Մինչ կ’ուղղուէինք դէպի մեր իջեւանած բնակարանը, հանգիստ զրուցելով բաւական տարեց, բայց համակրելի վարորդին հետ, յիշեցուցի թէ պէտք է թեքուի ձախ, Ջրաշատ փողոց։
– Չէ՛, բալա՜,- պատասխանեց թաքուն կշտամբանքով,- օրինաւոր չի՜, շրջադարձը վերեւից է, մի քիչ համբերի՜։
Իմ կարգիս, թաքուն հիացած էի ե՛ւ վարորդին պարկեշտութենէն, ե՛ւ մեր ոսկեղնիկին հարուստ բառապաշարէն, «շրջադարձ» բառը քաղցր արձագանգած էր, մանաւանդ որ կը գտնուէինք Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան պողոտային գրեթէ աւարտին։ Գեղաքանդակ մայրաքաղաքի. այս մայրուղին ի զուր տեղ չէր ձօնուած հայ գիրերու գիւտարար Սուրբին, երբ երկար տարիներ այդտեղ ապրած ու գործած էին Հրաչեայ Աճառեան, Առնօ Պապաջանեան, Վարդան Աճէմեան, Գագիկ Սարգսեան, Աշոտ Սաթեան, Շարա Տալեան, Յովհաննէս Շիրազ եւ շարք մը արուեստի ու գիտութեան տիտաններ, որոնք այսօր գոյն ու դիմագիծ կու տային անոր։ Իսկ բարձրադիր Մատենադարանը պողոտային անառարկելի պսակումն էր, լայնանիստ եւ հեղինակաւոր։
Պատմութեան անգիր օրէնքին թելադրութեամբ, ինչպէս բոլոր ժողովուրդներու պարագային, մեզի համար ալ Սփիւռքը դառն է, բարդ ու ճգնաժամային, մինչ գոյապահպանում, հայապահպանում, ազգապահպանում եռեակին հեւքը՝ ջլատիչ ու մաշեցնող, հայը միա՛յն իր հարազատ հողին վրայ հայ կը մնայ, մեր մայրենին առողջ ու անաղարտ։ Կը մենախօսեմ մտովի մեծապէս բաւարարուած, եւ շնորհակալութիւն յայտնելով կը մտնենք տուն, ուր հեռուստացոյցէն կը հաղորդուէր շախմատի հայրենի ախոյեան խումբին տունդարձի մանրամասնութիւնները։ Կրկնակի հպարտութեամբ կը հետեւինք անոնց եւ երեկոյեան ալ կը մասնակցինք ժողովրդային տօնախմբութիւններուն։
Նմանօրինակ առիթներու, դէպքերու թէ երեւոյթներու համագումարը մեզի համար իսկական հոգեփոխութեան համազօր եղած էր, լաւագոյնը կը ցանկայինք նորանկախ հայրենիքին։ Աւելի՛ն, լաւագոյնին ձգտումը մեր հոգեվիճակին անխուսափելի մէկ մասը դարձած էր, հայրենի հողը, պապենական այդ թանկագին ժառանգութիւնը՝ մեր ազգային պատմութեան, մշակոյթին ու պատկանելիութեան ճշդորոշիչ տարածքներուն հաստատ ենթահողն էր, մեզ հա՛յ ծնող ու հա՛յ պահող։
Սակայն, միւս օրերու մեր շրջագայութիւններու ընթացքին, երբեմն ալ կարիքին հետ պարտադրուած, ուշադրութիւնս գրաւեց օտարամուտ այն բառակոյտը, որ ի շարս այլոց, նաեւ օգտագործուած էր Մեսրոպ Մաշտոցի անուան պողոտային եւ յարակից հայանուն ճանապարհներու ցուցանակներուն, գովազդներուն եւ կամ անուանումներուն վրայ։ Նախ, նամակատան մը կեդրոնի փնտռտուքիս ընթացքին, պատանի տղեկ մը ցոյց տուած էր դարձուածքէն քիչ անդին բարձրացած շէնքը, որուն ճակտին մեծատառ արձանագրուած էր՝ փոստատուն։ Որեւէ լեզուի չպատկանող այս անուանումը առաւել խորացուցած էր հետաքրքրութիւնս, եւ այնուհետեւ ամէնուրեք սովորական դարձած էին՝ Նորմա Սերվիս-ները, Բագրատ Տուր-երը, դեռ չհաշուած անթիւ-անհամար րէստորան-ները, բենզին-ները, բանկ-երը, կուլտուրա-ները, բրոցես-ները…։
Եզրաբանութեան, կամ անոր չափանիշերուն (norms) դրսեւորած կարեւորութիւնը յստակ է եւ հասկնալի, յատկապէս ճարտարագիտութեան այս դարուն, որուն հետ քայլ պէտք է պահենք կամովին, չմոռնանք նաեւ երկու լեզուներու օգտագործման համակարգի դրոյթը, մասնաւորաբար զբօսաշրջութեան մարզը նկատի առնելով, բայց երբեք ի գին մեր ազգայինին, ի գին մեր մայրենիին, այն ալ Արարատի վեհաշուք կամարումին տակ, հայատրոփ մեր հողին վրայ։ Անցեալին անդրադառնալ անիմաստ է, երբ արդէն անկախացած ենք, իսկ բարգաւաճման նախանշանները սկսած են տեսանելի դառնալ։ Զարմանալի է թէ՝ երբ քաջութիւնը ունեցայ արծարծելու տակաւ համեցող սոյն օտարահաճ երեւոյթը, բարձրաստիճան պաշտօնատար մը առանց տատամսելու ըսաւ.
– Մենք Սփիւռք չե՜նք, մենք հող ունե՜նք մեր ոտի տակ, այս օրուայ համար սրանք հարցեր չե՜ն…։
Արդեօ՞ք ես ալ առանց տատամսելու պէտք է բացատրէի թէ՝ անհայրենիք Սփիւռքի հայահոծ գաղութներուն մէջ, մենք ամբողջ հայկական թաղամասեր ունինք, իրենց եկեղեցիներով, դպրոցներով, ակումբներով, ճաշարաններով, վաճառատուներով… հանդեձ, բայց նախընտրեցի լռել։ Այո՛, այս օրուան համար «անկատար տենչեր ունենք դեռ շա՜տ…», գերխնդիրներ՝ աւելի շատ, սակայն այս բոլորը համաձոյլ եւ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, սերտօրէն իրարու շաղկապուած, որոնցմէ իւրաքանչիւրին նուազագոյն նահանջը, հաւասարակշռութիւնը կրնայ խախտել։ Սոսկական բնորոշում չի կրնար ըլլալ սա պերճիմաստ խօսքը, թէ. «Երբ հայրենիք կոչուեց քարոտ այս հողը, Մայրենին եղաւ քո սուրբ անո՜ւնը…»։
Միաժամանակ, անշուշտ որ մեր խօսքը խօսակցական լեզուին մասին չէ, ոչ ալ լեզուական անխուսափելի փոխընդհանրութիւններու մասին, նաեւ խթանիչ բաժինն ալ կայ, արհամարհելի չէր առկայութիւնը մաքուր եւ հեզասահ հայերէնով այն գեղեցիկ անուանումներուն թէ ծանուցումներուն, որոնք մեր մայրենին կը պահէին մեսրոպաշունչ իր պատուանդանին վրայ։
Ի վերջոյ, ճիշդ է թէ խիստ դժուար է ժողովրդային լեզուամտածողութենէն եւ ընկալումէն արմատախիլ ընել աւանդոյթ դարձած խորարմատ ամբողջ բառամթերք մը, բայց ժամանակն է որ այս մէկը եւս ներգրաւուի մեր երկրի ներքին ազգային քաղաքականութեան թըղթածրարին մէջ, երբ այսօր նոյնիսկ մեր հողին վրայ՝ ազգային դաստիարակութիւնը ինքզինք կը շեշտէ, վաղը՝ պարզապէս կրնանք գաղթաշխարհի բազմերանգ խճանկարը գտնել այդտեղ, այն ալ Արարատի վեհաշուք կամարումին տակ…։
Հիմա, դարձեալ կը մտաբերեմ այն տարեց՝ բայց համակրելի վարորդը, որ զուլալ հայերէնով մը կշտամբեց զիս.
– ՉԷ՛, ԲԱԼԱ՛, ՇՐՋԱԴԱՐՁԸ ՎԵՐԵՒԻ՜Ց Է…։
Հուրի Ազէզեան