«Արմէնփրէս».-Փարիզի մէջ յարձակում տեղի ունեցած է ֆրանսալեզու «Nouvelles d’Armռnie» ասմագիրին խմբագրութեան վրայ:
«ֆրանսայի Հայաստանի դեսպանատունը խստօրէն կը դատապարտէ «Nouvelles d’Armռnie» ասմագիրի խմբագրութեան վրայ յարձակումը: Սա լուրջ ոտնձգութիւն է խօսքի ազատութեան հանրապետական արժէքներու վրայ», «Արմենփրէս»ի հաղորդումով, Թուիթըրի վրայ գրած է Ֆրանսայի Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան:
Յարձակումը տեղի ունեցած է 20 Հոկտեմբերին: Նշուած է, որ անյայտ անձեր կոտրած են խմբագրութեան դուռը, գողցած են լուսանկարահանման գործիքները եւ երեք համակարգիչ, ուր պահուած էր գաղտնի տեղեկատուութիւն: