«Ազդակ».- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ նախարար Աւետիս Կիտանեանին, Շաբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, անոր Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց ընդառաջել ժողովուրդի արդար պահանջներուն եւ յառաջիկայ տարուան պետական ամավարկը մշակել այնպիսի ձեւով, որ ոչ մէկ տուրքի յաւելում կատարուի, փտածութեան արմատները քանդուին, մսխումի առաջքը առնուի, իւրացուած գումարները պետութեան վերադարձուին եւ ընկերային մարզին վերաբերող յստակ լուծումներ ապահովուին:

Կառավարութեան հրաժարականին մասին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը յայտնեց, որ ներկայ փուլին կառավարութեան հրաժարականը աւելիով կը բարդացնէ քաղաքական ճգնաժամը եւ երկիրը կը դնէ անորոշ, աննախատեսելի եւ անհակակշռելի վտանգներու դիմաց:

Ներկայ կացութենէն դուրս գալու համար թէ՛ ՀՅԴ պատուիրակութիւնը եւ թէ՛ վարչապետ Հարիրի անհրաժեշտ նկատեցին արտակարգ քայլերու դիմել: