Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Պէյրութի Ռիատ Սուլհ հրապարակին մէջ հարիւրաւոր քաղաքացիներ ցոյցեր կազմակերպեցին՝ լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ պարտադրուած հարկերուն եւ կենցաղային վատ պայմաններուն դէմ բողոքելով:
Լիբանանի կառավարութեան գումարած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտած էր, որ կառավարութիւնը նախանցեալ օր որոշած է «Ուաթսափ»ի հեռաձայնային հաղորդակցութեան գործածութեան համար օրական 20 սենթ տուրք վաւերացնել: Ան յայտնած էր, որ այդ առաջարկը եկած է հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարէն` աւելցնելով, որ այդ տուրքին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ 200 միլիոն տոլարի շահ ապահովել:
Այս մասին հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր աւելցուցած էր, որ օրական 20 սենթի տուրքը պիտի ներառէ «Ուաթսափ»-ը եւ այն յաւելուածները, որոնք կ՛օգտագործուին հեռաձայնային հաղորդակցութեան համար, ինչպէս` «Ուաթսափ», «Ֆէյսպուք», «Ֆէյսթայմ», «Սնեփչեթ» եւ «Վայպըր», նոյնիսկ մէկ հաղորդակցութեան պարագային:
«Ուաթսափ»-ի գործածութեան համար օրական 20 սենթը, այսինքն` ամսական դրութեամբ 6 ամ. տոլարի տուրքը բողոքի ցոյցեր բռնկեցուց Պէյրութի մէջ:
Ցուցարարները կոչ ուղղեցին ժողովուրդին իր վրայ պարտադրուած տուրքերը չվճարելու եւ քաղաքացիական անհնազանդութիւն յայտարարելու` ընդդէմ լիբանանեան իշխանութիւններու փտածութեան:
Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Սայտա, Նապաթիէ, Թրիփոլի, Աքքար, Պաալապաք, Հերմէլ եւ այլ քաղաքներու մէջ։