Թարգ­ման­չա­ց տօնի առ­թիւ Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի Թ. կար­գի աշա­կերտ­նե­րը յի­շե­ցին, թէ ինչ­պէ՛ս առա­ջին ան­գամ մա­տիտ բռ­նե­լով գրած են մեր ոս­կեղ­նիկ մայ­րենի­ին տա­ռե­րը։
Մանկապարտէզ յաճախած օրերուս շատ անկարգ էի, ուսումիս կարեւորութիւն չէի տար։ Այդ պատճառով առաջին դասարան ըլլալէս ետք սորվեցայ հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն։ Առաջին անգամ սորվեցայ «ս» տառը, որ կարթի կը նմանի, ապա կարթերը իրարու միացնելով «ա» տառը սորվեցայ։
Ասատուր Ասատուրեան
Փոքր էի, տակաւին դպրոց չէի յաճախեր եւ չէի ճանչնար հայերէն տառերը, երբ մայրս ձեռքս բռնեց եւ սկսանք միասնաբար գրել։ Պահ մը ենթադրեցի, որ շատ գեղեցիկ գծագրութիւն մըն է եւ սկսայ ընդօրինակել տառերը իբրեւ գծագրութիւն։ Ամէն օր իմ սիրած մատիտով կ’ընդօրինակէի։
Օր մըն ալ հարցուցի. «Մամա՛, ի՞նչ է այս գեղեցիկ գծագրութիւնը, որ կը գծեմ»։ Մայրս պատասխանեց. «Ասիկա մեր մայրենի լեզուն է, որ կը խօսիս՝ իր գեղեցիկ տառերով»։
Այդ ժամանակ ապշեցայ եւ հպարտ ու շատ ուրախ զգացի։
Երբ մեծցայ սկսայ բոլոր օտար ընկերներուս եւ ընկերուհիներուս սորվեցնել, թէ այս մեր մայրենի լեզուն է։
Մարիա Սարգիս
Ես հայերէն տառերը սորվիլ սկսած եմ այն օրէն, երբ հայրիկս ձեռքս բռնելով կը գրէր տառերը։ Սորվիլը ամիսներ տեւած էր, բայց ես շատ երախտապարտ եմ անոր համբերութեան համար, որովհետեւ հայութիւն պահելու ձեւերէն մէկն է հայոց տառերը սորվիլը։
Շնորհակալ եմ հօրմէս, որ օգնած է հայութիւնս պահելու։
Գլարա Տլտլեան
Երբ երեք տարեկան եղայ, մայրս եւ հայրս որոշեցին զիս հայկական դպրոց ղրկել, որպէսզի հայերէն կարդալ ու գրել սորվիմ։
Դպրոցիս մէջ ընկերներուս եւ ուսուցչուհիներուս հետ շատ հաճելի ժամանակ անցնելով եւ խաղերու միջոցով հայերէնի այբուբենը սորվեցայ։
Մինչեւ օրս կը յիշեմ այն օրերը եւ կ’ուզեմ, որ անոնք վերադառնան։
Մարի Ժոզէ Չարշաֆճեան
Մեզի այբուբենը սորվեցնողը օրիորդ Այտան էր։ Մենք սիրելով կը գրէինք, որովհետեւ անիկա մեզի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցէն իբրեւ ժառանգութիւն փոխանցուած էր։ Մենք պէտք է տիրապետենք մեր լեզուին, որպէսզի ապագային զայն փոխանցենք մեր զաւակներուն։ Ասիկա մեր Մայրենի լեզուն է։ Մարդ առանց մօրը չի կրնար ապրիլ։
Ճորճ Տէրվիշեան
Առաջին անգամ հայերէն գրել սկսայ Ազգային Հայկազեան մանկապարտէզէն ներս, օրիորդ Երան Տօնապետեանի օգնութեամբ։ Ուսուցչուհին տառ-տառ գրել կը սորվեցնէր կրկնութեամբ։ Տառերը սորվելէ ետք սկսանք մեր անունը գրել։ Մեր ուրախութիւնը չէր բացատրուեր, ինչքան նշանակալից վայրկեան էր այդ մեզի համար։
Մենք՝ հայ ժողովուրդի զաւակներս, հպարտ ենք մեր ուսուցիչներով, որոնք մեր նախահայրերուն հազարամեայ լեզուն մեզի սորվեցուցած են եւ հիմա իրենց շնորհիւ այս շարադրութիւնը կը գրեմ։
Մի՛շտ երախտապարտ ենք ձեզի, սիրելի՛ ուսուցիչներ։
Գօգօ Փայասեան
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Թ. կարգի աշակերտներ