Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 11:00ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս Զօպուեանի աշխատանքային գրասենեակէն ներս տեղի ունեցաւ կրօնական ժողովի 52-րդ նիստը: Առաջնորդ Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց Արժ. Տ. Նարեկ. Քհնյ. Զերէնցեանին, որ հինգ տարի Քեսապի մէջ հոգեւոր հովութեան պաշտօնը վարեց եւ ներկայիս ծառայութիւնը կը շարունակէ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Հանդիպման ներկայ էր Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ` Արժ. Տ. Վազգէն. Քհնյ. Քէօշկէրեան: Խորհրդակցական նիստին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան կրօնական առաքելութեան առնչուող ծրագիրներ, յատկապէս կիրակնօրեայի վերամուտին, դպրեվանքի հիմնադրութեան 90-ամեակի անդրադարձին, նախատեսուած Սարկաւագաց եւ դպրաց ձեռնադրութեան մասին: Ժողովը նաեւ քննարկեց հոգեւոր բնոյթ կրող նիւթեր: Անյետաձգելի պահանջք նկատուեցաւ քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդի կազմութիւնը, որպէսզի հաւատացեալը հաղորդ դառնայ Հայ եկեղեցւոյ հոգեմտաւոր արժէքներուն եւ Քրիստոսահաստատ ճշմարտութիւններուն: Սրբազան հայրը գնահատեց Թեմէս ներս ծառայող քահանաները, մաղթելով արդիւնաշատ գործունէութիւն` ի խնդիր Հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան: Սրբազան հայրը ուրախութեամբ յայտնեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով երկու միաբաններ` Հոգեշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեան եւ նորաօծ Տ. Մանուկ Աբղ. Պրիխանեան միացան Բերիոյ Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասուն: Հայր Լեւոնը նշանակուեցաւ Ճէզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ, իսկ Հայր Մանուկը` Առաջնորդի օգնական: Ժողովականներ իրենց գոհունակութիւնը արտայայտեցին իմաստուն եւ նպատակայարմար կարգադրութեան համար: Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը քահանաներուն ընկերակցութեամբ շրջագայեցաւ Ազգ. առաջնորդարանի (Սալիպէ) վերանորոգուած ներքին տարածքին մէջ: ժողովականներ իրազեկ դարձան նորոգութեան աշխատանքներուն: Յիշենք, որ կամօքն Տիրոջ Ազգ . առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղափոխուի ժամանակաւոր կեդրոնէն դէպի վերանորոգուած Ազգ. առաջնորդարանի շէնք, որ կը գտնուի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ հանդիպակաց կողմը:

Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան