Հայաստանը ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի անդամ` 193 երկրի մէջ, ստանալով` 144 ձայն: Այս մասին իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Ասիկա մեր երկրին նկատմամբ միջազգային հանրութեան շատ մեծ վստահութեան վկայութիւն է, յատկապէս մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ: Կը շնորհաւորեմ բոլորը», յայտնած է վարչապետը: