Լիբանանի Հըզպալլա Կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլա երէկ խօսք առնելով ըսաւ, որ բոլոր լիբանանցիները յանձնառութեամբ պէտք է մօտենան երկրի ներկայ վտանգաւոր կացութեան յաղթահարման համար, աւելցնելով որ Հըզպալլա համաձայն չէ Լիբանանի ներկայ կառավարութեան հրաժարումին, եւ առժամեայ որեւէ կառվարութին չի կրնար երկու շաբաթէն աւելի երկար կեանք ունենալ:
«Ամէնէն դիւրին ընտրութիւնը պատասխանատուութենէ խուսափիլն ու կառավարութենէն հրաժարելով յանցանքը մնացողներուն բեռցնելն է», ըսաւ ան, դիտել տալով որ քաղաքական կարգ մը դէմքեր այս միջոցին կը դիմե, ինչ որ իրենց հայրենասիրութիւնը եւ հարցերը դիմագրաւելու եւ լուծելու յանձնառութիւնը հարցականի տակ կը դնէ:
Նասրալլա յայտնեց, որ Լիբանան ծանր շրջան մը կ՛ապրի ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ ժողովրդային դժգոհութեան առումով, իսկ այս վիճակը հետեւանք է տարիներու ընթացքին հարցերու կուտակման կամ լուծման սխալ եղանակին: Տնտեսական հարցերուն լուծումը չքաւոր կամ սակաւ եկամուտ ունեցող դասակարգերը յաւելեալ տուրքերով ծանրաբեռնելը չէ, այլ լուծման տարբերակներ որոնելն է, որովհետեւ տնտեսական այս տագնապը տարիներու ընթացքին կուտակուած հարցերու հետեւանք է, ոչ թէ լոկ ներկայ կառավարութեան թերութեան արդինք: Ուստի բոլորը պատասխանատու են այս հարցին անլոյծ մնալուն համար եւ բոլորին հաւաքական ջանքերով պէտք է լուծումներ որոնել, ծրագիր դնել՝ երկիրը մեծ աղէտներէ զերծ պահելու համար: