Թուրքիան եւ իրեն ենթակայ զինեալ խմբաւորումները սաստկացուցին իրենց յարձակումները սուրիական հողերուն վրայ, թիրախ դարձնելով Հասիչէի շարք մը գիւղերն ու աւանները եւ պաշարելով Ռաս ուլ Այնը:
ՍԱՆԱի թղթակիցը յայտնեց, որ այսօր առաւօտեան թրքական ուժերը իրենց յարձակումները կեդրոնացուցին Ռաս ու Այլի վրայ, օգտագործելով բազմատեսակ զէնքեր եւ հրթիռակոծելով բնակելի թաղամասերը: Յարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուեցան վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ, բնակչութեան մեծամասնութիւնը ստիպուեցաւ տեղահան ըլլալ:
Տեղական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ռաս ու Այնի վիրաւորներուն մէջ կան այրած վիրաւորներ, ինչ որ բժիշկներու կարծիքով քիմիական նիւթեր պարունակող զէնքերու օգտագործման հաւանականութիւնը ցոյց կու տայ: