգե­նուն հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանքն ու յա­մառ, ան­նա­հանջ մր­ցակ­ցու­թիւնը։

Աշ­խարհ այ­սօր վե­րած­ուած է հս­կայ կր­կէ­սի մը, ուր մար­դիկ բռն­ուած են հեւ­քոտ վազ­քի, կը գոր­ծեն ան­դուլ ջան­քե­րով եւ անո­ղոք մր­ցակ­ցու­թեամբ… Անոնք յա­րա­ճուն թա­փով կ’ըն­դար­ձա­կեն իրենց գոր­ծու­նէ­ու­թեան ծի­րը, մեծ բծախնդրութեամբ կը մշա­կեն ծրա­գիր­ներ, կը կազ­մա­կեր­պեն իրենց ժա­մա­նա­կը, ապա կը տք­նին գի­շեր ու ցե­րեկ ի խնդիր սե­փա­կան նպա­տա­կադ­րում­նե­րու կեն­սա­գործ­ման։

Մինչ այդ՝ անոնք յա­ճախ կը մոռ­նան իրենց շր­ջա­պա­տը եւ աշ­խա­տան­քի դո­հու­բո­հին ու մո­լուց­քին մէջ կ’ան­տե­սեն իրենց մր­ցա­կից­նե­րը, մի­ամ­տա­բար կամ մե­ծամ­տօ­րէն խոր­հե­լով՝ թէ աշ­խա­տան­քով եւ կա­րո­ղու­թեամբ ոչ ոք կր­նայ չափ­ուիլ իրենց հետ կամ տի­րա­նալ այն յա­ջո­ղու­թեան ու փայ­լուն ար­դիւնք­նե­րուն, զորս կ’ակն­կա­լեն իրենք։ Սա­կայն, ժա­մա­նակ մը ետք կամ փուլի մը աւար­տին, երբ կը հն­չէ հաշ­ուե­տուու­թեան ժա­մը, անոնք անակն­կա­լօ­րէն կ’անդ­րա­դառ­նան, որ ուրիշ­ներ եւս, ոչ միայն հա­սած են առա­ջա­տար դիր­քե­րու, այլ զար­մա­նա­լի կեր­պով նոյ­նիսկ գե­րա­զան­ցած զի­րենք, ինչ որ յա­ճախ շփո­թի, խու­ճա­պի եւ վհա­տու­թեան կը մատ­նէ այդ մե­ծա­միտ ու եսա­կեդ­րոն մար­դի­կը։

Նման պա­րա­գա­նե­րու խնդ­րոյ առար­կայ ան­հա­տը չհա­ւա­տա­լով պա­տա­հա­ծին, առա­ջին հեր­թին զգա­ցա­կան հակազդեցու­թեամբ կ’ընդվ­զի, կը պոռթ­կայ, կը բո­ղո­քէ, կը վշ­տա­նայ, կը զջ­ղայ, կ’անի­ծէ իր չար բախ­տը… Յե­տոյ՝ դառնա­ցած կ’ամ­բաս­տա­նէ աջ ու ահ­եակ, պա­տաս­խա­նա­տու­ներ կ’որո­նէ, անար­դար կար­գադ­րու­թիւն­նե­րու եւ աննպաստ դա­սա­ւո­րում­նե­րու կը վե­րագ­րէ իր ան­յա­ջո­ղու­թիւնը… Աւե­լին՝ ծայ­րա­յե­ղօ­րէն առաջ եր­թա­լով կը յու­սա­հա­տի, կը մե­կու­սա­նայ եւ անձ­նա­տուր կը դառ­նայ տխ­րու­թեան, հո­գե­բե­կու­մի եւ անո­րո­շու­թեան։

Այ­սու­հան­դերձ՝ յետ ցն­ցու­մի եւ բար­կու­թեան երբ ձա­խո­ղու­թեան մատն­ուած են­թա­կան հա­մա­րա­տուու­թեան կը նս­տի ինքն իր ան­ձին հետ՝ ան­կողմ­նա­կալ, հան­դարտ, նե­րամ­փոփ եւ առար­կա­յա­կան քն­նար­կու­մով տար­ուած աշ­խա­տան­քին ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րե­լու, ինչ­պէս նա­եւ ձեռք բեր­ուած անակն­կալ ու ան­բա­ւա­րար ար­դիւն­քին հիմ­նա­պատ­ճառ­նե­րը փնտ­ռե­լու, առանց նուա­զա­գոյն դժ­ուա­րու­թեան կ’անդ­րա­դառ­նայ, որ ստանձ­նած պար­տա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ վարուած է ան­փու­թու­թեամբ եւ ան­տար­բե­րու­թեամբ՝ գոր­ծե­լով ան­նե­րե­լի սխալ­ներ, ար­ձա­նագ­րե­լով ան­հար­կի թերացում­ներ եւ ար­տօ­նե­լով բա­զում բաց­թո­ղում­ներ։

Ահա այս­տեղ ի յայտ կու գայ արի, առողջ եւ հա­ւա­սա­րակշռ­ուած մար­դը, որ իրա­տե­սու­թեամբ կ’ըն­դու­նի իր մրցակիցներուն առա­ւե­լու­թիւն­նե­րը, նա­եւ կը խոս­տո­վա­նի թէ՝ ու­րիշ­ներ գոր­ծած են շատ աւե­լի հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ ու ծրագ­րու­մով, տրա­մադ­րած են յա­ւել­եալ ճիգ եւ ժա­մա­նակ, ցու­ցա­բե­րած են անընկ­ճե­լի հաս­տա­տա­կա­մու­թիւն եւ յարա­տե­ւօ­րէն բա­րե­լա­ւած իրենց մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը… հուսկ՝ հիմ­նա­կան վե­րա­նա­յու­մով կը վե­րա­ո­րա­կա­ւո­րէ իր աշխատելա­ո­ճը (միշտ պա­հե­լով դրա­կանն ու օգ­տա­կա­րը եւ վա­նե­լով ժխ­տա­կանն ու վնա­սա­կա­րը) եւ ու­ժե­րու ընդհանուր զօ­րա­հա­ւա­քով կը վե­րա­ձեռ­նար­կէ գոր­ծի, ինչ որ մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ կը նպաս­տէ են­թա­կա­յին դուրս գա­լու հա­մար իր տագ­նա­պա­լի ու ճն­շիչ կա­ցու­թե­նէն։

Ար­դա­րեւ՝ մր­ցակ­ցու­թիւնը կը նկատ­ուի մարդ­կա­յին կեան­քը իմաս­տա­ւո­րող ու խթա­նող ամե­նաս­քան­չե­լի երե­ւոյթ­նե­րէն մէ­կը։ Անոր հրա­շա­գործ զօ­րու­թեամբ մարդս կը վե­րա­դառ­նայ իր ան­ձին, կը գնա­հա­տէ իր գոր­ծու­նէ­ու­թեան ըն­թաց­քը, կը ճանչ­նայ ինք­զինք, իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, կը ճշ­դէ իր պայ­ման­նե­րուն հա­մա­պատաս­խա­նող ամե­ն­ա­ար­դիւ­նա­ւէտ ու­ղին, ու յետ ուղ­ղում­նե­րու՝ վե­րա­թար­մաց­եալ եռան­դով կը վերսկ­սի աշ­խա­տան­քի։

Մր­ցակ­ցու­թեան բա­զում բա­րիք­նե­րէն եւ օգ­տա­կա­րու­թիւն­նե­րէն կա­րե­լի է մէջ­բե­րել հե­տեւ­եալ­նե­րը.

– Կը յայտ­նա­բե­րէ առա­ջա­տար մր­ցա­կից­նե­րու յատ­կու­թիւն­ներն ու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը, որոնց շնոր­հիւ անոնք յա­ջո­ղած են առա­ւե­լու­թիւն ձեռք բե­րել կամ գե­րա­զանց ար­դիւնք­նե­րու հաս­նիլ։

– Կը մղէ մար­դը ան­դր­ադառ­նա­լու իր սե­փա­կան թե­րու­թեանց, որ­քան ալ անն­շան եւ ճղ­ճիմ ըլ­լան անոնք, մի­ա­ժա­մա­նակ կը հրա­ւի­րէ զայն հրա­ժա­րե­լու իր որ­դեգ­րած ար­հա­մար­հոտ, ան­փոյթ եւ ան­պա­տաս­խա­նա­տու վար­քագ­ծէն։

– Հա­մա­կող­մա­նի, լուրջ եւ խս­տա­պա­հանջ ինք­նաքն­նու­թե­նէ ետք ճշգ­րիտ ախ­տա­ճա­նա­չում կը կա­տա­րէ եւ գի­տա­կան առողջ սկզ­բունք­նե­րով դար­մա­նու­մի կ’անց­նի՝ վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լով աշ­խա­տան­քի թա­փը, նա­եւ ընդ­միշտ ձեր­բա­զատ­ե­լով տկա­րու­թե­նէ, թու­լու­թե­նէ, անվճ­ռա­կա­մու­թե­նէ, ծու­լու­թե­նէ եւ ան­տար­բե­րու­թե­նէ։

– Մր­ցա­կից­նե­րու մօտ կը խթա­նէ մար­զա­կան ազ­նիւ ոգին՝ վե­հանձ­նու­թեամբ եւ հան­դուր­ժո­ղութ­եամբ ըն­կա­լե­լու որե­ւէ ընկր­կում կամ նա­հանջ։ Պարտ­եալն ու յաղ­թա­կա­նը կը խրա­խու­սէ առանց վե­րա­պա­հու­թեան ող­ջա­գու­րե­լու եւ գնահատե­լու զի­րար, որով­հե­տեւ՝ եթէ մէ­կը ան­սա­կարկ նուի­րու­մով գե­րա­կա­յու­թիւն ապա­հո­ված է միւսն ալ նոյն­քան յոգնու­թիւն, ճիգ եւ քր­տինք սպա­ռած է՝ կեն­դա­նու­թիւն, հմայք եւ խան­դա­վա­ռու­թիւն մու­ծե­լով մր­ցան­քին, ու մանաւանդ՝ պայ­քա­րի խայծ պար­գե­ւե­լով շա­հող կող­մին։

– Յո­ռե­տես, խո­ժո­ռա­դէմ եւ անտ­րա­մա­դիր մար­դուն կը թե­լադ­րէ ըլ­լալ լա­ւա­տես, ժպ­տուն եւ ու­րախ, ստ­ուա­րաց­նե­լու հա­մար գոր­ծա­կից­նե­րու եւ բա­րե­կամ­նե­րու շար­քե­րը, նոյն ատեն ըն­դար­ձա­կե­լու իր յա­րա­բե­րու­թեանց ծի­րը։

– Միւս կող­մէ՝ տե­ւա­բար նե­րող, բար­եա­ցա­կամ եւ ազ­նիւ մար­դը կը հար­կադ­րէ վար­ուե­լու խս­տութ­եամբ, պահանջկոտութեամբ ու ի հար­կին նոյ­նիսկ կոպ­տու­թեամբ՝ իր բա­րու­թիւնն ու հե­զու­թիւնը չա­րա­չար օգ­տա­գոր­ծել փորձող պա­տե­հա­պաշտ մար­դոց նկատ­մամբ, վերջ դնե­լով անոնց կա­մա­յա­կա­նու­թեան, ան­փափ­կան­կա­տու­թեան եւ անյար­գա­լիր վե­րա­բե­րու­մին։

– Կ’ապա­ցու­ցէ որ կեան­քի մէջ ոչ մէկ դիրք, կա­ցու­թիւն կամ ճշ­մար­տու­թիւն բա­ցար­ձակ եւ մնա­յուն բնոյթ ու­նի, այլ ամէն ինչ հա­մե­մա­տա­կան է ու վե­րա­տե­սե­լի։

– Կը սոր­վեց­նէ յար­գել եւ սի­րել կեան­քը՝ իր բո­լոր վե­րի­վայ­րում­նե­րով, անակն­կալ­նե­րով, նո­րու­թիւն­նե­րով, փոփոխութիւննե­րով, ու­րա­խու­թիւն­նե­րով, տխ­րու­թիւն­նե­րով… Այլ խօս­քով՝ իր անուշ թէ դառն երես­նե­րով։

– Կը յոր­դո­րէ մեզ յար­մա­րիլ կեան­քի կշ­ռոյ­թին, ըլ­լալ զգաստ եւ գի­տա­կից՝ միշտ պատ­րաստ վե­րա­փո­խե­լու մեր մօտեցումն ու դիր­քո­րո­շու­մը մար­դոց եւ դէպ­քե­րու նկատ­մամբ։

– Կը պատ­գա­մէ ամէն պա­րա­գա­յի նա­խա­պա­տիւ հա­մա­րել օրէն­քը եւ գոր­ծել կար­գա­պա­հու­թեամբ, ճշ­դա­պա­հու­թեամբ, պար­տա­ճա­նա­չու­թեամբ, անձ­նա­զո­հու­թեամբ ու յատ­կա­պէս՝ կազ­մա­կերպ ու կան­խած­րագր­ուած դա­սա­ւո­րու­մով։

– Կը փո­խան­ցէ հաս­տատ եւ նպա­տա­կաս­լաց ռազ­մա­վա­րութ­եամբ ծրագ­րե­լու, ապա՝ ճկուն մար­տա­վա­րու­թեամբ գործելու ու­նա­կու­թիւն եւ փոր­ձա­ռու­թիւն։

– Մշ­տա­պէս վառ կը պա­հէ աւե­լի լա­ւին, աւե­լի բարձ­րին, աւե­լի վե­հին, աւե­լի որա­կա­ւո­րին, աւե­լի գե­ղե­ցի­կին, աւե­լի թանկար­ժէ­քին, աւե­լի ու­ժե­ղին, աւե­լի բարի­ին, աւե­լի կա­տար­եա­լին տի­րա­նա­լու ձգ­տումն ու տեն­չան­քը։

– Մարդ էա­կը կ’օժ­տէ աս­պե­տա­կան նկա­րագ­րով, պայ­քա­րու­նակ ոգի­ով, ան­խոնջ աշ­խա­տա­սի­րութ­եամբ եւ ան­բե­կա­նե­լի կամ­քով, դարբ­նե­լով ան­կէ՝ հա­մար­ձակ, կո­րո­վի, խի­զախ ու մար­տու­նակ ան­հա­տա­կա­նու­թիւն մը, որ ատակ է ինքնավստա­հու­թեամբ եւ ամե­նայն ար­ժա­նա­ւո­րու­թեամբ դի­մագ­րա­ւե­լու այ­լա­տե­սակ մար­տահ­րա­ւէր­ներ, կամ յաղթահա­րե­լու բազ­մա­պի­սի դժ­ուա­րու­թիւն­ներ։

Այս­պէս ու­րեմն՝ առողջ մր­ցակ­ցու­թիւնը այն յան­կու­ցիչ եւ առինք­նող երե­ւոյթն է որ մար­դուս կը շնոր­հէ յաղ­թա­նա­կի ամենազգլ­խիչ վա­յելքն ու երա­նու­թիւնը, կեան­քը կը դարձ­նէ գե­ղե­ցիկ, անոյշ, եր­ջա­նիկ, հրա­պու­րիչ եւ ցան­կա­լի, անոր ան­սահ­ման բա­րիք­նե­րէն ար­դար բա­ժին­ներ վե­րա­պա­հե­լով մահ­կա­նա­ցունե­րուս, հա­մա­ձայն մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին կարո­ղու­թեան, զո­հա­բե­րու­թեան եւ ի գործ դրած ջա­նադ­րու­թեան։

Խաչիկ Շահինեան