«Ազդակ».- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Վանայ Ձայն»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ նախանցեալ երեկոյեան բռնկած բողոքի ցոյցերուն եւ ժողովրդային ցասումին:

Ան յայտնեց, որ այս իրականութիւնը պարզ է ու յստակ, որովհետեւ երբ կառավարութիւնը ականջ չի դներ ժողովուրդին պահանջներուն` հետեւանքը կ՛ըլլայ այս:

«Երբ բարձրագոյն մակարդակի պատասխանատուներ, իրենց սեփական կենցաղով, թէ իրենց քաղաքական դիրքորոշումներով կամ տնտեսական հարցերու վերաբերող իրենց կեցուածքներով նկատի չեն ունենար ժողովուրդին կարիքները եւ աստիճանաբար կը խորացնեն խրամատը` ժողովուրդի եւ քաղաքական ղեկավարութեան միջեւ, բնական է, որ հետեւանքը կ՛ըլլայ այս: Շաբաթներով, ամիսներով, տարիներով, երբ հետեւողական կերպով կը շարունակուի փտածութիւնը, մսխումը, զանազան իշխանութիւններու մէջ եղած կեղեքումները, երբ ժողովուրդի զաւակները հիւանդանոցներու դռներուն մօտ կը մահանան, երբ ժողովուրդի զաւակները համայնքային տարբեր նկատառումներով եւ հաշիւներով պաշտօններ չեն կրնար ստանձնել, երբ երկիրը աստիճանաբար նիւթական պարտքերու մէջ կը խրի, անշուշտ կը խօսինք տարիներու վրայ բարդացած նիւթական պարտքի մասին, որուն պատճառով նաեւ կը կուտակուին այլ խնդիրներ, հետեւանքը կ՛ըլլայ այս», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ երբ տարիներ շարունակ կը խօսուի հրդեհներու, անձրեւներու պատճառով գետերու յորդումին, աղբահանումի հարցին եւ քարահանքերու գծով լուծում չգտնելու մասին, ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ եւ գետափներու վրայ պետական հողերու շինութիւններու մասին, գողութեան, աւազակութեան եւ զանազան հարցերու մասին երբ լուծումներ չեն գտնուիր, կարելի չէ ժողովուրդը օրօրել:

«Մենք տարբեր առիթներով, թէ՛ քաղաքական բեմերէ, թէ՛ քաղաքական հանդիպումներու ընթացքին, թէ՛ խորհրդարանին մէջ, թէ՛ մամուլի յայտարարութիւններով, թէ՛ կառավարութեան մէջ միշտ զգուշացուցած ենք, որ այս բոլորին հետեւանքը Լիբանանի ընդհանուր քանդումն է: Այսօր ես չեմ ուզեր ենթադրել, որ կատարուածը դաւադրութիւն է: Այսօր ցաւող եւ վշտացող, իր առօրեայ օրապահիկը ապահովելու կարողութիւնը չունեցող քաղաքացիին պոռթկումն է ասիկա: Մենք ամբողջութեամբ արդարացի կը գտնենք եւ կ՛որդեգրենք այս պոռթկումը: Մեր ժողովուրդը` լիբանանցի ժողովուրդը այլեւս չի կրնար դիմանալ: Կարելի չէ փղոսկրեայ դղեակներու մէջ նստած վերէն դիտել ժողովուրդը եւ ըսել. «Ամէն ինչ լաւ է»: Ո՛չ, Լիբանանի մէջ ամէն ինչ լաւ չէ, ոչինչ լաւ է: Կը հպարտանանք երկրին գեղեցկութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ, սակայն վերջին հաշուով այս երկիրը օրըստօրէ դէպի քանդում կ՛երթայ: Դժբախտաբար կառավարութեան ժողովներուն ընթացքին, թէ այլապէս, հաստատած ենք, թէ մենք կը մերժենք տուրքերու յաւելումը, այս ժողովուրդը այլեւս չի կրնար տուրք վճարել, դէմ ենք դրամատուներու որդեգրած քաղաքականութեան, դէմ ենք գործատէրերու որդեգրած քաղաքականութեան: Մենք դէմ ենք ներածումը բաց ձգելու քաղաքականութեան, որովհետեւ երբ երկիրը իր արտադրութիւնները եւ ճարտարարուեստը չի կրնար ոտքի կանգնեցնել, ու իր սահմանները բացած է դուրսէն եկող արտադրութիւններու դիմաց, ապա կարելի չէ ժողովուրդէն պահանջել, որ դիմանայ եւ տոկայ: Ժողովուրդը պոռթկաց նախանցեալ օր, եւ այս պոռթկումին պատասխանատուն ժողովուրդը չէ: Ժողովրդային այս ցասումը հետեւանք է կառավարութիւններու անպատասխանատու կեցուածքներուն, եւ այսօր դանակը հասած է ոսկորին եւ ժողովուրդը իրաւունք ունի», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ «Ուաթսափ»-ը ժողովուրդին համբերութեան բաժակին վերջին կաթիլն էր, որ յորդեցուց: Ան նշեց, որ օր մը առաջ հրդեհի հարցը կար` աւելցնելով, որ տարիներ առաջ լիբանանցիներու նուիրատուութիւններով ուղղաթիռներ գնուեցան, եւ մինչեւ այսօր անոնց օգտագործումը կարելի չեղաւ: «Երբ հրշէջ մեքենաներուն մէկ մասը կարելի չէ օգտագործել, որովհետեւ պիւտճէ չի յատկացուիր, որ այդ հրշէջ մեքենաները նորոգուին, կարելի չէ հանդուրժել այն իրականութիւնը, որ տարբեր շրջաններու քաղաքապետութիւններ եւ զանազան նախարարութիւններ մեծածախս ձեռնարկներու կը նախաձեռնեն անիմաստ աշխատանքներու համար: Իբրեւ թէ ժողովուրդին ուրախութիւն պատճառելու համար հսկայական փառատօներ կը կազմակերպեն կամ ոչ անհրաժեշտ ծախսեր կը կատարեն, եւ կամ քաղաքական որոշ ղեկավարներ իրենց ճամբորդութիւնները կը կատարեն պետութեան հաշուոյն` մեծ ծախսերով եւ իրենց ընտանիքներով, երբ այս բոլորը կը պատահի, այո՛, ժողովուրդը կը պոռթկայ», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ իրենք այս տագնապը կ՛ապրին իբրեւ լիբանանահայութիւն եւ իբրեւ լիբանանցի քաղաքացիներ` ընդգծելով, որ պէտք է վերջ դրուի այս բոլորին:

«Հիմնական խնդիրը մսխումի եւ փտածութեան հարցն է: Պէտք է քանդուին փտածութեան արմատները, պէտք է քանդուին մսխումի արմատները: Կարելի չէ խօսիլ ժողովուրդին, որ համբերէ, անոր համբերութեան բաժակը յորդած է: Կարելի չէ ժողովուրդէն յաւելեալ զոհողութիւններ պահանջել: Ժողովուրդը արդէն զոհողութիւններ կատարած է` յաւելեալ արիւն չունի տալիք այս երկրին համար, բացի ահաբեկչութեան եւ Իսրայէլի դէմ պայքարէն:

Իսկ անդին, երբ կը տեսնենք, որ քաղաքական ղեկավարներ, իրենց զաւակները պսակելու համար երկրէն դուրս կ՛երթան եւ միլիոններ կը ծախսեն, իրենց սեփական ճամբորդութիւններուն համար կ՛օգտագործեն պետական աղբիւրներ, երբ տակաւին Լիբանանի մէջ շրջաններ կան, որոնց ծանօթ չեն այդ ղեկավարները, սակայն իրենց զբօսաշրջութեան համար կ՛երթան դուրս եւ հարիւր հազարաւոր տոլարներ կը ծախսեն, կարելի չէ փակել հին էջերը եւ նոր սկսիլ: Ո՛չ, բոլոր անոնք, որոնք փտածութեան եւ մսխումի մաս կը կազմեն, բոլոր անոնք, որոնք կը գողնան` ըլլան անոնք քաղաքական, տնտեսական, ընկերային թէ այլ դիրքերու վրայ, պէտք է հաշուետուութեան կանչուին: Այս է միակ լուծումը: Կարելի չէ ստել ժողովուրդին: Կարելի չէ խնդրել ժողովուրդէն, որ հանդարտի: Նախանցեալ օրուան ցոյցերը արդարացի են: Վերջին հաշուով հացի պատառը ո՛չ սիւննի կը ճանչնայ, ո՛չ շիի, ո՛չ տիւրզի, ո՛չ հայ, ո՛չ մարոնի, ո՛չ յոյն ուղղափառ եւ ո՛չ ալ յոյն կաթողիկէ: Աղքատութիւնը եւ հիւանդութիւնը բոլորիս է: Այս արտայայտութիւնը ամբոխահաճութեան իմաստով չեմ ըսեր, այլ բառին իսկական տառապանքին իմաստով: Լիբանանի ժողովուրդը այլեւս ոչինչ կրնայ կատարել», հաստատեց ան:

Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ այսօրուան դրութեամբ, երբ ժողովուրդը տակաւին փողոցն է, դժբախտաբար լուծում չկայ: «Կառավարութեան հրաժարականը պահանջելը եւս լուծում չէ: Տագնապի մը անմիջական լուծումն է այդ իմաստով, որ թերեւս ժողովուրդը փողոցէն դուրս կ՛ելլէ, եթէ կառավարութիւնը հրաժարի: Սակայն պէտք է մտածել նաեւ հետագայի մասին: Եթէ կառավարութիւնը հրաժարի, կարելի պիտի չըլլայ անմիջապէս նոր կառավարութիւն մը կազմել, բնականաբար տոլարի շուկան պիտի փոխուի եւ տոլարի արժէքը պիտի բարձրանայ: Կեղծիքը որ կայ, թէ տոլարը պաշտօնական գին մը ունի, եւ լումայափոխներուն մօտ այլ գին, իսկ  դրամատուներուն մէջ լիբանանեան թղթոսկիի եւ տոլարի տագնապ կայ: Այսօր անճրկած վիճակ կայ: Ամէնէն դիւրինը կառավարութեան հրաժարականն է, սակայն ե՞տքը: Արհեստավարժներու կառավարութեան կարելիութեան մասին կը խօսուի: Զինուորական կառավարութեան մասին կը խօսուի, որուն մասին աւելի ուշ կրնայ ըսուիլ, որ հակաժողովրդավարական է, ազատութիւնները կրնայ կաշկանդել: Անձամբ այս փուլին լուծում չեմ տեսներ: Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ պիտի չաշխատինք, եւ անհրաժեշտը պիտի չկատարուի` միշտ նկատի ունենալով ժողովուրդին շահը», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

Ան ընդգծեց, որ ժողովուրդը քանած է` նշելով, որ կոչեր կան կանխահաս ընտրութիւններու, կոչեր կան կառավարութեան հրաժարականին, սակայն այդ կոչերը պէտք է սառն մտքով առնել, եւ քաղաքական այս խնդիրները կարելի չէ քանի մը ժամուան մէջ լուծել, արագ հակազդեցութիւն կատարել: «Սակայն անհրաժեշտ է, որ իշխանութեան երեք պետերը անկեղծ կերպով դիմեն ժողովուրդին եւ յստակ խոստումներով ու գործնական քայլերով յառաջ գան», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ 2 սեպտեմբեր 2019-ին, նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած տնտեսական-ելեւմտական խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին, որուն մէջ ան ըսած էր հետեւեալը.

«Արտօնեցէ՛ք ինծի, որ յոռետեսութեամբ մօտենամ այս հանդիպումին` նկատի ունենալով, որ ժողովուրդը այլեւս վստահութիւն չունի նման հանդիպումներու եւ ընդհանրապէս քաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ:

Եթէ իրականութիւնը պիտի խօսինք, պէտք է ըսենք, որ երկիրը կը գտնուի տնտեսական եւ ընկերային շատ լուրջ տագնապի դիմաց, եւ այսօր եկած էք մեզմէ պահանջելու անցեալին պատահած փտածութեան անհոգութեան եւ ոչ թափանցիկ գործունէութեան հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը կրել:

Մենք ո՛չ մաս կազմած ենք այս փտածութեան, ո՛չ ալ երկրի հարստութեանց կեղեքման:

Այսուհանդերձ հասած ենք տեղ մը, որ խիզախութեամբ եւ անկեղծութեամբ պէտք է հարցերը դրսեւորենք:

Մենք կ՛առաջարկենք հետեւեալը.

1) Ոչ մէկ յաւելեալ տուրք պարտադրել քաղաքացիներուն:
2) Որդեգրել մագլցողական տուրքերու դրութիւն:
3) Վերջ տալ մաքսային հարկերէ խուսափելու հոլովոյթին:
4) Խիստ միջոցառումներու դիմել ծովափի եւ գետափի հողատարածքները ձրիաբար գործածողներուն դէմ:
5) Վերջնական եւ թափանցիկ լուծում գտնել ելեկտրականութեան տագնապին:
6) Զարկ տալ արտադրողական ոլորտի մէջ ներդրումներու, յատկապէս` երկրագործութեան, ճարտարարուեստի եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ:
7) Լիբանանեան արտադրութիւններու հետ մրցող ներածումներու վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրել:
8) Բարձրացնել ծխախոտի գինը եւ զայն չպայմանաւորել մաքսանենգութեան դէմ պայքարելու անկարողութեամբ:

Վերջապէս, տնտեսական կայունութիւնը կապուած է քաղաքական կայունութեան հետ: Կոչ կ՛ուղղենք, որ սովորական եւ անմիջական քաղաքական շահեր ապահովելու մտահոգութեամբ եղած քաղաքական փոխադարձ հռետորաբանութիւնը դադրի, եւ ճշդենք, որ առաջնահերթութիւնը այս պահուն Լիբանանի եւ լիբանանցի քաղաքացիին օրապահիկի հարցն է»:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ ժողովրդային այս շարժումին համար պէտք է գլխարկ բարձրացնել` աւելցնելով սակայն, որ իր կոչը պիտի ըլլար, որ բողոքի այս ցոյցերը մնան քաղաքակրթական իրենց սահմաններուն մէջ եւ չհասնին քանդումին: «Կը հասկնանք ցասումը, բայց այդ ցասումին իբրեւ հետեւանք պէտք չէ վնասեն այն վաճառատուներուն, որոնց ցուցափեղկերը քանդելու պարագային վնաս հասցուցած կ՛ըլլան միայն իրենց եղբայր քաղաքացիներուն: Ցոյցը պէտք է մնայ խաղաղ վիճակի մէջ, եւ առաւելագոյն ճիգը թափուի, որ այսօր երկրին քաղաքական ղեկավարութիւնը կը տանի պէտք եղած աշխատանքը, որուն մէջ մենք եւս մեր համեստ, բայց անկեղծ ներդրումը կ՛ունենանք, որովհետեւ մենք կը փոխանցենք ժողովուրդին ցաւը», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ քանի մը օր է դժբախտաբար հայ համայնքի զաւակներէն քանի մը ընտանիք վիշտի եւ դժուարութեան մէջ են` ինքնաշարժի արկածներու հետեւանքով, ըլլան անոնք լիբանանահայ կամ սուրիահայ: «Փաստօրէն հսկայ աշխատանք կը տարուի, որ այդ պարագաներուն օգնութեան հասնինք: Անշուշտ ասիկա մեր իմացած պարագաներն են, որովհետեւ կան նաեւ պարագաներ, որոնք մեզի տեղեակ չեն պահած: Մենք մեր համեստ պայմաններով կը փորձենք օժանդակել, սակայն վերջին հաշուով ատիկա պետութեան գործն է: Եթէ պետութիւն է, եթէ կառավարութիւն է, իր պատասխանատուութիւնները թող ստանձնէ, այլապէս թող երթայ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ շատ դիւրին է ըսել, որ եթէ լիբանանեան պետութիւնը կարողութիւն չունի երկրին խնդիրներն ու տագնապները լուծելու, թող երթայ: «Թո՛ղ երթայ»-ն հաճելի կրնայ թուիլ, սակայն գալիքը պէտք չէ ըլլայ այն, որ մենք երանի տանք նախկինին: Դժբախտաբար օրըստօրէ երկրին կացութիւնը կ՛ընթանայ դէպի վատագոյնը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անունով կը զօրակցիմ ցասումի ու բողոքի այս արտայայտութիւններուն, եւ կոչ կ՛ուղղեմ մեր ժողովուրդին, լիբանանցի ժողովուրդին, որպէսզի մնան օրէնքի սահմաններուն մէջ, արգիլեն որեւէ տեսակի խափանարարական ներգործութիւն, որ կրնայ պատճառ դառնալ ժողովրդային այս պոռթկումը իր հունէն դուրս բերելու եւ զայն վերածելու համայնքային մէկ այլ տագնապի, կամ զայն վերածելու քաղաքական կամ տնտեսական անլուծելի տագնապի: Բնականաբար օտար ուժեր կամ օտար պետութիւններ պիտի շահագործեն այս վիճակը, աւազակ դրամատէրեր պիտի շահագործեն այս վիճակը` սակերը բարձրացնելով: Սակայն ժողովուրդին կը մնայ արթնութեամբ, զգօնութեամբ այս հարցերը դիմագրաւել: Այսքան համբերած ենք, եթէ տակաւին նուազագոյն համբերութիւնը ունինք, պէտք է այնպիսի ձեւով մտածենք, որ գալիքը կրնայ աւելի լաւ ըլլալ, եթէ հաւաքական ճիգով դիմակայենք այս տագնապը», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ իրենք ժողովուրդին ապրած տագնապն է, որ կը փոխանցեն եւ ոչ թէ իրենց սեփական կարծիքը, որովհետեւ մենք ժողովուրդին մէջ կ՛ապրինք, ժողովուրդին հետ կ՛ապրինք, ժողովուրդին համար կ՛ապրինք: «Մենք այն տեսակը չենք, որ ամրան ամիս մը Մոնթէ Քարլօ կ՛երթանք պտոյտի կամ տարբեր երկիրներու մէջ ծովեզերեայ վիլլաներ ունինք, որ եթէ երկրին մէջ նուազագոյն հարցը պատահի, մեր ընտանիքները կը փոխադրենք ապահով վայր մը: Մենք ժողովուրդին հետ ենք: Ես գիտեմ, որ մեր երիտասարդութիւնը արդար կերպով ժողովրդային այս ցասումին հետ է, սակայն ինձմէ մի՛ ակնկալէք, որ ըսեմ` փողոց իջէք եւ ցոյցերուն մասնակցեցէ՛ք: Այս բոլորը բոլորիս ցասումն է, ո՛վ որ կը փափաքի իր ձայնը բարձրացնել` քաղաքակրթուած կերպով, օրէնքի սահմաններուն մէջ, մենք կը ձայնակցինք իրեն: Եթէ պէտք ըլլայ, անձամբ կը գլխաւորեմ այդ բողոքի ելոյթները, սակայն ի վերջոյ աչալուրջ պիտի ըլլանք, որ յանկարծ այս ամբողջ պատմութեան մէջ սեխը մեր գլխուն չպայթի: Անշուշտ այս բոլորը սարսափեցնելու համար չէ որ կ՛ըսեմ, այլ` քաղաքական որոշ հեռատեսութեամբ մը եւ անցեալէն եկած փորձառութեամբ մը կ՛ըսեմ, որ այս փոթորիկը պիտի անցնի, եւ մենք ճիգ կը թափենք, որ այս փոթորիկը մեր ժողովուրդէն անվնաս հեռանայ: Համբերութիւն կը մաղթենք, կոչ կ՛ուղղենք հեռու մնալու համայնքային շահագործումներէ: Ժողովուրդը մեզ կ՛առաջնորդէ: Մենք ժողովուրդին հետն ենք, այս երկրի միասնականութեան կը հաւատանք: Այս երկրի տնտեսական բարգաւաճումին պիտի հաւատանք, Լիբանանի անկախութիւնը պիտի պաշտպանենք, որովհետեւ Լիբանանը է եւ պիտի մնայ ազատութիւններու երկիր, արժէքներու երկիր, պիտի մնայ այն երկիրը, ուր մենք պիտի շարունակենք ապրիլ այնքան ատեն որ Հայաստան չենք վերադարձած», եզրափակեց ան: