«Արմէնփրէս».- ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան յայտնած է, որ ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կ’ողջունէ Ուքրանիոյ խորհրդարանին Հայաստանի հետ բարեկամական խումբի ձեւաւորումը եւ յոյս կը յայտնէ, որ ՀՀ Ազգային ժողովի Հայաստան-Ուքրանիա 16 անդամ ունեցող բարեկամական խումբը եւ ուքրանացի գործընկերները ի գործ դնեն իրենց առաւելագոյն ջանքերը ոչ միայն միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները զարգացնելու, այլեւ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ աւանդական բարեկամական կապերը եւ գործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ: